ՊԱՊԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ. «ԿԱՌՈՒՑԵԼ ԱՐԴԱՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂ ԼԻԲԱՆԱՆ ՄԸ»
Լիբանանցիները անցնող քանի մը օրերուն մէկդի դրին ապահովական, քաղաքական, կեցաղային ու ընկերատնտեսական բոլոր տեսակի մտահոգութիւններն ու վէճերը եւ արժանավայել փառաւոր ընդունելութեան արժանացուցին Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը, որ իր առաջին առաքելական այցելութեամբ ժամանած էր Թուրքիա, ապա Լիբանան:

30 Նոյեմբերի յետմիջօրէին Հռոմի պապը ժամանեց Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր զայն դիմաւորեցին հանրապետութեան պետերը եւ կրօնական պատուիրակութիւններ: Պապը անմիջապէս ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր առանձնազրոյց ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ եւ տեսակցութիւններ՝ խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ:

Կազմակերպուեցաւ նաեւ Լեւոն ԺԴ.-ի հանդիպումը քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն, դիւանագէտներուն եւ պաշտօնական մարմիններուն հետ: Իր այցելութիւններուն ընթացքին, հազարաւոր լիբանանցիներ հաւաքուեցան այն ճամբաներուն վրայ, ուրկէ պիտի անցնէր սրբազան քահանայապետը:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՂ ՅՈՐԴՈՐ
1 Դեկտեմբերին, Հռոմի Պապը աղօթք մատուցեց Աննայայի Մար Մարուն վանքին մէջ՝ Սուրբ Շարպէլի դամբարանին առջեւ:

Ան ապա Հարիսայի մէջ տեսակցեցաւ կղերականներու, եպիսկոպոսներու, քահանաներու հետ, իսկ Վատիկանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում կաթողիկէ պատրիարքներուն հետ: Պապը իր այցելութեան երկրորդ օրը շարունակեց Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն, ուր տեղի ունեցաւ Լիբանանի կրօնական ղեկավարներուն հետ հանդիպում մը: Նշելով, որ այս յատուկ վայրին մէջ մզկիթներուն մինարէներէն հնչած աղօթը կը միաւորուի եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջներուն հետ, Հռոմի պապը շեշտեց, որ «Միջին Արեւելքի մէջ երկխօսութիւնը կը կեդրոնանայ հոգեւոր կապերուն վրայ, որոնք կը միաւորեն քրիստոնեաները, մահմետականներն ու հրեաները»:

Երեկոյեան Պքըրքիի մէջ տեղի ունեցաւ պապին հանդիպումը հազարաւոր երիտասարդներու հետ: Լեւոն ԺԴ. լիբանանցի երիտասարդներուն կոչ ուղղեց չհեռանալու, որովհետեւ երկրին ապագան իրենց ձեռքերուն մէջ է: «Դուք ունիք պատմական հնարաւորութիւն՝ փոխելու երկրին ապագան եւ այդ կրնաք իրագործել սիրով, որ կը դարմանէ բոլոր վէրքերը», ըսաւ ան:

Այնտեղ, մարոնիներու Պըշարա Ռահի պատրիարքը ողջունեց պապին այցելութիւնը եւ շեշտեց, որ անոր պատգամը լիբանանցիներուն համար պիտի ըլլայ լոյս եւ ուղղութիւն: Պատարագին ընթացքին, հարաւային Եարուն գիւղէն պատուիրակութիւն մը պապին յանձնեց իսրայէլեան հարուածներէն կործանուած եկեղեցւոյ մէկ քարը:
ԿՈՉ ԵՒ ՀՐԱԺԵՇՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ
Իր այցելութեան երրորդ օրը պապը սկսաւ Ժալ էլ Տիպէն, ուր այցելեց Տէյր էլ-Սալիպ հիւանդանոցը, տեսակցեցաւ կառոյցը տնօրինող մայրապետներուն, բժշկական կազմին եւ հիւանդներուն հետ: Պապը ապա կանգ առաւ Պէյրութի նաւահանգիստին կից տեղադրուած յուշակոթողին մօտ, որ նուիրուած է 2020-ի մեծ պայթումի զոհերու յիշատակին:

