Ի՞նչ է տարի ըսուած անիւին անընդմէջ թաւալումը, եթէ ոչ մարդկային կեանքի վերելք ու անկում միաժամանակ։
Տարին կը ծնի գարնանային գիշերահաւասարին, ճիշդ այն ատեն, երբ կը յայտնուին առաջին ծաղիկները եւ թռչունները երամ-երամ կը վերադառնան։
Տարին գարնան հետ կը սկսի աճիլ, զուգաւորուիլ, պարել, զենիթին հասնիլ ամառնային արեւադարձին, վարպետ ու իմաստուն դառնալ աշնան, իսկ յետոյ շրջուիլ դէպի ներս՝ պատրաստուելով ձմեռնամուտին։
Ամենաերկար ու ամենամութ գիշերին, տարին կը մարէ իր վերջին մոմն ու… կը մեռնի։
Այս օրինաչափութիւնը՝ բնութեան զարթնումի եւ մրափի պատմութիւնը, տարուան ծէսերուն հնագոյն շրջանակն է։ Մարդկային կեանքի տռամը կը ծաւալի եղանակներու տարեկան շրջանակին մէջ։ Ինչպէս որ համաստեղութիւնները կը թաւալին, այնպէս ալ տարուան ծէսերուն կրկնուող առասպելները կը պատմեն մարդկային կեանքի պատմութիւնը։ Ասիկա որոշ չափով տարիքի դաժան կատակը յաղթահարելու միջոց է. մարդ արարածին իմաստութիւնը կ’աճի, իսկ ուժը կը սկսի նուազիլ։
Ընդունելով ու տօնելով տարուան եղանակներուն անցումը, մենք ամէն աշնան կրնանք աւելի իմաստուն դառնալ, իսկ ամէն գարնան… երիտասարդանալ։ Մենք վերելք կ’ապրինք ու յետոյ, ճիշդ եղանակներուն պէս՝ անկում։ Կու գայ նաեւ այն օրը, երբ կ’իյնանք, այլեւս ոտքի չելլելու համար, բայց այդ անվերջ շրջանը կը շարունակեն մեր երեխաներն ու թոռները, յաջորդ սերունդը, եւ այդպէս, մեծ անիւը կը շարունակէ դառնալ։
Ահա այս ծիրէն ներս, գարնանային գիշերահաւասարը ծնունդի եւ նոր կեանքի շրջանն է։
Բայց ինչո՞ւ ուրեմն Նոր տարին կը նշենք արդէն իսկ ընթացք առած ձմռան։
Յունուարը սկիզբի յարմար ժամանակահատուած չէ։ Նախաձեռնողականութեան կամ նոր էջ բանալու շրջան չէ։ Հաճելի երեկոյթ մը կազմակերպելու շրջան իսկ չէ։ Մութ է, ցուրտ է, ձմեռնային քունի շրջան է, ուստի բան մը չընելու, ճիշդ ճամբու վրայ մնալու, գոյատեւելու, տաք ապուր ուտելու, գիրկընդխառնուելու եւ… քնանալու շրջան է։
Բայց մարդկութեան յարաբերաբար վերջերս պարտադրուած օրացոյցը կարծես որոշած է մնալ ու չփոխուիլ։
Ինչպէս գրեթէ բոլոր հին օրացոյցները, առաջին հռոմէական օրացոյցը սկսած է գարնանային գիշերահաւասարին (մօտաւորապէս 21 Մարտին): Այդ օրացոյցի առաջին չորս ամիսները անուանակոչուած են աստուածներու անուններով (Մարցիոս, Ապրիլիս, Մայոս, Յունիոս), իսկ յաջորդող վեցը՝ թուագրուած են (Քուինտիլիս, Սեքստիլիս, Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր): Այս տասնամսեայ օրացոյցը, որ հռոմէացիները կը վերագրէին իրենց առասպելական հիմնադիր Ռոմուլոսին՝ ունէր 304 օր:
