Հայ հեղինակներու, խմբագիրներու եւ հրատարակիչներու անսպառ նուիրումն ու հետեւողական ջանքերը տպաւորիչ կերպով կը շարունակեն շունչ ու կենդանութիւն հաղորդել մեր մշակութային կեանքին։ Անցնող երկու ամիսներուն մեզի հասած գիրքերն ու պարբերաթերթերը սիրով կը ներկայացնենք ստորեւ՝ իբրեւ մեր խորին շնորհակալութեան եւ բարձր գնահատանքի պաշտօնական արձանագրութիւն բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք իրենց մտաւոր եւ ստեղծագործական վաստակով կը ծառայեն հայ գիրքին ու միտքին։
1) «Ս. Սապահ-Գիւլեան (Ստեփանոս Տէր Դանիէլեան)», Ա. հատոր, ՀՐԱՍԻՐՏՆԵՐԸ Մատենաշար – թիւ 5, հեղինակ՝ Եղիկ Ճէրէճեան, Պէյրութ – 2025, 432 էջ: Բանաստեղծութիւններ Անի Փէհլիվանեան-Սարգիսեանի էջադրութեամբ:
2) «ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ – ՆԱՄԱԿԱՆԻ», Ա. եւ Բ. հատորներ, առաքուած եւ ստացուած նամակներ (երկու հատորով): Խմբագիր՝ Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան), Անթիլիաս – 2025, ընդհանուր՝ 1189 էջ:
3) «Հ.Բ.Ը. ՍԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ 1991-2021 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ (ԱԿՆԱՐԿ)», հեղինակ՝ Յովիկ էօրտեքեան: Երեւան, հեղինակային հրատարակութիւն – 2025, 360 էջ:
4) «ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ», հրատարակութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նոր շրջան ԺԴ. Տարի 2024-2025, Անթիլիաս – Լիբանան – 2025, 647 էջ:
5) «ԽՕՍՆԱԿ», պաշտօնաթերթ Հ.Բ.Ը.Միութեան Հ.Ե.Ընկերակցութեան Լիբանանի Շրջանակի, 68-րդ տարի, թիւ 9-10 Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 2025: Պատկերազարդ, 64 էջ: Խմբագիր՝ Համբիկ Մարտիրոսեան: Խմբագրական կազմ՝ Անժէլ Միսիսեան, Տոքթ. Յովիկ Առաքելեան, Աւետիս Տիպան եւ Թագուհի Լեփեճեան:
6) «Զգոյշ», առողջապահական-նախազգուղական պարբերաթերթ հրատարակչութիւն՝ ԱՖՀԻԼ-ի, ԺԱ տարի, թիւ 4, Դեկտեմբեր 2025, 64 էջ:

