Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Արեւելահայ Եւ Արեւմտահայ Հատորները Շաղկապուեցան Պէյրութի Մէջ

December 20, 2025
in Մշակութային
0
Արեւելահայ Եւ Արեւմտահայ Հատորները Շաղկապուեցան Պէյրութի Մէջ

Ապահովական պատճառներով տարի մը առաջ յետաձգուած՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան Հայ գիրքի համահայկական փառատօնը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, 8-13 Դեկտեմբեր 2025-ին։

Փառատօնին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 8 Դեկտեմբերին՝ Պուրճ Համուտի «Ազդակ-Փիւնիկ» սրահին մէջ։ Սոյն փառատօնը համախմբեց հրատարակչական տուներ եւ անհատ հրատարակիչներ Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն։ Ներկայացուած էին բազմալեզու եւ բազմաբովանդակ հրատարակութիւններ, որոնք վաճառքի տրամադրուած էին ամէն տարիքի ընթերցողներուն։

Բացման հանդիսութեան մասնակցեցան լիբանանահայ համայնքի ղեկավար դասը, ինչպէս նաեւ մշակութային, քաղաքական եւ հոգեւոր ներկայացուցիչներ Մայր հայրենիքէն ու Սփիւռքէն։ Ելոյթ ունեցան Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան եւ կազմակերպիչ Յակոբ Հաւաթեան։ Երեկոն հարստացաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի քառեակի եւ կոմիտասեան մեղեդիներու կատարումով։

Չորեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ նաեւ կլոր սեղան-քննարկում մը՝ հրատարակիչներու, մտաւորականութեան եւ զանգուածային լրատուութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Ցուցահանդէսի բացման օրը, «անհատ» հրատարակիչներէն նկատեցինք օրինակ Մկրտիչ Պուլտուքեանի «Հայ Սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի տարածքին Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ» հատորը, Կռանեան վարդապետի «Բառգիրք հայերէն լեզուի» բառարանը (Շիրակ հրատարակչատուն 1998), եւ այլն: «Դրօշակ»-էն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթերը, «Մարզիկ»-ի բոլոր «Մարզիկ»ները, «Հայկազեան»-ի վերջին տասնամեակին հրատարակուած «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ները, ինչպէս նաեւ Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կողմէ աշխատասիրուած եւ խմբագրուած հատորներ: Ի բացակայութեան քոյր թերթերու տարեկան հատորներուն, «համահայկական» այս տօնին, «Ազդակ»-ը սեփական յարկի տակ ներկայ էր իր «Բացառիկ»-ներով: ՀՅԴ բիւրոյի եւ Համազգային մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան եռամսեայ «Բագին»-ը հոն էր իր հանդէսներով եւ հրատարակութիւններով: «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գրատուն»ը ներկայացուցած էր իր հրատարակչատան հրատարակութիւնները: Գրասէրներուն անակնկալ նուէր մըն էր անոր վերջին հրատարակութիւնը՝ Գէորգ Եազըճեանի աշխատասիրած եւ խմբագրած «Նամականի – Պէպօ Սիմոնեան» Ա. եւ Բ. հատորները, որոնք շատ հաւանաբար ցուցահանդէսին ներկայացուած գիրքերուն մէջ նորագոյն տպագրութիւններն էին:

«Սարգիս Խաչենց Փրինթինֆօ»-ն ալ  ցուցադրութեան արժանացուցած էր «Նամականի – Պէպօ Սիմոնեան» զոյգ հատորները: Հայրենի «Էտիթ Փրինթ»-ը կը ցուցադրէր դպրոցական տարիքի մանկապատանեկան գրականութիւն: Բնականաբար ընդարձակ պիտի ըլլար տանտիրոջ՝ «Համազգային»-ի առաջարկած ցուցադրութիւնը: Հոն էր «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հաւաքածուն՝ մանկապատանեկան, գրական, պատմական, մշակութային, դաստիարակչական, յեղափոխական եւ այլն:

Շատ թիւով գիրքեր ցուցադրելու առիւծի բաժինը իր վրայ ընդունած էր Հա­յրենի «Պուքի­նիսթ» հրա­տարա­կիչը, որ արեւելահայերէնով կը ներկայացնէր իր վերջին հունձքէն բաժին մը: Արեւելահայ ներկայութիւն էր նաեւ «Զանգակ»-ի հաւաքածուն: «Նոր Յառաջ»-ը ներկայացուցած էր իր բերքէն պատմական հատորներ եւ «Զար­դիս» մա­տենա­շարէն լոյս տե­սած 9 հա­տոր­նե­րը: «Երեւանի Համազգային»-ն ալ զանազան հատորներով իր մասնակցութիւնը բերած էր հոս: Գովելի ներկայութիւն էին նաեւ «Արաս»-ը, «Մաշտոց»-ը, «Արմաւ»-ը եւ «Մագաղաթ»-ը:

Կլոր սեղան-քննարկումը ներկայացուած էր «Հրատարակչական առաքելութիւնը այսօր հայաշխարհին մէջ» խորագիրով: Հետաքրքրական քննարկումներուն հիմնական ուղղուածութիւնը սակայն կեդրոնացած էր Հայաստանէն ժամանած հրատարակիչ երեք հիւրերուն վրայ: Սփիւռքի հրատարակչութեան առկայ խնդիրները, մարտահրաւէրներն ու զարգացման հեռանկարները, մնացին ետին ծրագիր։

Ուրախալի երեւոյթ էր փառատօնի օրերուն Պէյրութի հայկական վարժարաններու աշակերտներուն այցելութիւնը ցուցահանդէսին։ Սակայն արդեօ՞ք ծնողաց եւ ուսուցիչներուն (դպրոցներու պատասխանատուներուն) պարտականութիւնը ամբողջացուած եղաւ ցուցահանդէսի մասնակցութեամբ եւ քանի մը հատորներ տուն տանելով: Ցուցահանդէսին նպատակը պիտի արդիւնաւորուի աշակերտին նախասիրած գիրքը կարդալով միայն:

Այդուհանդերձ, յուսադրիչ երեւոյթ մը պարզած, խանդավառիչ էր այցելուներու անհատական գնումներու աշխուժութիւնը, որ վկայեց Սփիւռքի մէջ հայ գիրքին հանդէպ շարունակուող հետաքրքրութեան մասին։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կազմակերպուած այս փառատօնը վերահաստատեց, որ գիրքը թուայնացման դարաշրջանին մէջ անգամ կը մնայ մշակութային ու կրթական հիմնարար արժէք, որուն պահպանութիւնն ու փոխանցումը համայնքային պարտականութիւն է, որուն համար ալ ի խորոց սրտի կը շնորհաւորենք Համազգայինը:

(Ա.)

Share69Tweet43
Previous Post

Հայաստանի Կառավարութեան Արդարացուած Դիմումը Եւրոպական Միութեան

Next Post

Լուրեր. 23 Դեկտեմբեր 2025

Next Post
Լուրեր. 23 Դեկտեմբեր 2025

Լուրեր. 23 Դեկտեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.