Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 23 Դեկտեմբեր 2025

December 23, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 23 Դեկտեմբեր 2025

ՍԱԼԱՄ. «ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ԶԷՆՔԻ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՒԼԻՆ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիթանիէն հարաւ շրջանին մէջ տարածուած զէնքերը հաւաքելու եւ պետութեան գերիշխանութիւնը ամրապնդելու բանակին գործողութիւնը քանի մը օրէն կը հասնի իր աւարտին: Զինադադաըը վերահսկող եւ բանակցութիւններու հնարաւորութիւն ընծայող միջազգային հնգակողմ խումբին (Մեքանիզմ) մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ դեսպան Սիմոն Քարամ Քորայթէմի իր բնակարանին մէջ ընդունած ատեն Սալամ յայտնեց, որ զէնքերը հաւաքելու առաջին փուլի ամբողջացումէն ետք պետութիւնը պատրաստ է անցնելու երկրորդ փուլին, որ կը ներառէ բանակի տիրապետութենէն դուրս գտնուող զէնքերու որոնում Լիթանիէն հիւսիս՝ մինչեւ Աուալի գետ ինկած տարածաշրջանին մէջ, առ ի գործադրութիւն բանակին մշակած ծրագրին:

Սալամ շեշտեց բանակին ամբողջական զօրակցութեան տրամադրումը, որպէսզի կարենայ իրականացնել իր ազգային պարտականութիւնը: Քարամ, իր կարգին, վաչապետին ներկայացուց Մեքանիզմի նորագոյն ժողովին ընթացքին կատարուած քննարկումները եւ արդիւնքները:

 

ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ԶՈՀ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ երեք մարդ մահացած է հարաւային զանազան շրջաններու մէջ ինքնաշարժներու թիրախաւորումին պատճառով: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ հարաւի մէջ շարունակուող աշխատանքներուն ընթացքին Եարունի մէջ յայտանաբերուած է իսրայէլեան լրտեսութեան սարք մը՝ օժտուած տեսախցիկով եւ արհեստավարժ ձեւով պահուած ժայռերուն մէջ: Բանակը քաղաքացիներուն վերստին կոչ ուղղեց  չմօտենալու կասկածելի իրերուն, այլ անոնց առկայութեան մասին տեղեկացնելու ապահովական ուժերուն:

Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը շատ կառուցողական եւ աշխոյժ որակեց սէուտական եւ ամերիկեան մասնակցութեամբ բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալի հետ տեղի ունեցած ժողովը, որուն ընթացքին արծարծուեցան լիբանանեան բանակին աջակցելու հնարաւորութիւնները: Նախարարութեան բանբերը կարեւորեց բանակին հնարաւորութիւնները բազմացնելու համար միջազգային համաժողով մը կազմակերպելու կարեւորութիւնը, որպէսզի բանակը կարենայ իրականացնել զէնքի մենաշնորհի ծրագիրը եւ իր տիրապետութիւնը հաստատէ Լիբանանի ամբողջ տարածքին:

 

ԻՏԱԼԻԱ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Կիտօ Ռոսեթթօ երէկ ժամանեց Պէյրութ՝ ապահովական հարցեր եւ երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրը քննարկելու լիբանանցի պաշտօնատարներուն հետ: Ան այցելեց Եարզէ, ուր իր լիբանանցի պաշտօնակից Միշէլ Մընասսայի հետ քննարկեց երկկողմանի զինուորական կապերը: Խօսելով հարաւի վիճակին մասին, Ռոսեթթօ Հռոմի մնայուն աջակցութիւնը յայտնեց լիբանանեան բանակին՝ ուղղակի միջոցներով եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼին միջոցաւ: «Այս աջակցութիւնը հիմնական քայլ մըն է ոչ միայն նպաստելու հարաւի մէջ լիբանանեան օրինական ուժերու գործունէութեան, այլ ամրապնդելու ընդհանրապէս տարածաշրջանային անվտանութիւնն ու կայունութիւնը», բացատրեց իտալացի նախարարը: Ռոսեթթօ տեսակցեցաւ նաեւ նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ: Վերջինս ողջունեց Իտալիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու հնարաւոր մասնակցութիւնը միջազգային ուժին, որ գուցէ կազմուի ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք:

 

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՆԱԽԱԳԻԾ 

Երէկ Պաապտա այցելեց նաեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ գործող լիբանանցի գործարարները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Աուն անոնց հետ զրուցած ատեն վստահեցուց, որ Լիբանանի վերականգնումը սկսած է, թէեւ տակաւին կը շարունակուի հարաւային վէրքին արիւնահոսութիւնը:

Լիբանանի կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց, որ դրամատնային ու ելեւմտական ոլորտները կարգաւորելու նպատակով կառավարութեան մշակած նախագիծը Ամանորեայ լաւագոյն նուէրն է լիբանանցիներուն եւ արդարութիւն կը հաստատէ: Նախագիծը պիտի քննարկուի կառավարութեան յատուկ նիստի մը ընթացքին՝ վաւերացումի նպատակով: Ըստ այդ նախագիծին, հարիւր հազար տոլար ունեցող աւանդատէրերը պիտի կարենան իրենց աւանդներուն վերատիրանալ չորս տարուան ընթացքին: Իսկ Դրամատուներու միութիւնը արմատական վերապահութիւն յայտնեց կառավարութեան ելեւմտական նախագիծին, դիտել տալով, որ այն կը վտանգէ դրամատուներուն եւ աւանդատէրերուն իրաւունքները:

 

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՈՒԱԾՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

 Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը ծանր հարուած տուած են Սուրիոյ Թըտմոր քաղաքին մօտ երեք ամերիկացիներ սպաննած զինեալներուն: Խօսելով Թըտմորի արեւմտեան շրջանին մէջ թիրախներ ռմբակոծած գործողութեան մասին, նախագահը յաջող որակեց յարձակումը՝ աւելցնելով, որ իրենք լուծած են մահացած ամերիկացիներուն վրէժը: «Մենք ուժային միջոցներով կը վերահաստատենք խաղաղութիւն: Մենք ներկայ ենք աշխարհի տարածքին եւ 10 ամիսներու ընթացքին վերջ տուինք ութ հակամարտութիւններու, ինչպէս նաեւ կործանեցինք Իրանի հիւլէական ծրագիրը», ըսաւ Թրամփ: Ամերիկացի պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ հարուածները պատերազմի սկիզբ չեն, այլ վրէժ, խոստանալով այսուհետեւ եւս անխնայ հետապնդել յանցագործները:

Սուրիոյ քաղաքացիական անվտանգութիւնը յայտարարեց, որ իր անդամներէն երկուքը վիրաւորուած են քրտամէտ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր (Քասատ) կազմակերպութեան անդամներուն կրակոցներով: Միջադէպը տեղի ունեցած է Հալէպի Աշրաֆիէ թաղամասին մէջ: Իսկ Սուրիոյ Ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց Ալպուքամալի մէջ հակաօդային պաշտպանութեան զէնքեր առգրաւելու մասին:

 

ՎԵՐԱԶԻՆՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Ամերիկացի ծանօթ ծերակուտական Լինտսէյ Կրահամ Իսրայէլ կատարած այցելութեան ընթացքին ահազանգեց, թէ Հըզպալլա եւ Համաս կը շարունակեն իրենց զինուորական կարողութիւնները վերականգնելու աշխատանքը, մինչ պաղեստինեան շարժումը կ’ընդարձակէ կարողութիւնները Այսրյորդանանի մէջ: «Կը նկատենք, որ Հըզպալլա կը փորձէ արտադրել յաւելեալ զէնք եւ այս անընդունելի է», դժգոհեցաւ Կրահամ, մինչ Պենիամին Նեթանիաhու իր ամերիկացի հիւրը համարեց «Իսրայէլի մեծ բարեկամ մը»:

Նոյն ծիրին մէջ, իսրայէլացի պատասխանատուներ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն տեղեկացուցին, որ Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ նիւթերը առկախուած են մինչեւ Պենիամին Նեթանիահուիի հետ Տոնըլտ Թրամփի ժողովը: Նախապէս, Իսրայէլի վարչապետի բանբեր Շոշ Պետրոսեան յայտնած էր, որ Նեթանիահու-Թրամփ տեսակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ 29 Դեկտեմբերին՝ Ֆլորիտայի ծովեզերեայ Մարալակօ համալիրին մէջ:

Share64Tweet40
Previous Post

Արեւելահայ Եւ Արեւմտահայ Հատորները Շաղկապուեցան Պէյրութի Մէջ

Next Post

Միջկուսակցական Ժողով

Next Post
Միջկուսակցական Ժողով

Միջկուսակցական Ժողով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.