Այնտեղ, Սրբազան Քահանայապետը ծնկաչոք աղօթք մատուցեց նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար, տեղադրեց ծաղկեպսակ մը եւ մոմ վառեց, ապա ողջունեց նահատակներու հարազատներուն պատուիրակութեան անդամները: Ան այնուհետեւ ուղղուեցաւ Պէյրութի ծովեզերեայ տարածք, ուր մատուցեց պատարագ, ներկայութեամբ աւելի քան 150 հազար հաւատացեալներու՝ գլխաւորութեամբ հանրապետութեան երեք պետերուն եւ բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններու: Իր քարոզին մէջ պապը լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց ապազինելու սրտերը, որպէսզի խաղաղութիւն եւ արդարութիւն պարգեւեն Լիբանանին:

Ան լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց վառ պահելու միացեալ Լիբանանի երազը, ուր խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը կը յաղթանակեն եւ բոլորը կ’ապրին որպէս քոյրեր ու եղբայրներ: «Շատ մարդոց դիմագրաւած ամէնօրեայ դժուարութիւններով հանդերձ, քրիստոնեաները պէտք է միշտ փառք տան Աստուծոյ ու երախտագէտ ըլլան», շեշտեց պապը: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի գեղեցկութեան կողքին կան բազում խնդիրներ, քաղաքական անկայունութիւն, տնտեսական ճգնաժամեր եւ հակամարտութիւններ, որոնք կ’ազդեն մարդոց վրայ, արթնցնելով հին վախեր: «Աստուած սակայն մեզ կը հրաւիրէ գտնելու լոյսը մեր սրտին մէջ՝ յանուն այս հողին», շեշտեց ան:

Պատարագէն ետք պապը ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուրկէ վերադարձաւ Հռոմ: Օդակայանին մէջ, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն վստահեցուց, որ լիբանանցիները լսած ու ըմբռնած են պապին պատգամը, խոստանալով աշխատանք տանիլ անոր խորհուրդները իրականացնելու համար: Պապը իր կարգին կոչ ուղղեց վերջ տալու յարձակումները եւ թշնամական արարքները, աւելցնելով. «Թող ոչ ոք խորհի, թէ զինեալ հակամարտութիւնը որեւէ օգուտ կը բերէ որեւէ կողմի»: Իսկ Հռոմ ժամանելէն ետք, պապը պատասխանեց Լիբանանին դէմ յարձակումները դադրեցնելու համար ամերիկացի նախագահին հետ խօսելու հնարաւորութեան վերաբերող հարցումներուն, հաւաստիացնելով որ հաղորդակցած է ու պիտի շարունակէ հաղորդակցիլ աշխարհի ղեկավարներուն հետ՝ կոչ ուղղելով խաղաղութեան: Պատասխանելով Հըզպալլայէն իրեն հասած պատգամին մասին հարցումի մը, Լեւոն ԺԴ. վստահեցուց, որ կարդացած է նամակը, աւելցնելով որ Եկեղեցին կ’առաջարկէ ձերբազատուիլ զէնքէն եւ դիմել երկխօսութեան:
ՑԱՒԷՆ ՅՈՅՍ
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը յայտնեց, որ Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան այցելութիւնը մարդոց ցաւը վերափոխած է յոյսի: Դիտել տալով, որ սիրոյ բացակայութեան պարագային այս այցելութիւնը չէր ըլլար, ան հաստատեց, որ Հռոմի պապը տպաւորուած է Լիբանանի եւ Թուրքիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն հաւատքով եւ աշխուժութեամբ:

«Աշխարհի այս անկիւնը կայ հաւատացեալ ժողովուրդ, որ լուռ կը տառապի, սակայն ունի ուժեղ դիմակայունութիւն», Վատիկանի լրատուականին ըսաւ կաթողիկոս-պատրիարքը, աւելցնելով որ նշեալ արժէքները պապը անձամբ զգաց լիբանանցի երիտասարդութեան հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին: «Լիբանանցիները ապրեցան պապին այցելութեան օրհնութիւնը», ըսաւ ան:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Լիբանան ժամանելէն առաջ, Լեւոն ԺԴ. պապը այցելած էր Թուրքիա, ուր ունեցած էր հանդիպումներ քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ կղերականներու հետ: Թուրքիոյ մէջ իր այցելութիւններու շարքին, պապը Կիրակի առաւօտեան այցելած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ուր մատուցած աղօթքը ընդունուեցաւ որպէս կոչ քրիստոնեաներու միասնութեան եւ զօրակցութիւն՝ Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան:

