Օսմանեան պետութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Հայաստանի արեւմտեան հատուածի եւ հայոց առօրեայ կեանքի անցուդարձերը, որոնք պայմաններու բերումով ընդհանուր առմամբ ժխտականօրէն առնչուած են թուրքերու եւ քիւրտերու հետ, երկրին քաղաքական կամ զինուորական ընդհանուր զարգացումները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան հետ հայոց փոխյարաբերութիւնները լայն արձագանգ գտած են եւրոպացի, ամերիկացի եւ արեւելքցի դեսպաններու, հիւպատոսներու, միսիոնարներու եւ այցելուներու տեղեկագրութիւններուն եւ զեկուցումներուն մէջ: Ասոր կողքին, եւրոպական, ամերիկեան, իրանեան եւ եգիպտական ու այլ թերթեր անդրադարձած են այդ դէպքերուն եւ անոնց հետ կապուած վերլուծումներ կատարած:
Քաթիա Փէլթէքեան մամլոյ ծաղկաքաղ-ուսումնասիրութիւն մը կատարած է անկախ նախաձեռնութեամբ: Ան հաւաքած է Հայասպանութեան մասին անգլերէն թերթերու մէջ լոյս տեսած լուրերը, յօդուածները եւ վերլուծումները: Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Անգլերէն գրականութեան եւ մանկավարժութեան բաժինէն պսակաւոր արուեստից եւ Տալհուսի համլսարանէն (Նովա Սքոթիա, Գանատա) մագիստրոս աստիճանով վկայեալ Քաթիա Փէլթէքեան երկար տարիներու տքնաջան աշխատանք տարած է Հայասպանութեան ծալքերը հաւաքելու գործին մէջ: 1988-էն մինչեւ օրս ան կը դասաւանդէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, նախապէս ալ դասաւանդած է Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Քաթիա Փէլթէքեանի աշխատանքին առաջին արգասիքն է «Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակելով- Տեղեկագրութիւններ Հալիֆաքս բանբերի մէջ 1894-1922, Հայկական մշակութային ընկերակցութիւն Ատլանտեան նահանգներու, Հալիֆաքս, Նովա Սքոթիա, 2000, 352 էջ» (Heralding of the Armenian Genocide – Reports in the Halifax Herald 1894-1922, Armenian Cultural Asociation of the Atlantic Provinces, Halifax, Nova Scotia, 2000, 352 p.): Քաթիա Փէլթէքեանի երկրորդ աշխատութիւնը խորագրուած է «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակը- Տեղեկագրութիւններ բրիտանական մամուլին մէջ, Ա. հատոր 1914-1919 (450 էջ), Բ. հատոր 1920-1923 (526 էջ), Ֆոր Ռօծ, Պէյրութ, 2013» (The Times of the Armenian Genocide- Reports in the British Press, Volume 1: 1914-1919 (450 p.), Vol 2: 1920-1923 (526 p.), Four Roads, Beirut, 2013):
Քաթիա Փէլթէքեան անցեալ երեսուն տարիներուն Յունաստանի, Սպանիոյ եւ Բրիտանիոյ մէջ անգլերէնի ու մանկավարժութեան վերաբերեալ զեկուցումներ ներկայացուցած է միջազգային գիտաժողովներու: Ան Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ ուսանողներու անգլերէնի դասաւանդութեան բազմաթիւ վարժութիւններ կատարած է: Վերջին 20 տարիներուն կամաւոր կերպով աշխատակցած է հայկական լուրերու «Կռունկ» համացանցային կայքին, պատրաստելով լուրեր եւ վերլուծութիւններ անգլերէնով եւ արաբերէնով: Ան Հալիֆաքսի մէջ իր ուսանողութեան տարիներուն մօտէն հետաքրքրուած է գանատական հին թերթերու հաւաքածոներով՝ իմանալու համար թէ օտարները ինչպէ՞ս ներկայացուցած են Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ 1895-1923 ժամանակաշրջանին կատարուած թրքական վայրագութիւններու եւ ոտնձգութիւններու լուրերն ու վերլուծումները: Այս հիման վրայ եւ Ատլանտեան նահանգներու Հայկական մշակութային ընկերակցութեան քաջալերանքով, Քաթիա Փէլթէքեան Հալիֆաքս Հերըլտ եւ գանատական այլ թերթերէ 1915-1922-ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին յօդուածներ եւ լուրեր հաւաքած է: Ասկէ ծնունդ առած է անոր առաջին գործը, որ վերը յիշեցինք:
Առաջին գիրքին հրատարակուելէն եւ տարածուելէն ետք, հայ թէ օտար պատմաբաններէ եւ ընթերցողներէ իր ստացած դրական հակազդեցութիւնը մղած ու քաջալերած է Քաթիա Փէլթէքեանը, որպէսզի նախաձեռնէ երկրորդ աշխատութեան պատրաստութեան: Ան սկսած է ուսումնասիրել անգլիական «Թայմզ», «Կարտիըն» եւ այլ թերթեր, որ դիւրամատչելի եղած են իրեն թէ՛ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի եւ թէ՛ Թորոնթոյի համալսարանի գրադարաններուն մէջ, որուն արդիւնքը եղած է վերը ներկայացուած իր երկրորդ երկհատոր աշխատութեան լոյս ընծայումը:

