Ըսինք, որ հայագիտական հիմնարկներէ շրջանաւարտներուն մայր պարտականութիւնն է հայերէն դասաւանդել մեր վարժարաններէն ներս։ Դասաւանդել նաեւ կրօնագիտութիւն եւ հայոց պատմութիւն։
Այսօր, մեր դպրոցներու հայերէնաւանդ դասատուները, լայն համեմատութեամբ, արդէն կը պատկանին սփիւռքածին Գ. սերունդին։ Որքան ալ անոնց մէջ գտնուին նորընծայ ուսուցչուհիներ, որոնք մեկնող հիներուն տեղը կը բռնեն պատուով ու արժանաւորապէս, գաղտնիք չէ այնուամենայնիւ, որ հայերէնի որակեալ դասատուներ գտնելը մղձաւանջ դարձած է ամէնուրեք։ Պաշտօնին թեկնածուները յաճախ չունին իրենց դասանիւթին ենթադրած բաւարար գիտելիքն ու հմտութիւնը. կը դասաւանդեն կաղն ի կաղ…։ Ընդհանրապէս չունին նաեւ իրենք զիրենք ինքնամշակումի ենթարկելու, կատարելագործուելու մղումն ու ցանկութիւնը, որ բանալին է իսկակա՛ն յաջողութեան (կը ճանչնանք ուսուցչուհիներ, որոնք քսան ու աւելի տարիներ պաշտօնավարելով հանդերձ՝ տեղքայլի մէջ են, չե՛ն զարգացուցած իրենք զիրենք)։ Իսկ դպրոցները, անճար ու անզօր, ստիպուած են կամայ-ակամայ գոհանալ առկայ ուժերով, առ ի չգոյէ լաւագոյնին…։
Այս տխուր իրավիճակը խոցած է մեր դպրոցները իրենց ամէնէն զգայուն կէտէն։ Եթէ մեր դպրոցներուն հիմնադրութեան բո՛ւն նպատակը մայրենի լեզուի ուսուցումն էր, ու այդ նպատակին իրագործումը հիմա գոհացուցիչ չէ ու չի գտնուիր ցանկալի մակարդակի վրայ, ուրեմն՝… «փտած բան մը կայ Դանիոյ թագաւորութեան մէջ»։ Չենք խորհիր, թէ մեր դպրոցներէն ներս գիտական ու գրական միւս առարկաներուն ուսուցումը եւս կը խարխափի, կը կաղայ, իր ընդհանրութեան մէջ։ Ո՛չ։ Բո՛ւն խոցելին հայոց լեզուն է, աւա՜ղ։
Այժմ հարց տանք. ինչե՞ր կրնանք ընել կացութիւնը բարւոքելու համար։
Կը նշեմ քանի մը հիմնական կէտեր, առաջադրութիւններ, համոզուած ըլլալով որ անոնց իրագործումը անիրականանալի չէ։ Կը բաւէ որ մեր ազգային վերին մարմինները տեսլական ունենան։
ա) Հայերէնաւանդ ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն. ուսուցիչները մի՛շտ ալ կը կարօտին վերաթարմացումի, որովհետեւ դարաշրջանը մասնագիտութեան դարն է։ Հարկ է ուղղել ու վերապատրաստել ուսուցիչները՝ ոչ միայն մանկավարժական նորանոր գիտելիքներով զինելով զանոնք, այլեւ դասաւանդութեան եղանակի ու ձեւի արդիաշունչ մեթոտներու ծանօթացնելով զիրենք։ Դպրոցները, գոնէ 3-4 տարին անգամ մը, սերտուած ծրագրով մը պարտին ամառնային վերաորակաւորման լսարաններ սարքել հայ ուսուցիչներուն համար։ Զորօրինակ, պէտք է փարատել կարգ մը բառերու ուղղագրութեան երկձեւութիւնը (յետագա՞յ, թէ՞ հետագայ, ամրան ու ձմրա՞ն, թէ՞ ամռան ու ձմռան…), գլխագիրի գործածութեան, կէտադրութեան եւ մա՛նաւանդ տողադարձի կալուածի համատարած շփոթութիւնները։ Ասիկա օգտակար պիտի ըլլայ բոլորին՝ դպրոցին, ուսուցիչին ու աշակերտին հաւասարապէս։
