«ԱՐԱՐԱՏ», 24-30 Նոյեմբեր 1970
Թերթին էջերուն լայնքին-երկայնքին տօնական մթնոլորտի մը շունչը կայ։ Խորհրդային Հայաստանի 50-ամեակն է, եւ հայրենի երկրին անկիւնադարձային այս տարեդարձը բացառիկ առիթ մըն է «Արարատ»-ի համար՝ հայեացքները անգամ մը եւս սեւեռելու Հայաստանի նուաճումներուն ու ձեռքբերումներուն վրայ, որոնց ջատագովն եղած է ան, ի սկզբանէ։
28 Նոյեմբերի իր թիւը «Արարատ» ամբողջովին նուիրեր է այս տարեդարձին։ Այս բացառիկ թիւը 16 էջ է եւ հիւրընկալեր է 25-ի չափ յօդուածագիրներ, որոնք զանազան դիտանկիւններէ արժեւորեր են Խորհրդային Հայաստանի կիսադարեան պատմութիւնը։ Խմբագրականը կը կրէ «Հայուն արեւագալը» վերնագիրը։ Յօդուածներ ունին Յարութիւն Կուժունի, Հ. Աւետիք վրդ. Թալաթինեան, Յարութիւն Մատէեան, Հրանդ Գանգրունի, Յովսէփ Ս. Պ. Ճիռեան, տոքթ. Արշակ Գազանճեան, Սարգիս Նաճարեան, Ժիրայր Թիւթիւնճեան, Ս. Պալաթոն, Գէորգ Երեւանեան, Աշոտ Պատմագրեան, Կիւրեղ Մանկրեան, Սամօ Սարգիսեան, Պէպօ Սիմոնեան, վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան, Վահրամ Փափազեան (Ամերիկա), Սեդրակ Շահէն, Սիրվարդ, Արսէն Կիտուր, փրոՖ. Հայկ Արամեան (Վիեննա), Տիրան Ակինեան (Դամասկոս), Յարութիւն Զատկի (Ամման)…։ Սիւնակիս սահմանափակ ծիրը չ՛արտօներ ինծի մի առ մի անդրադառնալ գրութիւններու պարունակութեան, սակայն այսօր, 55 տարի անց, անկարելի է մատնանիշ չընել երեւոյթ մը, որ հետեւեալն է. վերեւ յիշատակուած անուններէն առաջին 15-ը լիբանանաբնակ են։ Սա կը նշանակէ, թէ անցեալին «Արարատ» իր անմիջական շրջապատին մէջ ունէր գրիչ շարժող համակիրներու կատարեալ փաղանգ մը…։ Թերթին բո՛ւն հարստութիւնն էր այդ։ Բայց քանի սահեցան տարիները ու թաւալեցան տասնամեակները՝ տխո՜ւր տերեւաթափը մերկացուց ԾԱՌԸ…։ Շրջապատը ամայացաւ. անապատացաւ։ Մեկնող իւրաքանչիւր գրիչ իր ետին թողուց թափուր գրասեղան մը, թերթին մէջ՝ պարապ մնացած սիւնակ մը։ Հետզհետէ տկարացանք, կծկուեցանք, վատոյժ դարձանք, մինչեւ որ հասանք հո՛ն՝ ուր կանգնած ենք այսօր…։ Միով բանիւ՝ սփիւռքահայ մամուլը սերնդափոխութիւն չունեցաւ (պատճառները քննարկելի են…)։
Անշուշտ, Հայաստանի 50-ամեակին առնչակից կան այլազան լուրեր ալ։ Զորօրինակ, պատմուած է, թէ այս առթիւ Երեւան ժամանած է Խորհրդային Միութեան ղեկավարը՝ Պրեժնեւ։ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած են «Հայաստանի օրեր»։ Իսկ Հայաստանի տօնախմբութեանց մասնակցելու նպատակով, Նոյեմբերի վերջին շաբաթը Պէյրութի օդակայանէն դէպի Երեւան թռիչք առած են հնչակեան գործիչներ Յարութիւն Կուժունի, Ժիրայր Նայիրի, Բենիամին Ժամկոչեան, տոքթ. Արշակ Գազանճեան, Տիգրան ՍարաՖեան, տէր եւ տիկ. Ռուբէն Տիրարեան (Հալէպ), Նուպար Պալայեան (Գահիրէ) եւ դամասկոսաբնակ ընկերներ Տիրան Ակինեան, Վարդեվառ Կարդացողեան ու Յովհաննէս Ճիվանեան՝ իրենց կողակիցներով։
Թերթին մնայուն աշխատակից Սարգիս Նաճարեան հարցազրոյց մը կատարած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի հետ՝ հանրութիւնը յուզող հարցի մը մասին, որ է՝ Թիրօ-Սանճագ թաղամասի թիթեղածածկ հիւղաւաններուն վերացումը եւ հոն ապրող բազմահարիւր հայ ընտանիքներու վերաբնակեցումը ժողովրդային նորակառոյց բնակարաններու մէջ (կ՛ըսուի, թէ վերաբնակները ութ ամիսէ ո՛չ ջուր եւ ո՛չ ալ ելեկտրականութիւն ունին…)։ Թերթը խմբագրական մըն ալ նուիրած է այս ցաւոտ հարցին։
