Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Մօրս Անվերադարձ Մեկնումին Ա. Տարելիցին Առթիւ

Գ.Վ.Տ.

November 1, 2025
in Յօդուածներ
0
Մօրս Անվերադարձ Մեկնումին Ա. Տարելիցին Առթիւ

«Մա՛յր» բառը կազմուած է չորս տառերէ։ Բառ մը որուն հնչիւնը երկվայրկեան իսկ չ’առներ։ Բայց եւ այնպէս անոր իմաստը, արժէքը եւ ստեղծած ազդեցութիւնը անբացատրելի է։

«Մա՛յր» բառը այս աշխարհի լեզուներուն մէջ գտնուող այն բառերէն է, որ կարելի չէ մէկ բառով բացատրել ու ներկայացնել։ Անոր մէջ կայ սէր եւ գուրգուրանք, ուրախութիւն, երջանկութիւն, զոհողութիւն:

Կը մօտենայ մօրս անվերադարձ մեկնումին առաջին տարելիցի թուականը. ամբողջ օրուան ընթացքին մտածած եմ, թէ ի՛նչ գրեմ մօրս մասին։ Ճիշդ է յօդուածագիր մը չեմ, սակայն արտայայտուելու կարողութեամբ եւ ինծի օգնող ունենալով  մտածումներս գրի կ’առնեմ։

Բնական է, որ իւրաքանչիւր անհատ իր մայրը կը նկատէ այս աշխարհի լաւագոյն մայրերէն, կամ քիչ մը չափազանցութեամբ՝ միակ լաւագոյնը։ Ես չեմ ուզեր չափազանցութեան երթալ, սակայն անկեղծօրէն կրնամ հաստատել, որ իմ մայրս ալ  իրապէս լաւագոյններէն մին եղած է։ Գրելիք բազմաթիւ նիւթեր ու յուշեր կան մօրս համար, կրնամ բաւարարուիլ քանի մը յուշով։

Մամ, ապրեցար լիարժէք կեանքով, մանաւանդ մեր ընտանեկան տաքուկ օճախին մէջ, դարձար ամբողջական նուիրումի եւ զոհողութեան խորհրդանիշ, կեանքի ընկերոջդ՝ մեր պապային հետ, ձեռք-ձեռքի ունեցաք դժուար կեանք, բայց համերաշխ սրտակցութեամբ յաղթահարեցիք ամէն դժուարութիւն եւ եղաք զիրար անսահմանօրէն սիրող օրինակելի զոյգ մը: Դարձար տիպար եւ նուիրեալ ու յարգուած մայր, ինչպէս նաեւ ամբողջանուէր սիրով գուրգուրոտ՝ քեզ սիրողներուն: Կեանքի բեռը տարիր փառքով ու պատիւով, անխոնջ ոգիով ու անսպառ եռանդով՝ ժպիտդ անպակաս եւ անկեղծութեամբ։ Այսպէս կերտեցիք մեր ընտանեկան երջանկութիւնը, որ հիմնաքարը դարձաւ հայրենասիրութեան, դուն ու պապան ստեղծեցիք այդ երջանկութիւնը, ձեր տքնաջան աշխատանքով, անկոտրում կամքով, անշեղ անհատականութեամբ ու սիրով:

25 Յունուար 2019-ի առաւօտեան բոլորիս համար ծանր էր, բոլորին հասնող, ընկերասէր մեր մաման կաթուածահար ըլլալով մահաքունի մէջ կը մտնէր: Արհեստական շնչառութեան գործիքները անջատելու, իր որոշ օրկանները առ որ անկ է նուիրաբերելու որոշումները կայացնելէ, քահանային վերջին օրհնութիւնը ստանալէ ետք, եւ աւելի քան ամիս մը անց աչքերը բացած, խօսելու եւ յիշելու ատակութեամբ դէպի կեանք վերադարձաւ ան: Բոլորիս աղօթքները Աստուծոյ քով անպատասխան չմնաց եւ Ան հրաշք գործեց: Իմ եւ եղբօրս Միսակին, ինչպէս նաեւ մեր հարազատներուն համար ալ, լաւագոյն նուէրը եղաւ վերաշահիլ մեր մամային ներկայութիւնը՝ թէկուզ անկողինի ծառայելով:

Մեր մօր համար ոչինչ խնայեցինք, հակառակ նիւթական ծանր բեռին եւ հոգեկան աննկարագրելի ճնշուածութեան, ըսինք «կարեւորը մաման կայ, մաման մեր հետ է»:  Միշտ մեր կողքին ունեցանք մօրաքոյրս, քեռիս եւ մեր հարազատները, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական ներկայութեամբ աջակցութիւն յայտնեցին մեզի: Աստուած տուաւ ուժը եւ մենք կրցանք աւելի քան հինգ տարի  եւ տասը ամիս ծառայել մեր մամային: 10 Նոյեմբեր 2024-ին ան մեզմէ անվերադարձ հեռացաւ։ Այդ թուականէն 14 տարի առաջ՝ 12 Նոյեմբեր 2010-ին, մեր պապան ալ անվերադարձ մեկնած էր, եւ 14 տարի ետք նոյն օրը անոնք միացան իրար։

Սիրելի մամ, կեանքիդ մէջ յաճախ կ’ըսէիր՝ երանի աղջիկ մը ունենայի, այդ ալ Աստուծոյ կողմէ լսելի դարձաւ եւ հարսդ՝ Սարինը եղաւ քու հարստութիւնդ եւ ուրախութիւնդ: Ճիշդ է շատ չվայլեցիր եւ չհասար տեսնելու Միսակին եւ Սարինին պսակադրութիւնը, սակայն նախորդող այդ կարճ ժամանակամիջոցը լաւագոյն պահերէն մին եղաւ քեզի համար:

Մամ, պիտի ապրիս մեր բոլորին սիրտերուն մէջ, կորուստիդ ցաւը անբուժելի է: Յոգնատանջ մարմինդ թող խաղաղութեամբ հանգչի: Լոյսերու մէջ ննջես, անուշիկս։

Share68Tweet43
Previous Post

Հայ Եկեղեցին Տագնապի Առջեւ

Next Post

Նուիրեալ Ընկեր Յակոբ Ապէճեանի Յիշատակին

Next Post
Նուիրեալ Ընկեր Յակոբ Ապէճեանի Յիշատակին

Նուիրեալ Ընկեր Յակոբ Ապէճեանի Յիշատակին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.