բ) Ուսուցչանոց. ուսուցչական պաշտօնի թեկնածուներուն համար բացառիկ կարեւորութիւն պիտի ներկայացնէ երկամեայ դասընթացքով հայկական ուսուցչանոց մը։ Այսպիսի հիմնարկ մը պիտի զինէ ու նախապատրաստէ թեկնածուները՝ ինքնավստահօրէն ստանձնելու իրենց վսեմ պաշտօնը։ Մեր գաղութներէն ոմանք, անցեալին, յաջողապէս կատարած են նման փորձեր եւ մեծապէս օգտուած։ Յիշենք Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի երբեմնի նշանաւոր ուսուցչանոցը (գործած՝ 1934-68) կամ նոյնիսկ՝ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ 90-ականներուն իրագործուած յանդուգն փորձը («Վահէ Չննոզեան ուսուցչանոց», գոյատեւած՝ հինգ տարի), որմէ այնքա՜ն օգտուեցան տեղւոյն հայկական վարժարանները եւ որուն պտուղները կը քաղեն առ այսօր…։
Աչքի առջեւ ունենալով սփիւռքեան ամէնօրեայ վարժարաններու տեղաբաշխումի մօտաւոր քարտէսը, հայկական ուսուցչանոցի մը անյապաղ կարիքը ունին ամէնէն առաջ Փարիզը, Լոս Անճելըսն ու Պոլիսը։
Փարիզը կը պահէ հայկական ամէնօրեայ 4 վարժարան, իսկ Լոս Անճելըսը՝ 12։ Ֆրանսահայ ու ամերիկահայ մեր գաղութները,– փա՜ռք Աստուծոյ,– իրենց ծոցին մէջ ունի՛ն անհրաժեշտ տարրերն ու հարկաւոր նիւթականը՝ գլուխ հանելու համար նման կենսական ծրագիր մը։ Անոնք պէտք չէ տնտնան։ Իսկ Պոլիսը, որ առ այսօր իր ծոցին մէջ կը պահէ 15 հայկական վարժարաններ` մօտ 2660 աշակերտներով (կրթական նոր տարեշրջանի թիւն է այս), կ’ապրի հայերէնի ու կրօնի ուսուցիչներ ապահովելու սուր տագնապ մը։ Ազգ. Պատրիարքարան, Ուսուցչաց Հիմնարկ եւ Ուսուցչաց Միութիւն երրորդութիւնը գործակցաբար կրնա՛յ իրագործել բաղձալին։
Մեր առաջարկած ուսուցչանոցը կրնայ փոխարինուիլ անշուշտ հայագիտական հիմնարկներով ալ։ Պէտք չէ խուսափիլ նիւթական ներդրումներ կատարելէ։ Լիբանան պատուաբեր փորձ ունեցած է այս մարզին մէջ՝ իր մէկէ աւելի հաստատութիւններով (Հայկազեան գոլէճ, Հիւսիսեան եւ Համազգայինի հիմնարկներ, որոնք փակուած են դժբախտաբար)։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, վերջին 12 տարիներուն, կը ջանայ վերարծարծել այդ մարած ջահը՝ իր կողմէ հաստատուած «Հայագիտական դասընթացք»-ներով։ Նոյնը կ’ընէ, ինչպէս ըսինք, Հալէպի Համազգայինը։ Պէտք է օրինակ առնել անոնցմէ։ Իսկ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ձեռնարկները պէտք է ամրապնդուին, տեւականանան։
գ) Նիւթական խայծեր՝ ուսուցչական թեկնածուներու. մեր երկրորդական վարժարաններու կարգերուն մէջ անպայման ունինք կամ կ’ունենանք ուսանողներ, որոնք հայոց լեզուի դասերուն նկատմամբ հոգածութիւն ու ջանասիրութիւն կը ցուցաբերեն զգալի խանդավառութեամբ։ Պէտք է միշտ ենթադրել, թէ մեր ապագայ հայերէնաւանդ ուսուցիչները անո՛նց մէջ թաքնուած են…։ Եւ ուրեմն, պէտք է դրամական պարգեւներով, նախանձելի մրցանակներով ու տնտեսապէս գոհացուցիչ գործի հեռանկարով զանոնք մղե՛լ դէպի հայագիտական ուսում։ Յումպէտս պիտի չկորսուին այդ դրամաշնորհները։
Եւ հոս, այս կէտին վրայ, կը բանանք փակագիծ մը։ Ատենէ մը իվեր քուէյթաբնակ գործարար մը, ամէն տարի դրամական կարեւոր պարգեւներ կը յատկացնէ Հալէպի (որքան որ գիտենք՝ նաեւ Լիբանանի) պետական պաքալորիայի քննութեանց բարձրագոյն երեք նիշերը հաւաքող երեք աշակերտներու, «Ներսէս Շնորհալի մրցանակ» անունով։ Շա՛տ բարի։ Բայց կ’ենթադրենք որ աւելի հայանպաստ դեր ու ներդրում կ‘ունենայ այդ մրցանակը՝ եթէ շնորհուի հայերէնի քննութեանց (երկրորդականի երեք կարգերուն մէջ՝ հետեւողաբար) բարձրագոյն նիշ հաւաքողներուն։ Նուիրատուն ու կրթական վարիչները ինչո՞ւ չեն խորհած այս մասին։