Տեղական գաղութային լուրերէն մին է այն համերգը, որ տրուեր է Ամերիկեան համալսարանի «Էսէմպլի հոլ»-ին մէջ, վաղամեռիկ երգիչ Գէորգ Կակոսեանի մահուան Ա. տարելիցին առթիւ (Նոյեմբեր 24)։ Երգած է ողբացեալին բարեկամը՝ Թաքաօ Օքամիւրա, որ այս առթիւ Պէյրութ եկեր ու մենահամերգ մը սարքեր է՝ յուզելով ներկաները։
Հայրենի ԱՐԱՐԱՏ ֆութպոլի խումբը Պէյրութ գալով՝ շարք մը մրցախաղեր ունեցեր է հայկական կամ տեղական ոչ-հայ խումբերու հետ։ ԱՐԱՐԱՏի մարզիկներն ու վարիչները ընդունուեր են նաեւ Լիբանանի նախագահ Ֆրանժիէի կողմէ։
Երկու անջատ յօդուածներ նուիրուեր են հայ երկու արուեստագէտներու։ Ասոնցմէ առաջինը Խորէն Աբրահամեանն է, Սունդուկեան թատրոնի փայլող աստղը, տաղանդաւոր դերասան եւ «կինոարտիստ», բեմի եւ պաստառի բազմաթիւ ներկայացումներու անմոռանալի կերպարը (1930-2004)։ Միւսը Պէյրութէն հայրենադարձ (ծնունդով՝ թրքահայ) դասական երգիչ Լեւոն Կէօվօղլանեանն է, որ Մոսկուայի պետական Ֆիլհարմոնիայի մենակատար դարձեր է։
Սամօ (Սարգիսեան) գրախօսեր է «Շիրակ» երգարանի թիւ 15-ը՝ գնահատելով զայն պատրաստող Հաննէսեան եղբայրներու նուիրումն ու հետեւողական ճիգը վասն հայ երգարուեստի։
Բժշկագիտական յօդուածներ ստորագրած են տոքթ. Զաքար Մկրեան («Գլխապտոյտ») եւ տոքթ. Արթօ Աբգարեան («Քոլերա»)։
«Արարատ»-ի խմբագրատուն այցելեր է (24 Նոյեմբեր) հայաստանաբնակ հայրենադարձ լրագրող եւ «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի սփիւռքի բաժնի վարիչ Շաքէ Վարսեան։
Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը փափկավարական այցելութիւն տուեր է հանրապետութեան նախագահ Սլէյման Ֆրանժիէի (Նոյեմբեր 22)։ Պատուիրակութեան մաս կազմեր են Յ. Կուժունի, Աւ. Տէմիրճեան, տոքթ. Արշակ Գազանճեան, Հրանդ Գանգրունի, Պէպօ Սիմոնեան, Տիգրան ՍարաՖեան եւ Գաբրիէլ Մոլոյեան։ Անոնք շնորհաւորած են նախագահը՝ Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով։
Ազգային ծանուցումները առատ են այս շաբաթ։ Եւ ատոնց կարեւոր մէկ մասն ալ կ՛առնչուի Խորհրդային Հայաստանի 50-ամեակի նշումներուն։ Այսպէս՝
— Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը ճաշկերոյթ-խրախճանքի մը հրաւիրեր է իր համակիրները՝ Սայաթ-Նովա ճաշարանին մէջ նշելու Խորհրդային Հայաստանի յիսնամեակը, Նոյեմբեր 29-ին։ Գիշերային այս ձեռնարկին պիտի մասնակցի եղեր Ռուբէն Մուշեղեանի ղեկավարած «Գուսան» նուագախումբը։ Պիտի երգէ Գէորգ Թերճանեան։
— Նոյն Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Հալէպի մասնաճիւղը, Դեկտեմբեր 5-ին, երգահանդէս մը պիտի ձօնէ եղեր Խորհրդային Հայաստանին, կատարողութեամբ Պէյրութէն հրաւիրեալ Արփինէ Փեհլիվանեանի եւ Ժագ Գոճեանի (դաշնակահար)։ Վայր՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հանդիսասրահ։