Պապին հայոց պատրիարքարան այցելութիւնը նաեւ լուռ զօրակցութիւն էր հայ ժողովուրդի հարիւրամեայ վէրքին եւ այդ վէրքը բուժելու ջանքերուն: Պոլսոյ Սահակ Մաշալեան պատրիարքը պապին այցելութիւնը կարեւոր համարեց քրիստոնեայ յարանուանութիւններու միասնականութեան, փոխադարձ հասկացողութեան եւ համագործակցութիւնը խթանելու առումով: «Թուրքիոյ մեծագոյն քրիստոնեայ յարանուանութեան՝ հայ առաքելականներուն համար պապին այցելութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է եւ մեծ սփոփանք», ըսաւ հայ պատրիարքը:
ՍԻՄՈՆ ՔԱՐԱՄ ՄԵՔԱՆԻԶՄԻՆ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
Հարաւի սահմանային Նաքուրա շրջանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ 2024-ի Նոյեմբերին կնքուած զինադադարին հետեւող միջազգային խմբակին (Մեքանիզմ) հերթական հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ Լիբանանի եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչներուն: Օր մը առաջ, հանրապետութեան նախագահութիւնը յայտարարած էր, թէ այսուհետեւ լիբանանեան կողմէն հանդիպումներուն պիտի մասնակցի նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը: Նախագահութեան բանբերը շեշտած էր, որ նշեալ հանդիպումներուն քաղաքացիական անձնաւորութեան մասնակցութիւնը Իսրայէլի հետ բնականոնացումի նշան մը չէ:
ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «2019-Ի ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՉԷ»
«Շատ կարեւոր է կարդալ եւ հասկանալ՝ ինչ է գրուած: Այն, ինչը ասացիք, ուղիղ հակառակն է գրուած: Երբեւէ որեւէ բանակցային փաթեթում գրուած չի եղել, որ Ձեր կողմից նշուած հանրաքուէն պէտք է տեղի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղում: Ընդհակառակը՝ գրուած է համաժողովրդական հանրաքուէ, որն արտայայտում է ԼՂ-ի ամբողջ բնակչութեան ազատ կամարտայայտումը»: Կառավարութեան հարցուպատասխանի ժամանակ այս մասին ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Նոյն փաթեթին մէջ, ըստ Փաշինեանի, հրապարակուած է նաեւ Սերժ Սարգսեանի՝ Վլատիմիր Փութինին ուղղուած նամակը, որուն մէջ կ’ակնարկուի ենթադրուող հանրաքուէն, որ, Ատրպէյճանի մեկնաբանութեան համաձայն, պէտք է տեղի ունենար Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին, եւ անոր պէտք է մասնակցէր ԼՂ-ի ամբողջ բնակչութիւնը:

«Հիմա ասում են՝ լաւ առաջարկ էր, ասում եմ՝ լաւ առաջարկ էր, ուրեմն ժամանակին գնայիք լուծումների, եթէ լաւ առաջարկ է եղել, ու չէք գնացել լուծումների, պէտք է պատասխան տաք ժողովրդին՝ ինչու չէք գնացել: Իսկ եթէ վատ առաջարկ է եղել, որեւէ յաջորդ առաջարկ նախորդից աւելի վատն է եղել: 2019 թուականի փաստաթուղթն ինքնուրոյն փաստաթուղթ չէ, ինձ չի ներկայացուել որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի նոր առաջարկ»,- ըսած է Փաշինեան:
«Ես երբեք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ չեմ եղել, այդ փաստաթուղթը սկսւում է, որ ներկայացուել է, «մենք՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներս»: Այդ 2019 թուի փաստաթուղթը ո՞նց է յայտնուել, այդ 2019 թուի փաստաթուղթը յայտնուել է հետեւեալ տրամաբանութեամբ, երբ ես 2018 թուականին վարչապետ եմ դարձել, ես խնդիր եմ դրել, համանախագահների առաջ ասել եմ, այստեղ թղթեր կան լիքը, ես հիմա չեմ հասկանում, այս թղթերից որն է այս պահի մեկնարկային կէտը, բանակցային գործընթացի նախորդող շրջանի ամփոփումը, սեղմագիրը: 2019 թուականի Յունիսի թուղթը դա է, համանախագահները դա տուել են որպէս նախորդող շրջանի բանակցային սեղմագիր, եւ այդ ծիրին մէջ է, որ ես հարց եմ տուել՝ հիմա այս փաթեթներով կարո՞ղ է Ղարաբաղը չլինել Ատրպէյճանի կազմում, որեւէ այս մեխանիզմով, եւ հնչել է շատ յստակ պատասխան՝ այո՛, եթէ Ատրպէյճանը համաձայնուի», նոյն հարցին անդրադառնալով ըսաւ Փաշինեան իր ելոյթի ընթացքին։

