Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Աթէնքէն (Արձագանգ Յունահայ Կեանքի)

 Լ. Շ.

January 8, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Աթէնքէն (Արձագանգ Յունահայ Կեանքի)

ԱԹԷՆՔԻ «Մելինա Մերքուրի» մշակութային կեդրոնին մէջ, Դեկտեմբեր 4-13, յունահայ ծանօթ արուեստագէտ Սարօ Տէմիրճեան (ծնունդով՝ Լիբանանէն) հանրութեան ներկայացեր է լուսանկարչական եզակի ցուցահանդէսով մը, որ կը կրէ եղեր «Եպիսկոպոս» ընդհանուր խորագիրը։ Ցուցահանդէսը ընդգրկեր է հայկական եւ բիւզանդական ոճ ներկայացնող երեսունի չափ եկեղեցիներու կամ վանքերու որակեալ պատկերներ, որոնք քաղուեր են Հայաստանէն, Յունաստանէն եւ Լիբանանէն։ Լուսարձակ բացուեր է այդ տաճարներուն ներքին եւ արտաքին մասերու զարդանմուշներուն եւ ցցուն յատկանիշերուն վրայ։ Ձեռնարկը վայելած է յունական հովանաւորութիւն, բայց նաեւ՝ Յունաստանի Հայոց թեմի զօրակցութիւնը։

Աթէնքի «Ազատ Օր» օրաթերթը այս առթիւ կը գրէ որ արուեստագէտը իր լուսանկարներուն համար ընտրած էր ճափոնական բարձր արուեստի թուղթի տեսակ մը, որ հանդիսատեսին մօտ կը ստեղծէր նրբաճաշակ գեղանկարչութեան մը տպաւորութիւնը։ Ցուցասրահին մէջ տեւաբար մեղմօրէն հնչած է հայ եւ բիւզանդական հոգեւոր երաժշտութիւն, որուն գործիքային ձեւաւորումը եւս կատարած է արուեստագէտը։ Այսպիսով, ցուցահանդէսը վերածուած է տեսաձայնային ձեռնարկի մը։ Բացման օրը, ձեռնարկը ողջունած է Հայաստանի դեսպանը՝ Տիգրան Մկրտչեան, որ անդրադարձեր է Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ մշակութային գործակցութեան։

ԳՈՔԻՆԻՈՅ (Աթէնք) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը աւանդական շուքով նշուած է 7 Դեկտեմբերին։ Նախորդ օրերուն, կամաւոր տիկիններ պատրաստած են մատաղը։ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան մատուցած է Ս. Պատարագը եւ քարոզած։

Նկատի ունենալով որ օրը կը զուգադիպէր 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի թուականին՝ մասնաւոր հոգեհանգիստ կատարուեր է աղէտի զոհերու հոգիներուն համար։ Կատարուեր է մատաղօրհնութիւն, երգուեր են «Կիլիկիա»-ն եւ Հայաստանի փառերգը։ Պատարագին ներկայ եղեր են, ի միջի այլոց, Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան եւ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Վիգէն Չոլաքեան։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ մէջ, վերջերս, հրատարակուած է Ասատուր Մակարեանի «Յուշագիրք Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ հայ գաղութներու» հայերէն վաղեմի հատորին յունարէն թարգմանութիւնը, հմուտ թարգմանիչ Սերգօ Աղապատեանի աշխատանքով։

500 էջանի գիրքը, որ Յունաստանի հիւսիսարեւելեան շրջանի հայութեան մասին կը պատմէ լայնօրէն, հայերէնով տպուած էր շուրջ հարիւր տարի առաջ, 1929-ին։ Այժմ անիկա մատչելի կը դառնայ յունախօս բազմութիւններուն։ Հատորին մէջ անհամար տեղեկութիւններ կան շրջանի հայ համայնքներուն, կազմակերպութիւններուն եւ երեւելի դէմքերուն մասին, լուսանկարներու ճոխ շարքով մը։

ՔՍԱՆԹԻԻ (Թրակիոյ հիւսիսը, Պուլկարիոյ սահմանին մօտիկ) Հայ Գթութեան Խաչի «Արաքս» մասնաճիւղը, 7 Դեկտեմբերին, «Մորալեան» սրահին մէջ բացումը կատարած է իր տարեկան աւանդական տօնավաճառին («պազար»)։

Զարդարուն սեղաններու վրայ ներկայացուած են ճաշեր, անուշեղէններ, ըմպելիներ, կաղանդի նուէրներ։ Սրահ այցելած են ոչ միայն տեղաբնակ հայեր, այլեւ յոյներ, որոնց գնումները կարճ ժամերու ընթացքին սպառած են վաճառքի հանուած ապրանքատեսակները։

ԱԹԷՆՔԻ «Արմենիքա» յունալեզու հայկական պարբերականին հրատարակութեամբ, վերջերս (2025), լոյս ընծայուած է պատմական նիւթերու հետազօտիչ Լեւոն Տիլսիզեանի «Ալեքսանտրուպոլիս-Տէտէաղաճի հայկական գաղութին հետքերով» յունարէն հատորը։ Ծովեզերեայ այս քաղաքը կը գտնուի Յունաստանի հիւսիս-արեւելքը, Թրակիոյ շրջան, Թուրքիոյ սահմանէն ոչ-հեռու։ Գիրքը, արխիւային հարուստ տուեալներու մէջբերումով կը պատմէ հին այդ գաղութին մասին՝ օսմանեան տիրապետութեան օրերէն (1875) մինչեւ այսօր, այսինքն՝ 150 տարուան պատմութիւն մը։ Այս պատմութիւնը կը սկսի տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինութեամբ, ներշնչուած՝ Մշոյ նշանաւոր Ս. Կարապետ վանքէն, քանի որ դէպի Տէտէաղաճ առաջին գաղթականները եղած են մշեցիներ։ Անոնք հոն հիմնած են նաեւ Տարօնեան վարժարանը, որ յետոյ փակուած է։

