Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 8, 2026
in Յօդուածներ
0
Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

«Եւ Բանն մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ» – «Եւ Բանը մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ»:

(Յովհ. Ա, 14)

 

Աստուած կը մարդանայ, իր աչքերը լոյսին կը բանայ գոմի մը անհիւրըն­կալ կիսամութին մէջ, կը փաթթուի խանձարուրով ու կը դրուի յարդէ խշտիքի՝ մսուրի մը տրտում խոնար­հութեան մէջ։ Աստուած կը դառնայ պարզ ու սովորական անձ մը՝ քեզի եւ ինծի պէս։ Անըմբռնելի եւ շատերու համար նոյնիսկ անընդունելի յայտա­րարութիւն մը։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ… Տիեզերքի եւ միլիառաւոր համաստեղութիւն­ներու, տեւողութեան ու տարածութեան, կեանքի եւ սիրոյ Արարիչը մեր մոլորակին վրայ կը դառնայ պարզ մարդ, կ’ըլլայ զաւակը խոնարհ ընտանիքի մը, ու կը մտնէ մեր ժամանակի եւ պատմութեան մէջ։ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուած կատարեալ եւ միաժա­մանակ մարդ կատարեալ։

Ուղղակի ապշած ենք Մարդեղութեան անիմանալի խորհուրդին առջեւ, իսկ ուրիշներ իրենց գլուխը կը շարժեն՝ գուցէ իրաւացի թերահաւատութեամբ։ Արդեօ՞ք մենք՝ մարդիկս, արարիչ Աստուծոյ տնօրինումներուն ընդամէնը մէկ մասը կը կազմենք։ Ի՞նչ ծրա­գրեր ունինք մենք, եւ ի՞նչ ծրագրեր ունի Աստուած մեզի համար։

Երեմիա մարգարէ աւելի քան 2500 տարի առաջ կը պատգամէ այն, որ լսած է Աստուծմէ.

«Քանզի ձեզի համար միայն ես գիտեմ իմ ծրագրերը, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը փրկութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ եւ յոյս մը տալու» (Եր. ԻԹ, 11)։

Աստուած յոյս կը շնորհէ մեզի, փրկութեան երաշխիք՝ զայն աւետելու նաեւ մեր հարազատ շրջապատին եւ ուրիշներուն։ Յոյս, որ կ’առաջնորդէ մեզ մեր անորոշութեան, փորձութիւններուն եւ անկումներուն ընդմէջէն։ Ան կ’ամրապնդէ մեր վստահութիւնը, կը զօրացնէ հաւատքը եւ մեր աչքերը կը բանայ ապագայի լոյսին դիմաց։

Սուրբծննդեան տօնը յոյսի, սիրոյ, խաղաղութեան եւ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անընդմիջելի մերձակայութեան երաշխիքն է։ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով երաշխաւորուած այս պարգեւը մի՛շտ կը շնորհուի մեզի, նաեւ այս նոր տարիին, եւ հետագայ բոլոր ժամանակներուն։

Ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն սրտանց կը մաղթեմ լոյսով եւ տիրախնամ օրհնութեամբ օծուն Ս. Ծնունդ, նաեւ շնորհաբեր Նոր տարի մը, որ ձեզ առաջնորդէ խաղաղութեամբ, երջանկութեամբ եւ առլցուն ստեղծագործ ձեռքբերումներով։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ – Օրհնեալ է Յատնութիւնն Քրիստոսի։

Մնամ ձերդ սիրալիր եւ ջերմ ողջունիւ՝

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

 

Նկարը. Ուոլթերս պատկերասրահ, Աւետարան, թ. 539, 208բ, ծաղկող՝ Թորոս Թոսլին, վայր՝ Հռոմկլա՞, 1262 թ.։

Share63Tweet40
Previous Post

Խաւարէն Դէպի Լոյս

Next Post

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Ապագայ Սերունդի Կրթութեան Սկզբնաղբիւրը՝ Նոր Հաճընի Մսուր Մանկապարտէզը

Next Post
Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Ապագայ Սերունդի Կրթութեան Սկզբնաղբիւրը՝ Նոր Հաճընի Մսուր Մանկապարտէզը

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Ապագայ Սերունդի Կրթութեան Սկզբնաղբիւրը՝ Նոր Հաճընի Մսուր Մանկապարտէզը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.