Խոր ձմռան մէջ 61-օրեայ այդ ճեղքը չունէր անուն։ Օրերը նշուած չէին, եւ աշխարհը, փաստօրէն, մեռած էր։ Ըստ երեւոյթին, այդ շրջանը կը պատկանէր… մեռեալներուն։ Հռոմէացիները յայտնի էին իրենց նախնիներու պաշտամունքով, բան մը, որ անոնց համայնքային կեանքին կարեւոր մասն էր, բայց նաեւ նախազգուշական տարր մը ունէր։ Անոնք կ’ապրէին վրէժխնդիր ուրուականներու սարսափով, որոնք, ըստ իրենց, պատասխանատու էին համաճարակներու, մահուան, վնասուած բերքի եւ երաշտի համար։ Կարեւոր էր հանդարտեցնել այդ ոգիները, ուստի ձմռան 61 անանուն օրերը առաջարկուած էր ընդունիլ որպէս անոնց տիրապետութեան շրջան։ Օրացուցային այս ճեղքուածքին ընթացքին հռոմէացիները այծեր ու շուներ կը զոհաբերէին, աղով կը մաքրէին իրենց տուները եւ ձմեռնային մութ փողոցներուն անկիւնները խարոյկներ կը վառէին։ Յատկապէս ապաշխարողները, մաքրուելու յոյսով կրակներու մէջէն կը վազէին։
Հռոմէացի թագաւոր Նումա Պոմպիլիոս (Ք.Ա. 715-673) ակնյայտօրէն չէր վախնար այդ անօթի ուրուականներու զայրոյթէն, հետեւաբար կ’որոշէ վերջ տալ այդ մեռնող անհեթեթութեան եւ օրացոյցին կ’աւելցնէ երկու ամիս՝ Յունուար (Եանուս սկզբունքներու աստուծոյ անունով) եւ Փետրուար (որ կը նշանակէ՝ «զոհաբերութեամբ քաւութիւն») որոնք փոխարինեցին ձմեռնային անանուն օրերու սարսափելի ծէսերը։
Այդ օրացոյցը ունէր 355 օր, եւ Յունուարը եղաւ անոր սկիզբը։
Այս փոփոխութիւնը, սակայն, անտեսուեցաւ եւ յաջորդ վեց հարիւր տարիներու ընթացքին, մարդիկ, ինչպէս առաջ, Նոր տարին շարունակեցին նշել գարնանային գիշերահաւասարին։
Հռոմը այդ վեց դարերու ընթացքին ընդարձակեցաւ՝ ընդգրկելով Իտալական թերակղզին, Միջերկրական ծովուն աւազանը եւ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ մասը: Հանրապետութեան կառավարումը եւ հարկերու հաւաքագրումը օրացոյցի մը կարիքը ունէր, որ տարուան ընթացքին ունենար կրկնուող թիւեր։
Նումա Պոմպիլիոսին լուսնային օրացոյցը իր 355 սակաւաթիւ օրերով, չէր պատշաճեր մեր իրական՝ 365-օրեայ արեգակնային տարուան, ինչ որ կը յանգեցնէր գիւղատնտեսական տարաբնոյթ բարդութիւններու:
Ցանքը, սովորաբար, տեղի կ’ունենար գարնանային գիշերահաւասարի շրջանին, բայց օրացոյցը շեղած էր մինչեւ Մայիսի կէս, որ ոչ մէկ կապ ունէր գիւղատնտեսական տարուան հետ: Օրացոյցը անյուսալի խառնաշփոթ մըն էր:
Յուլիոս Կեսար որոշեց շտկել ասիկա։ Ան հրաւիրեց ալեքսանդրիացի աստղագէտ Սոսիկենեսը, որպէսզի վերջինս աւելի խելամիտ դասաւորէ օրացոյցը։ Սոսիկենես խորհուրդ տուաւ վերջնականօրէն հրաժարիլ լուսնային համակարգէն եւ առաջին անգամ ըլլալով տարին հիմնել միայն արեւի վրայ։ Այս գաղափարը դժգոհութեամբ ընդունեցին հռոմէացի քահանաները, որոնք իրենց ծէսերուն համար կ’ապաւինէին լուսնային օրացոյցին։