Հեղինակը մէկ կողմէ պատմած է գաղութին արձանագրած վերելքը, միւս կողմէ նշած է որ շրջանը Բ. Աշխարհամարտի օրերուն ինկած է պուլկարական գրաւման տակ ու ցնցուած։ Յետպատերազմեան շրջանին ներգաղթ կատարուած է դէպի Խորհրդային Հայաստան, ապրուած են ելեւէջներ։ 1990-ական թուականներէն ետք ալ մեծաթիւ հայաստանցիներ եկած հաստատուած են հոս՝ փոխելով գաղութին երբեմնի դիմագիծը։ Պատկերազարդ ու շքեղ այս հատորին ներկայացումը տեղի ունեցած է 13 Դեկտեմբերին, նոյնինքն Ալեքսանտրուպոլսոյ մարզպետարանի սրահին մէջ, հայ եւ յոյն բազմութեան մը ներկայութեան։ Գիրքը ներկայացուցած են Մարիա Սփիլիոթոփուլու (Յունաստանի ակադեմիայէն) եւ Եաքովոս Աքցիօղլու (դասախօս Թրակիոյ համալսարանը)։ Խօսք առած է հեղինակն ալ։ Յունահայոց առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան իր գնահատանքը արտայայտած է գործին հանդէպ։ Գործադրուած է գեղարուեստական բաժին մըն ալ՝ շրջանի «Մեղեդի» երգչախումբին ելոյթով։

ԱԹԷՆՔԻ «Ազատ Օր» օրաթերթը ծանուցեր է, որ յարգելով աւանդութիւնը՝ լոյս ընծայեր է 2026-ի իր պատի օրացոյցը, զայն դնելով յունահայ ընտանիքներու տրամադրութեան տակ։ Օրացոյցը, ինչպէս միշտ, գունազարդ էջերով է եւ այս տարի կը ներկայացնէ պատմական եւ մշակութային արժէք ունեցող կոթողներ, նաեւ՝ տեսարաններ։

Հոն նշուած են հայկական եւ յունական ազգային-եկեղեցական կարեւոր տօները։ Գինը 20 եւրօ է։ «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթն ալ իր կարգին կը ծանուցէ, թէ լոյս տեսած է Արարատ Մշակութային եւ Մարզական Միութեան 2026-ի օրացոյցը, որ նուիրուած է… Հայաստանի թռչուններուն, «որոնք իրենց յատուկ տեղը կը գրաւեն նաեւ հայկական ժողովրդական երաժշտութեան մէջ»։

ԱԹԷՆՔԻ Արարատ Մշակութային եւ Մարզական Միութեան տիկնանց մարմինը Ս. Ծննդեան առթիւ «պազար» մը սարքած է իր ակումբի երդիքին տակ, 21 Դեկտեմբերին։ Բարիգալստեան խօսք արտասանած է տիկնանց մարմինի ատենապետուհին՝ տիկ. Սոնիա Քաջիկեան։ Սեղանները օրհնած եւ ապա բարեմաղթանքներ յղած է Վիրապ աբղ. Սարգսեան (Էջմիածնայ միաբաններէն)։ Վաճառքի հանուած են անուշեղէններ, խմորեղէններ, խորտիկներ, հայկական գինի, տօնական ճաշատեսակներ ու զարդեղէններ։ «Պազար»-ը յաջողապէս փակուած է նոյն օրը երեկոյեան։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 21 Դեկտեմբերին, յընթացս Ս. Պատարագի, յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան կիսասարկաւագ ձեռնադրած է երեք դպիրներ՝ Թագւոր Աւետիսեանը, Պատրիկ Մարուքեանն ու Պետրոս Հալաճեանը։

Միաժամանակ, սրբազան հայրը սարկաւագ ձեռնադրած է Կարապետ Նատեանը։ Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը սարքած է հիւրասիրութիւն մը։ Այս ձեռնադրութիւնները կատարուած են Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով, որ տօնն է եկեղեցւոյ բոլոր սարկաւագներուն։ Նախորդ օրը, առիթէն օգտուելով, սրբազան հայրը ներկայ գտնուած է քաղաքին հայկական միակ դպրոցին՝ Մալաքեան-Գասպարեան շաբաթօրեայ վարժարանի ամանորեայ հանդէսին։

Share69Tweet43
Previous Post

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

Next Post

Հալէպի Կիլիկեանցիներուն Նոր Կորուստը` Օրդ. Մատլէն Մելքիսէթեան

Next Post
Հալէպի Կիլիկեանցիներուն Նոր Կորուստը` Օրդ. Մատլէն Մելքիսէթեան

Հալէպի Կիլիկեանցիներուն Նոր Կորուստը` Օրդ. Մատլէն Մելքիսէթեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.