Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայաստան Կը Թեւակոխէ Բարձր Արհեստագիտութեան Նոր Դարաշրջան

Գրիգոր Խոտանեան - «Մասիս»

November 29, 2025
in Յօդուածներ
0
Հայաստան Կը Թեւակոխէ Բարձր Արհեստագիտութեան Նոր Դարաշրջան

Ամպային մթերման ու արհեստական բանականութեան ոլորտի ամերիկեան Firebird ընկերութիւնը անցեալ շաբաթ յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ նախնական 500 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարէ՝ համագործակցութեամբ Dell եւ NVIDIA ընկերութիւններուն հետ։ Այս վերջինները բարձր արհեստագիտութեան հսկաներ են. առաջինը որպէս համակարգիչներ արտադրող, իսկ երկրորդը որպէս արհեստական բանականութեան առաջատար ընկերութիւն։ NVIDIA-ն այժմ կը դասուի աշխարհի ամէնէն մեծ ընկերութիւնը, որուն արժէքը կը հասնի 4,3 թրիլիոն տոլարի, գերազանցելով Apple եւ Microsoft ընկերութիւնները։

Firebird-ի Հայաստան մուտք գործելուն առթիւ Երեւանի մէջ Ամերիկեան դեսպանատունը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ շեշտելով, որ այս նշանակալի յառաջընթացը կը խթանէ Օգոստոս 8-ի ուաշինկթընեան գագաթաժողովին ստորագրուած արհեստական բանականութեան եւ կիսահաղորդիչներու ոլորտին մէջ գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագրի իրագործումը։ Այս նաեւ կարեւոր յառաջընթաց է հայ-ամերիկեան առեւտրային եւ ներդրումային յարաբերութիւններուն մէջ։

Դեսպանատան յայտարարութիւնը, ներդրումային այս ծրագիրը կապելով Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան յուշագիրի ստորագրման ու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հետ, կու գայ շեշտելու անոր քաղաքական բաղադրիչը։ Այդ կապուած է ոչ միայն նախագահ Թրամփի միջնորդութեամբ կայացած համաձայնութեան հետ, այլեւ նախագահ Պայտընի իշխանութեան վերջին օրերուն ստորագրուած հայ-ամերիկեան երկկողմ համագործակցութեան յուշագրին հետ, որ կ’ընդգրկէր տարբեր բնագաւառներ, որոնց շարքին էր արհեստագիտութիւնը, պաշտպանութեան, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու կողքին։ Շատեր ունէին այն մտահոգութիւնը, որ Սպիտակ տունէն ներս վարչակազմի փոփոխութեամբ այդ համաձայնագիրը կորսնցուցած է իր արժէքը։ Սակայն, անկէ ասդին ամերիկեան կողմը առաւ քանի մը քայլեր, որոնք կը բխէին այդ յուշագրի ոգիէն, որոնց շարքին պէտք է դասել այս վերջինը, որ գործադրութեան կը դրուի ամերիկեան կառավարութեան արտահանման թոյլտուութեան շնորհիւ։

Վերջերս, նաեւ յայտնի դարձաւ, որ Apple ընկերութիւնը պատուիրակութիւն պիտի գործուղէ Հայաստան՝ ուսումնասիրելու ընկերութեան հնարաւոր գործունէութեան ընդլայնման ուղղութիւնները։

Բարձր արհեստագիտութեան ոլորտը կը դասուի Հայաստան մէջ ամէնէն արագ զարգացող ճիւղը, ուր կ’աշխատին տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ՝ ստանալով բարձր վարձատրութիւն։ Աշխարհի տարբեր կողմերէն ընկերութիւններ կը գործակցին հայ մասնագէտներու հետ՝ ծրագրաւորման եւ թուայնացման աշխատանքներուն մէջ։ Այդպիսով, Հայաստանի մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունին անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները ու մարդկային կարողութիւնները՝ նման ծաւալի ներդրումային ծրագրեր գործադրութեան դնելու համար։ Այս պատճառաւ Հայաստանի մասին երբեմն կ’ըսուի, որ ան Հարաւային Կովկասի Սիլիքոնեան հովիտն է։

Firebird-ի ու Apple-ի նման ընկերութիւններ պիտի չուզէին ներդրումներ կատարել, առանց վստահ ըլլալու տուեալ երկրին շուրջ տիրող ապահովական իրավիճակէն։ Մէկ խօսքով, օտար ընկերութիւնները ներկայիս շահագրգռուած են Հայաստանով, գիտակցելով որ երկիրը դուրս եկած է պատերազմական վիճակէն եւ բռնած է խաղաղութեան ճանապարհը։ Անոնք նաեւ վստահ են, որ Ատրպէյճանի համար եւս փակուած է պատերազմի էջը։

Բարձր արհետագիտութեան հսկայ ընկերութիւններու ժամանումով Հայաստան կը թեւակոխէ նոր դարաշրջան մը, որ հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ տոլարային բարձր վարձատրութեամբ հազարաւոր նոր աշխատատեղերու ստեղծման ու երկրի տնտեսութեան առաւել զարգացման, որոնք իրենց կարգին խթան պիտի հանդիսանան երիտասարդ սերունդին՝ ապրելու իրենց հողին վրայ ու զարգացնելու իրենց հայրենիքը։

Share64Tweet40
Previous Post

«Զարմանալի Հայ». Ասմունքի Ու Հայրենի Երգ Ու Երաժշտութեան Յիշարժան Երեկոյ

Next Post

Լուրեր. 4 Դեկտեմբեր 2025

Next Post
Լուրեր. 4 Դեկտեմբեր 2025

Լուրեր. 4 Դեկտեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.