Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նուիրեալ Ընկեր Յակոբ Ապէճեանի Յիշատակին

Հրանդ Ադդարեան

November 1, 2025
in Յօդուածներ
0
Նուիրեալ Ընկեր Յակոբ Ապէճեանի Յիշատակին

Շուրջ քառասուն օր առաջ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հաւատաւոր ու նուիրեալ ընկեր Յակոբ Ապէճեանը, խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, գաղափարի ընկերները ու բոլոր զինք ճանչցողները:

Յակոբ Ապէճեան ծնած է 1947-ին, Հալէպի մօտակայ Աֆրին գիւղաքաղաքը: Զաւակն է տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Արշալոյս Ապէճեաններու: Նախնական ուսումը ստացած է Կիլիկեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1962-1963 ուսումնական տարեշրջանին:

Հակառակ իր բուռն ցանկութեան, հնարաւորութիւն չէ ունեցած ուսումը շարունակելու եւ ընդգրկուած է կեանքի ասպարէզ: Շուտով ձեռք ձգած է արհեստը եւ դառնալով վարպետ, հիմնած է իր սեփական աշխատանոցը: Իր հեզահամբոյր ու հանդարտաբարոյ բնաւորութեան, ինչպէս նաեւ՝ մարդկային փոխյարաբերութեան մէջ դրսեւորած անկեղծութեան ու պարկեշտութեան շնորհիւ կրցած է արժանանալ արհեստակիցներուն եւ բարեկամներուն յարգանքին եւ սիրոյն:

Ընկեր Յակոբ ընտանեկան բոյնը կազմած է Մելինէ Աբօշեանի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով, երկու աղջիկ՝ Արշալոյս եւ Արաքսի, եւ մանչ մը՝ Յարութիւն:

Ան կանուխէն անդամակցած է Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան: Երկար տարիներ եղած է Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձութեան անդամ, նիւթապէս ու բարոյապէս սատարելով դպրոցի յառաջխաղացումին ու վերելքին: Քանի մը շրջան ընտրուած է Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Վարիչ մարմինի անդամ: Ան իր քսակը լայն բացած է կազմակերպութեան հովանիի ներքեւ գործող միութիւններու անմիջական ու անհրաժեշտ կարիքներուն:

1979-ին երբ Կիլիկեան շրջանակը ունեցաւ իր սեփական կեդրոնատեղին Ազիզիէ թաղամասին մէջ, տէր եւ տիկին Յակոբ Ապէճեաններ յանձն առին Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան յատկացուած ժողովասենեակին ամբողջական կահաւորումն ու բարեզարդումը: Նոյն թուականներուն, ան մեծ ներդրում ունեցաւ ակումբի գնման դրամահաւաքի աշխատանքներուն մէջ:

Ժողովներու ընթացքին, ընկեր Յակոբ կը ցուցաբերէր լայնախոհութիւն եւ հաւասարակշռուած տեսակէտեր կը յայտնէր ամենաբարդ խնդիրներուն մասին իսկ: Իր ներկայութեան, ժողովները կ’ընթանային խաղաղ ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ:

Սուրիոյ մէջ ի գործ դրուած պատերազմին պատճառով ան հաստատուեցաւ Մայր Հայրենիք, ուր գտաւ իր վերջին հանգիստը:

Այս տխուր առիթով, Կիլիկեան շրջանակի համայն անդամներուն անունով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ՝ տիկին Մելինէին, զաւակներուն, եղբօր՝ ընկեր Գէորգին, եւ համայն մերձաւորներուն:

Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնային արքայութեան արժանացնէ:

Խունկ եւ ծուխ իր բարի յիշատակին:

Share66Tweet42
Previous Post

Մօրս Անվերադարձ Մեկնումին Ա. Տարելիցին Առթիւ

Next Post

ԳՈՅԺ

Next Post
ԳՈՅԺ

ԳՈՅԺ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.