Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հալէպի Կիլիկեանցիներուն Նոր Կորուստը` Օրդ. Մատլէն Մելքիսէթեան

January 8, 2026
in Գաղութային
0
Հալէպի Կիլիկեանցիներուն Նոր Կորուստը` Օրդ. Մատլէն Մելքիսէթեան

Նոր տարին բախտաբեր չեղաւ։ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը, որ դեռ քանի մը շաբաթ առաջ դառնօրէն ծանուցեր էր իր երբեմնի վաստակաշատ տնօրէնուհիին` տիկ. Ազնիւ Քիրիշեանի մահը (Գանատա), այսօր, Տարեմուտի տօնական այս օրերուն, կսկիծով կը տեղեկացնէ մահը իր երկարամեայ ու նուիրեալ մանկապարտիզպանուհիին` օրդ. Մատլէն Մելքիսէթեանին։

Գիտէինք որ քայքայուած էր իր առողջութիւնը։ Տարիներէ իվեր կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ մը, որ անշուշտ շարունակ կը կրծէր զինք։ Ճիշդ է որ դարմանումի կ`ենթարկուէր հետեւողականօրէն ու մեծ ճիգով մը կ`աշխատէր վերականգնել իր քամուած ուժերը, նոյնիսկ` հիւանդութեան յաղթած ըլլալու տպաւորութիւնը թողուլ շուրջիններուն վրայ, բայց… ախտը կպած էր իր օձիքին ամրօրէն, հանգիստ չէր տար իրեն։ Ի վերջոյ, 5 Յունուարին, կը պատահէր անխուսափելին։ Օրդ. Մատլէն, Հալէպի իր տան մենութեան մէջ, կը փչէր իր հուսկ շունչը…։

Մատլէն Մելքիսէթեան վաստակաւոր մանկավարժուհի մըն էր, որ երկա՜ր տարիներ ծառայած էր Կիլիկեան մանկապարտէզին, իրերայաջորդ բազմաթիւ սերունդներու վրայ դնելով իր դրոշմը։ Նկարագրով` հեզ, համեստ ու ինքնամփոփ, յաջողած էր վե՛ր բռնել Կիլիկեան մանկապարտէզի հնամենի դրօշը, հաւանաբար իր ենթագիտակցութեան մէջ ունենալով դիմաստուերները զինք նախորդող մանկապարտիզպանուհիներուն` տիկ. Մարի Արսլանեանին, Անայիս Տէր Ղազարեանին, Եսթեր Թաշճեանին, Ծովինար Ճղըլեանին եւ այլոց, որոնք եկա՜ն ու անցա՜ն` մանուկներ կոփող այդ եզակի պարտէզին տալով շա՛տ բան իրենց սրտէն ու հոգիէն։

Ողբացեալ օրդ. Մատլէն ծնած էր Հալէպ, 1953-ին։ Հարազատ կիլիկեանցի մըն էր, շրջանաւարտ` դպրոցին նախակրթարանէն (1967) ու ճեմարանի բաժնէն (1973)։ Այդ շրջանին, վարժարանի վարիչները, խելացի ու հեռատես կարգադրութեամբ մը, յաջողած էին զինք համոզել` որ Երեւան մեկնի ու այնտեղ կատարելագործէ իր ուսումը։ Ծրագիրը պսակուած էր յաջողութեամբ։ Օրդ. Մելքիսէթեան մուտք գործած էր «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական հիմնարկը ու փայլուն նիշերով աւարտած նախադպրոցական երեխաներու հոգեբանական դաստիարակութեան բաժանմունքը։

Հալէպ վերադառնալէ ետք իրե՛ն վստահուեր էր Կիլիկեանի վարիչ-մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը, որուն տիրութիւն ըրած էր ձեռնհասութեամբ եւ կատարեալ նուիրումով։ Այս պատասխանատու պաշտօնին ծառայած էր լման 25 տարի, սկսելով 1986-էն։ Առողջական պատճառներով` հարկադրաբար պիտի դադրէր աշխատանքէ 2012-ին, թէեւ շարունակելով միշտ իր սրտին ու հայեացքին մօտիկ պահել դպրոցը, մաս կազմելով անոր հոգաբարձական մարմինին։

Օրդ. Մ. Մելքիսէթեանին մահով է՛ջ մը եւս կը փակուի Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի հարիւրամեայ պատմութեան մէջ։ Ամբողջ սերունդ մը կը մեկնի կարծէք, ու մենք հետզհետէ աւելի՛ առանձին, աւելի՛ աննեցուկ կը զգանք մենք զմեզ մե՛ր իսկ հարազատ շրջապատին մէջ…։

Հանգի՜ստ` ննջեցեալին վաստակաբեկ ոսկորներուն։

Share76Tweet47
Previous Post

Ձայներ Աթէնքէն (Արձագանգ Յունահայ Կեանքի)

Next Post

Խաւարէն Դէպի Լոյս

Next Post
Խաւարէն Դէպի Լոյս

Խաւարէն Դէպի Լոյս

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.