Ահա հասաւ Հոկտեմբերը, իր հետ բերելով ձմեռնամուտի այն բոլոր բերկրանքները, որոնցմով կը հրճուինք մեծով-պզտիկով։
Արձակուրդի մեկնողները արդէն վերադարձեր են տուն։ Դպրոցները վերաբացուած են, մինչ ամառնային զբօսավայրերը մի առ մի կը փակեն իրենց դռները։ Կամաց-կամաց մե՛նք եւս պիտի գոցենք մեր բնակարաններուն դուռ-պատուհանները՝ երբ քամին սկսի զգացնել ինքզինք…։ Տաղաւար տօները վերջ գտած են Խաչվերացով, ու շուտով պիտի ողջունենք Թարգմանչաց տօնը՝ դա՛րձեալ փառաբանելու համար Մեսրոպը, Սահակը, Խորենացին եւ ամբողջ հոյլը Ե. դարու մեր մեծահռչակ մատենագիրներուն։
Հոկտեմբերը վերամուտն է նաեւ մեր,– սփիւռքի,– հայագիտական այն քանի մը հիմնարկներուն, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ կը շարունակեն սպասարկել մեր ժողովուրդին, առիթ ընծայելով փափաքողներուն՝ մասնագիտական շփում հաստատելու մեր լեզուին, գրականութեան եւ պատմութեան ժառանգութեան հետ։
Արդէն ծանուցումներ երեւցան մամուլի մէջ, այս ուղղութեամբ։ Սփիւռքեան տարածքի վրայ 3-4 հայագիտական հիմնարկներ կամ լսարաններ հնչեցուցին վերամուտի ղօղանջները…։
Առաջին զանգահարողն եղաւ Գանատայի Մոնրէալ քաղաքը, ուր քանի մը տարիէ իվեր տեղւոյն Համազգայինը հաստատած է Լեւոն Շանթի անունով մկրտուած «հայերէնագիտական դասընթացք»-ի ծրագիր մը։ Առայժմ սահմանափակ ծրագիր մըն է այս, որ ուսանողները կը մեկտեղէ շաբաթը մէկ անգամ միայն, 3 ժամով։ Դասընթացքի ղեկավարն է դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան։ Աշուն 2025-ի եռամսեայ դասերը պիտի երկարին 13 Սեպտեմբերէն մինչեւ 20 Դեկտեմբեր, Մոնրէալի Ս. Յակոբ ազգ. վարժարանէն ներս։ Ձեռնարկին նիւթապէս կþօժանդակէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը։
Եթէ նկատի ունենանք, որ հետզհետէ ուռճացող գաղութ մըն է Մոնրէալը ու հոն կը գործեն հայկական երեք վարժարաններ, ապա հայերէնագիտական սոյն դասընթացքները կþընկալուին իբրեւ պահանջք ու անհրաժեշտութիւն։
Վերամուտի երկրորդ ղօղանջը հնչեց Անթիլիասէն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական գրասենեակին հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կ’ըսէ, թէ 13 Հոկտեմբերին պիտի սկսի կաթողիկոսարանի «Հայագիտական դասընթացքներ»-ու 13-րդ կրթական տարեշրջանը։
Դասընթացքը ունի եռամեայ տեւողութիւն։ Այստեղ, դասաւանդութիւնները կþընթանան շաբաթական երեք օրերու վրայ՝ երեկոյեան ժամը 5:00-7:30։ Վայրը Ֆանարի նորայարդար «Խորէն Ա.» կեդրոնն է։ Կþըսուի, թէ առիթ պիտի տրուի նաեւ առցանց մասնակցութեան՝ այլ գաղութներէ փափաքողներու համար։ Ուսումը անվճար է։
Իդէպ, յայտարարուած է, որ կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի կրէ «Արամ Ա. կաթողիկոս» անունը։ Ան «պիտի նախաձեռնէ նոր ծրագրերու մշակման՝ վարչական, հրատարակչական, ուսուցչական, ուսանողական եւ այլ մարզերէ ներս։ Պիտի կազմակերպէ գիտաժողովներ ու համագումարներ, ինչպէս նաեւ պիտի քննէ Հայաստանի ու արեւմտեան հայագիտական կեդրոններու հետ գործակցութեան կարելիութիւնները»։
