Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նոր Գիրքեր – «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Առաջինը Մանկավարժ»

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ (Նիկոսիա)

October 4, 2025
in Default
0
Նոր Գիրքեր – «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս  Վազգէն Առաջինը Մանկավարժ»

Վերջերս, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի հրատարակչութիւնը ընթերցող հանրութեան հրամցուց Վազգէն Վեհափառի մանկավարժական գործունէութեան նուիրուած մենագրութիւն մը, որուն հեղինակն է Լուսինէ Հայրապետեան: 286 էջէ բաղկացած հատորին հեղինակը իր ուսումնասիրութեան առանցքը դարձուցած է երկար տասնամեակներ բազմասպարէզ գործունէութիւն ծաւալած Վեհափառ Հօր յատկա՛պէս մանկավարժական-կրթական աշխատանքներուն, հայեացքներուն եւ մօտեցումներուն նիւթը:

Գիրքը կը բաղկանայ չորս գլուխներէ. ունի Յառաջաբան մը, տասը յաւելուածներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկը: Կան լուսանկարներ Վազգէն Ա. Վեհափառի կեանքէն քաղուած: Յառաջաբանին մէջ կը կարդանք՝ «Վազգէն Առաջինը ոչ միայն աստուածընկալ հայրապետ էր, այլեւ՝ խորաթափանց ու հմուտ քաղաքագէտ, հեռատես հոգեբան, բարձրաճաշակ արուեստասէր, փիլիսոփայ-գրականագէտ», յաւելելով՝ Վեհափառին շինարարական բուռն գործունէութիւնը, հրապարակագրութիւնը, առինքնող քարոզախօսութիւնը, կոնդակներն ու ելոյթները:

Առաջին գլուխը (էջ 9-63) ունի չորս ենթագլուխներ եւ խորագրուած՝ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Առաջինի Կեանքն ու Հասարակական Գործունէութիւնը: Նախ կը խօսուի ռումանահայ գաղութին կազմաւորման, ազգային-եկեղեցական-թեմական կեանքին, գաղութի թիւին եւ անցած ճանապարհին մասին, ուր կ’իմանանք, որ ռումանահայութիւնը (Մոլտովա, Բեսարապիա) եղած է մեր հնագոյն գաղթօճախներէն մին, ունեցած է վանքեր, դպրոցներ ու եկեղեցիներ, նոյնպէս ճաշակած օսմանեան լուծը: Հայերը բնակած են բազմաթիւ քաղաքներու մէջ: Գաղութին թուաքանակը ունեցած է տատանումներ՝ առաւելագոյնը հասնելով երեսուն հազարի: Անցեալին հոն հաստատուած անեցիներէն ետք՝ գաղութին թիւը աճած է համիտեան կոտորածէն (1895-1896), Հայոց ցեղասպանութենէն եւ ապա քեմալականներու Թուրքիոյ տիրապետութենէն ետք: Գաղութը ունեցած է թեմ, բայց կառավարութիւնը խոչընդոտած է անոր կազմակերպումը, մինչեւ հայասէր վարչապետ Նիկոլա Եորկայի շրջանը (1931): Մինչեւ 1940 թ. թեմը ունէր 23 եկեղեցական համայնքներ, անկէ ետք նուազած է 15-ի: Գաղութին անկումը կը սկսի 1960-էն ետք՝ երբ արտագաղթը կը հարուածէ հայութիւնը՝ երկրին քաղաքական-տնտեսական պայմաններուն հետեւանքով: Պուխարեստ հաստատուած Աբրահամ Պալճեանի եւ Սիրանոյշ Գալստեանի յարկին տակ կը ծնի Կարապետ-Լեւոն Պալճեանը՝ 1908 Սեպտեմբեր 20-ին: Ան պիտի մնար ընտանիքին միակ զաւակը: Ռումանիոյ ռազմաքաղաքական եւ ապահովական վերիվայրումներուն պատճառով ընտանիքը 1913-1918 թուականներուն յաջորդաբար կը տեղափոխուի Պոլիս, Ռոտոսթօ, Օտեսա, մինչեւ վերջնական վերահաստատումը Պուխարեստ՝ 1918-ին: Կ. Պալճեան նախակրթութիւնը կը ստանայ անկանոն կերպով մինչեւ 1920 թ., որմէ ետք՝ Պուխարեստի գերմանական վարժարան, ապա՝ ռումանական դպրոց եւ առեւտրական բարձրագոյն վարժարան, միաժամանակ՝ հայերէն սորվելով անձնական դասերով. 1932-ին՝ ուսանող Պուխարեստի համալսարան՝ գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան, կը խորանայ մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան մէջ. աւելի ետք՝ մանկավարժութեան ուսանող: Մինչ այդ, 1928-էն կը սկսի ռումաներէն դասաւանդել Մելիքեան-Քեսիմեան վարժարանէն ներս: Աւելի ետք այլ դասեր եւս կը դասաւանդէ: Բայց, կը պատահի անկիւնադարձ մը, երբ Ռումանիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յուսիկ արք. Զօհրապեան կը վախճանի 1942-ին եւ թեմը կը մնայ անհովիւ: Մտահոգ գաղութը մինչ կ’որոնէր նոր հովիւ մը, անուանի պատմաբան Յակոբ Սիրունի կ’առաջարկէ Կ. Պալճեանի անունը որպէս պարկեշտ, ուսեալ, կիրթ եւ նուիրեալ անձնաւորութիւն: Իրօք, յարմարագոյն թեկնածուն էր ան: Ինք եւ իր մայրը պահ մը կը տատանին, սակայն ի վերջոյ ապագայ վեհափառը կ’ընդունի աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր առաքելութիւնը եւ 20 Սեպտեմբեր 1943-ին, Աթենքի Սբ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ Կարապետ եպս. Մազլումեանի, վերանուանուելով Տէր Վազգէն: Հետագայ էջերը կը պատմեն Վազգէն վարդապետին առաջնորդական գործունէութեան, եպիսկոպոսացման, թեմական կեանքէն ներս բարեկարգչական քայլերուն, Խ. Հայաստան եւ Էջմիածին այցելութիւններուն, ռումանահայոց ներգաղթին, Վազգէն վարդապետին հայ ռազմագերիներուն ցուցաբերած նեցուկին, նաեւ՝ Պուլկարիոյ թեմին ստանձնումին եւ հոն կատարած այցելութիւններուն մասին եւ այլն: Գէորգ Զ. կաթողիկոսին վախճանումէն ետք (1954), 1955-ին, կը սկսի նոր կաթողիկոսի ընտրութեան աշխատանքները եւ կը պատահի անսպասելին՝ «Նոր պատուիրակութիւն է բախում իր դուռը, այս անգամ Պուխարեստի Սովետական դեսպանատնից՝ խնդրանքով, որ դնի իր թեկնածութիւնը Ամենայն հայոց կաթողիկոս դառնալու» (էջ 41): Այս անգամ եւս չի մերժեր ան՝ նոր էջ մը բանալով իր կեանքին եւ ազգին պատմութեան մէջ: Համառօտակիօրէն կը կարդանք Վեհափառի կեանքին գլխաւոր դրուագները՝ մինչեւ վախճանում՝ 18 Օգոստոս 1994-ին:

Հատորին երկրորդ գլուխը, որ ունի երեք ենթագլուխ, կը վերաբերի Վազգէն Վեհափառի մանկավարժական հայեացքներու ձեւաւորման, դրսեւորման եւ գործադրութեան (էջ 64-112): Հեղինակը անոր մանկավարժական գործունէութիւնը բաժնած է երկու փուլի՝ աշխարհիկ եւ հոգեւոր: Աշխարհիկը՝ Միսաքեան-Քեսիմեան վարժարանէն ներս՝ 22 տարի (1928-էն սկսեալ), հոգեւորը՝ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս, ուր ուսուցչագործած է Վեհափառը, կազմակերպած ճեմարանին ուսման կարգն ու բարձրացուցած անոր մակարդակը: Պալճեան ուսուցիչը միայն դպրոցէն ներս չէ որ դրսեւորած է ինքզինք, այլեւ՝ հրապարակագրութեան ճամբով անդրադարձած կրթական, մանկավարժական, հոգեբանական, դաստիարակութեան առնչուող զանազան հարցերու: Փարիզ հրատարակուող «Մարտկոց», Պուխարեստ լոյս տեսնող «Նոր Արշալոյս«, «Հայ Մամուլ», «Արազ», «Պահակ» թերթերուն էջերով անդրադարձած է ազգային-կրթական հարցերու, մանկավարժութեան արդի տեսութեանց, լեզուի, ազգապահպանութեան, քրիստոնէական կեանքի եւ նոր սերունդին հոգեմտաւոր զարգացման այժմէական խնդիրներուն: Կ. Պալճեան եթէ վարժարանէն ներս գործնապէս կը կիրառէր իր ընկալումները, ապա իր խմբագրած «Հերկ» ամսաթերթին էջերով զանոնք կը մեկնաբանէր յօդուածներով, ակնարկներով եւ ուսումնասիրութիւններով: Իր հարիւրաւոր սաներուն եւ անոնց ծնողաց կողմէ սիրուած եւ յարգուած մտատիպար մը: Մեծ թիւ մը իր սաներէն դարձան փայլուն անուններ, որոնք հետագային  երախտագիտութեամբ յիշեցին իրենց ուսուցիչին անունը.- Սորպոնի համալսարանի դոկտոր, աստղագէտ Զատիկ Մուրատեան, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անուանի լեզուաբան ու հայագէտ Ներսէս արք. Տէր Ներսէսեան, բանասէր Սուրէն Գօլանճեան, արուեստաբան Մանուկ Մանուկեան, Երեւանի բժշկական ինստիտուտի օտար լեզուներու ամպիոնի վարիչ Յակոբ Առաքելեան, ճարտարապետ Արշաւիր Թորամանեան, նկարչուհի Բարուհի Թեփելեկեան, Հայաստանի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի տնօրէն Գէորգ Տիրացեան, Հայաստանի Ակադեմիոյ թեքնիքական բաժնի վարիչ Ռեբեկա Մելքոնեան, հայրենի շատ սիրուած անուանի դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեան եւ հարիւրաւոր ուրիշներ: Նշենք, որ իր առաջնորդութեան օրերուն եւ խրախոյսով Ռումանիայէն շուրջ երեք հազար հայորդիներ ներգաղթեցին Խ. Հայաստան՝ ուր քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ մասնակցեցան հայրենաշինութեան գործին:

Հատորին երրորդ գլուխը ունի երեք ենթագլուխ (էջ 113-167), ուր այս անգամ կը կարդանք անոր հոգեբանական-մանկավարժական գիտելիքներուն, գործնական քայլերուն եւ Սբ. Էջմիածնէն ներս կրթական նորովի ծրագրերուն եւ բարեփոխութեանց մասին: Անոր ուշադրութեան առանցքին են՝ երեխայ-ընտանիք-միջավայր կապերը, երեխային հոգեբանական կազմաւորումները, մարդու դաստիարակութեան բարոյական-քրիստոնէական հարցերը, մայրենի լեզուին կարեւորութեան հարցը, եւ կ’իմանանք որ Վեհափառը Գրիգոր Նարեկացիի Նարեկէն հատուածներ թարգմանած է ռումաներէնի: Հետաքրքրական է որ ան Էջմիածնի ճեմարանին համար պատրաստած է երեք դասագիրք՝ հոգեբանութեան (1961), տրամաբանութեան (1965), քարոզխօսութեան, որ տարիներ ամբողջ օգտագործուած է ճեմարանի սաներուն կողմէ: Անոնք դասախօսութիւններ էին: Առաջինը՝ Պէյրութի մէջ հրատարակուած է երկու անգամ (1961 եւ 1962), միւսները մնացած են մեքենագիր ձեւով:

Չորրորդ գլուխը (էջ 168-213) իր երեք ենթագլուխով կը ներկայացնէ Վեհափառին մօտեցումները դաստիարակութեան շուրջ: Թէ Վեհափառը ինչպէ՛ս պատկերացուցած է վաւերական ուսուցիչը, երեխան ի՛նչպիսի ազդեցութիւններ կը կրէ դաստիարակութեամբ: Ընտանիք-երեխայ-ուսուցիչ գործակցութիւնը ինչպիսի՛ ներգործութիւն կ’ունենայ երեխային հոգեկերտուածքին մէջ: Ազգն ու քրիստոնէութիւնը ինչպիսի՛ նկարագիրներ կը կերտեն մարդուն: Ան կը նշէ՝ «Ուսուցիչը ծառայ է, տէրերը՝ երեխաները: Ուսուցիչը պէտք է կարողանայ խոնարհուել նրանց անմեղութեան, չիմացութեան, անկատարութեան առջեւ, ոգեւորել եւ վեր բարձրացնել նրանց մտաւոր շէնքը»: Կը փաստուի, որ Վեհափառին մտատիպար ուսուցիչը եղած է Խրիմեան Հայրիկը:

Կարեւոր նիւթեր կը պարունակեն նաեւ յաւելուածները, ինչպէս Վեհափառին աշխատանքները թանգարանային եւ հրատարակչական ոլորտէն ներս, ձեռագիր մատեաններու հաւաքչական աշխատանքը, Ջուղայի (Նախիջեւան) խաչքարերէն մէկ մասին փրկութիւնը, սփիւռքահայութեան հետ սերտ ու շինիչ կապերը:

Արդարեւ, ողջունելի հատոր մը, որ կը դրդէ մտմտալու, թէ յիրաւի, շա՛տ յաճախ պարտաւոր ենք յիշելու մեր երախտաւորները եւ անոնցմէ սորվելու լաւն ու բարին:

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԴՌՆԵՐԸ – (1) ‎

Next Post

Դժգոհութիւններ Կան, Բայց Իշխանափոխութեան Պահանջ Չկայ

Next Post
Դժգոհութիւններ Կան, Բայց Իշխանափոխութեան Պահանջ Չկայ

Դժգոհութիւններ Կան, Բայց Իշխանափոխութեան Պահանջ Չկայ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.