Սակայն Կեսարը ըսաւ, որ այդպէս պէտք է ըլլայ եւ այդպէս ալ եղաւ։
Այդ պահուն օրացոյցը բացարձակապէս չէր համապատասխաներ արեւադարձերուն եւ գիշերահաւասարներուն, եւ որպէսզի Սոսիկենեսի օրացոյցը համապատասխանէր գիւղատնտեսական տարուան, անհրաժեշտ էր լուրջ կարգաւորում։ Երկար տարին կը տեւէր 455 օր։ Յաջորդ տարին՝ Ք.Ա. 45 թուականը, սկսաւ Յունուար 1-ին։
Կեսարին երկար ժամանակ չէր տրուած վայելելու իր նոր օրացոյցին մեկնարկը, քանի որ շատ չանցած դանակահարուեցաւ ու մահացաւ։ Սակայն կայսրութիւնը որդեգերց Յուլիոսեան օրացոյցը, որ հարուստ էր իր 365 օր եւ 6 ժամով։
Ցաւօք, իրականութեան մէջ, կեսարին համար Երկրին արեգակնային տարին 365 օր, 5 ժամ եւ 49 վայրկեան էր։ Այս տասնմէկ վայրկեանները դարերու ընթացքին գումարուեցան եւ արեւը դանդաղօրէն կրկին հեռացաւ օրացոյցէն։
Հակառակ Յուլիոսեան օրացոյցի լայն տարածումին, Յունուար 1-ի անհեթեթ Նոր տարին շարունակեցին անտեսել։ Բոլորը Նոր տարին կը նշէին ինչպէս ընդունուած էր՝ գարնանային գիշերահաւասարին, երբ օրերը կը սկսէին երկարիլ, հողէն դուրս կը ցցուէին առաջին ծիլերը եւ կենդանիները եռանդուն կը զուգաւորուէին։
Ասիկա շարունակուեցաւ Եւրոպայի քրիստոնէացման ընթացքին, եւ քանի որ եկեղեցական նշանակալի օրերը ընտրուեցան ըստ հեթանոսական տօներու, այդ փաստը քօղարկելու համար, որպէս եկեղեցական օրացոյցի մեկնարկ որոշեցին Մարտի կէսերը՝ գարնանային գիշերահաւասարի օրերը, առանց քաշուելու բերրիութեան եւ սերմերու ցանքի տօնը վերածելով «Աւետումի տօնի», այդպէս նշելով Մարիամի մաքրութիւնը։
Զայրացած կառավարիչները յամառեցան պաշտպանել Յունուար 1-ի Նոր տարին, եւ ամբողջ միջնադարու ընթացքին բանավէճը շարունակուեցաւ, մինչեւ որ Հռոմի պապ Գրիգոր ԺԳ. չեղեալ յայտարարեց օրացոյցի հետ կապուած բոլոր տեսակէտները, եւ 1582-ին, Յուլիոսեան օրացոյցին առանձնայատկութիւնները շտկելով, յօրինեց նահանջ տարին՝ հռչակելով վերջնական արեգակնային տարի, որ մինչ օրս ունինք՝ Գրիգորեան օրացոյցը։
Իտալիա, Ֆրանսա, Փորթուկալ եւ Սպանիա անմիջապէս ընդունեցին Հռոմի պապին օրացոյցը: Բողոքական եւ ուղղափառ ազգերը դանդաղեցան: Մեծ Բրիտանիան եւ ամերիկեան գաղութները դեռ երկու հարիւր տարի եւս՝ մինչեւ 1752, Նոր տարին շարունակեցին նշել 25 Մարտին, մինչեւ որ, ի վերջոյ, ընդունեցին Գրիգորեան օրացոյցը:
Եւրոպական գաղութացումը եւ համաշխարհային առեւտրային ցանցերուն ընդլայնումը յանգեցուցին աշխարհի տարբեր երկիրներու կողմէ Գրիգորեան օրացոյցի ընդունման: Շատեր պահպանեցին իրենց հին օրացուցային համակարգերը. օրինակ՝ Չինաստանը, Գրիգորեան օրացոյցը սկսաւ օգտագործել 1912-ին, բայց տօներն ու Նոր տարին կը նշէ իր լուսնային օրացոյցով: Հարաւարեւելեան Ասիոյ որոշ երկիրներու համար պուտտայական դարաշրջանը 2568 թուականն է, մինչ իսլամական աշխարհին համար լուսնային հըժրի օրացոյցով 1444 թուականն է:
Սակայն նոյնիսկ այն վայրերուն մէջ, ուր դեռեւս կը պահպանուի հին օրացուցային համակարգերու շարունակականութիւնը, ընդունուած է Գրիգորեան համակարգը, որ այսօր կը սահմանէ համաշխարհային առեւտուրի, ելեւմուտքի եւ թեքնոլոժիի ժամացոյցը:
Ամփոփելով, Յունուար 1-ի Նոր տարին, ի վերջոյ, պարտադրուեցաւ պապական հրովարտակի եւ համաշխարհային գործընկերներու ճնշումին տակ։
Տարբեր օրացուցային պատմութիւն մը ունի Պարսկաստանը: Զարմանալիօրէն ճշգրիտ (աւելի ճշգրիտ, քան Գրիգորեանը) Ճալալեան օրացոյցը հաշուարկուած է բազմահմուտ բանաստեղծ Օմար Խայեամի կողմէ, որ 1079-ին ընդունած է Սելճուք կայսրութեան սուլթանը:
Անոնց տարին խելամտօրէն սկիզբ կ’առնէ գարնանային գիշերահաւասարի օրերուն։ Նովրուզը, որ կը նշանակէ «նոր օր», կը շարունակեն նշել պարերով, նուէրներով, բանաստեղծութիւններու ընթերցումով եւ ընտանիքի անդամներու այցելութիւններով։ Երեխաները գունագեղ հաւկիթներ կը զարդարեն եւ ուրախութեամբ կը ցատկեն պզտիկ խարոյկներու վրայէն: Սեղանները կը բեռնաւորուին աւանդական ուտեստներով, որոնք կը խորհրդանշեն վերածնունդ, արեւածագ, բերրիութիւն: Այսինքն իրական նոր տարի:
Մինչդեռ մեր Յունուար 1-ի ցուրտ Նոր տարիին կը յաջորդէ աւելի ցուրտ Փետրուարը, կարծես կլանելով դրական փոփոխութեան յոյսերը։ Էհ, միշտ ալ յաջորդ տարի մը կայ…։ Եւ այսպէս ալ կը կրկնուի։
Միակ պզտլիկ մխիթարութիւնը Եանուսն(*) է՝ դարպասներու, անցումներու եւ սկիզբներու հռոմէական աստուածը։ Անոր երկկողմ կերպարը յաճախ կը դրուէր դուռերու վրայ՝ մէկ դէմքը դէպի ներս, միւսը՝ դէպի դուրս, մէկ աչքը դէպի անցեալ, միւսը՝ դէպի ապագայ։
Այս բոլորով հանդերձ, սիրելի ընթերցող, տարին թող բարի ըլլայ աշխարհին համար, բոլորիս համար։
(*) Եանուս՝ սկիզբի, աւարտի, դուռերու, անցումներու եւ ժամանակի հռոմէացի աստուած, որ կը պատկերուի հակառակ ուղղութիւններով նայող երկու դէմքով (անցեալ եւ ապագայ): Եանուս կը կառավարէր անցումի բոլոր տարբերակները՝ դարպասները, ճամբաները, կեանքի տարբեր փուլերը, նոր տարիները, խաղաղութեան ու պատերազմի անցումը իր դարպասներէն, որոնք պատերազմի ատեն կը բանար եւ կը գոցէր, երբ խաղաղութիւն հաստատուէր…