— Տխրունի Ուսանողական Միութիւնը ուսանողական հանդէսով մը պիտի տօնախմբէ եղեր Խորհրդային Հայաստանի յիսնամեակը, Նոյեմբեր 29-ին, Սահակեան լիսէի սրահը, նախագահութեամբ Արսէն Կիտուրի։
— Հ.Մ.Մ.-ի կանանց բաժինը թէյասեղան մը պիտի սարքէ եղեր իր ակումբին մէջ, Նոյեմբեր 28-ին, ուր խօսք պիտի առնէ տիկ. տոքթ. Ն. Յակոբեան։ Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն պիտի բերեն Մենտուհի Զուլամեան, Սահակ Խաչատուրեան եւ Վարդան Չարըգեան։ Նոյն օրը, Հ.Մ.Մ.-ի համալսարանականներու բաժինն ալ պարանցիկ երեկոյ մը կազմակերպեր է եղեր, ընկերային յայտագրով։
— Խորհրդային Մշակութային կեդրոնին մէջ եւս պիտի նշուի եղեր Խորհրդային Հայաստանի յիսնամեակը (1 Դեկտեմբեր)։ Խօսք պիտի առնեն Պէպօ Սիմոնեան եւ Պօղոս Թիւթիւնճեան։
— Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը «Հայրենի գիրքի ցուցահանդէս» մը պիտի բանայ եղեր իր ակումբին մէջ (Նահր պողոտայ), Նոյեմբեր 21-29։
Այլ բնոյթի ծանուցումներէն յիշենք՝
— Երգչուհի Ռոզի Արմէն «Էփի Քլապ»-ի մէջ պիտի ունենայ եղեր չորս ելոյթներ (25-28 Նոյեմբեր)՝ նախքան Պէյրութէն Թեհրան մեկնիլը։ Ասոնց զուգահեռ, երգչուհին պիտի երգէ եղեր նա՛եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի «Ժիրայր-Մուրատ» մասնաճիւղի ճաշկերոյթ-պարահանդէսին, Նոյեմբեր 26-ին։
— Կաթողիկէ Ակումբին մէջ բանախօսութիւն մը պիտի տայ եղեր Արհի. Մեսրոպ եպս. Թերզեան՝ «Ի խնդիր վերազարթնումի» խորագրով (Նոյեմբեր 26)։
— Ատիս Հարմանտեան հայկական երգերու երեկոյ մը պիտի սարքէ եղեր «Գերմանիկ» թատերասրահին մէջ, Ժագ Գոճեանի նուագախումբին ընկերակցութեամբ (Նոյեմբեր 29)։
— Էվէրէկ-Ֆէնէսէի հայրենակցական միութիւնը հոգեհանգստեան պաշտօնով մը պիտի ոգեկոչէ եղեր Մեծ Եղեռնի իր նահատակները, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին (Նոյեմբեր 29)։
— Եոզկաթի եւ Շրջակայից հայրենակցական միութիւնը երգահանդէս մը պիտի հրամցնէ եղեր՝ բեմ հանելով մեցցօ սոփրանօ Սօսի Մինասեանը (դաշնամուրի ընկերակցութիւն՝ Միշէլ ՉեսքինոՖ)։ Վայր եւ թուական՝ Սինէ-թէաթր Սթարքօ, 8 Դեկտեմբեր։
— Ամերիկայէն ժամանած գեղանկարչուհի Վավա Սարգիս Խաչատուրեան նկարչական ցուցահանդէս մը պիտի բանայ եղեր Կալըրի Մանուկի մէջ (կայարան Կրահամ), Դեկտեմբեր 5-ին։
— Հ.Ե.Ը.-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբը 17-րդ անգամ ըլլալով պիտի կրկնէ եղեր Ժորժ Ֆէյտոյի «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ» թատերախաղը, բեմադրութեամբ Գրիգոր Սաթամեանի (Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի «Կիւլպէնկեան» սրահ, Նոյեմբերի վերջին շաբաթ)։
— Լոյս տեսեր է երբեմնի ուսուցիչ Կարապետ Իւլիւպէեանի թարգմանած «Ֆաուսթ»-ը (Կէօթէ)։ Անոր վաճարումէն գոյացած հասոյթով կը նպատակադրուի եղեր լոյսին բերել հեղինակէն անտիպ երկու գործեր եւս։
— Լոյս տեսեր է նաեւ ամերիկահայ գրագէտ Վահէ-Հայկի «Հայրենի ծխան» պատմուածքներու շարքին Ե. հատորը, Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք հրատարակչատունէն։
Եւ երկու պսակադրութիւն. ամուսնացեր ու ընտանիք կազմեր են Արամ Սիւրմէնեան եւ օրդ. Սոնիկ Թէնէքէճեան, Յովսէփ Անտոնեան եւ օրդ. Աստղիկ Գնդունի։