Երրորդ ղօղանջը Հալէպէն է։ Այստեղի Հայագիտական Հիմնարկը կը պատկանի Համազգայինին։ Կը գործէ 1996-էն իվեր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան շուտով պիտի բոլորէ իր 30-ամեակը։ Հոս ծրագիրը աւելի՛ ծաւալուն է ու համապարփակ եւ կը տարածուի չորս տարուան վրայ։ Դասաւանդութիւնները տեղի կþունենան ամէնօրեայ դրութեամբ։ Ի գործ կը դրուին կիսամեակի ու ամավերջի գրաւոր քննութիւններ, ուր յաջողութեան նուազագոյն չափանիշը 60 առ հարիւր է։ Վկայուելու համար կը պահանջուի պատշաճ աւարտաճառ՝ հրապարակային քննարկումով։ Վերամուտի թուական նշուած է Հոկտեմբեր 7-ն։
Իդէպ, Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին դերակատարութիւնը շա՛տ բարեբեր եղած է տեղւոյն վրայ։ Անիկա տուած է տասնեակներով շրջանաւարտներ, երբեմն՝ փայլուն ու ի՛սկապէս որակեալ։ Այսօրուան դրութեամբ, Հալէպի հայկական վարժարաններու հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անցեր է այս հիմնարկէն։ Այլ խօսքով, պահովուեր է բնական սերնդափոխութիւն մը՝ հակառակ 2011-ին ծայր տուած գաղթի մեծ ալիքին եւ գաղութին աստիճանական նօսրացումին։ Մեծ է թիւը Հայագիտականի այն շրջանաւարտներուն ալ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքեան հեռաւոր գաղութներու մէջ։
*
Հայագիտական հիմնարկներու վերամուտին կապակցաբար, այս տարի կան առնչակից երկու խապրիկներ Պոլսէն ու Ամերիկայէն։
Արդարեւ, պաշտօնական հաղորդագրութենէ մը կþիմանանք, թէ Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը ընթացիկ 2025-2026 տարեշրջանին համար կազմակերպած է արեւմտահայերէնի դասաւանդութիւն, որ պիտի երկարի 18 շաբաթներու վրայ (ընդամէնը՝ 72 ժամ), Սեպտեմբեր 22-էն սկսեալ։ «Zoom» հարթակի վրայ իրագործելի այս ծրագրին,– որուն նիւթապէս կþաջակցի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը,– կրնան մասնակցիլ 16 տարեկանը բոլորած անձեր, երկրագունտի տարբեր ափերէն։ Դասերը պիտի կայանան շաբաթը երկու օր, չորս տարբեր մակարդակներու համար։ Սկսնակները պիտի սերտեն հայոց այբուբենը, ծանօթանան հնչիւններուն, պիտի սորվին գրել ու պարզ նախադասութիւններ կազմել։ Բ. մակարդակի ուսանողները պիտի զարգացնեն իրենց ընթերցանութիւնն ու բառապաշարը, լսածը հասկնալու կարողութիւնը, նախադասութիւններ պիտի կազմեն բայերու անկատար անցեալ եւ ապառնի ժամանակներով։ Գ. մակարդակի հետեւորդները պիտի սորվին կիրարկել տարբեր բայաձեւեր։ Իսկ Դ. մակարդակի մասնակիցները պիտի ջանան խորացնել իրենց լեզուական ընդհանուր ըմբռնումները։
Չենք գիտեր, թէ այս ողջունելի նախաձեռնութիւնը իր դասարանային (ոչ-առցանց) տարբերակը պիտի ունենա՞յ Պոլսոյ մէջ, թէ՞ ոչ (եթէ անշուշտ դասատուները պոլսաբնակ են)։
Ինչ կը վերաբերի Ամերիկայէն հասած լուրին, ապա անիկա կը վերաբերի հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու վերամշակման ծրագրի մը, որ դա՛րձեալ կը վայելէ նեցուկը Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան։ Ձեռնարկը առցանց է եւ կը հովանաւորուի Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի (կիլիկեան) ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին կողմէ։ Հանդիպումները տեղի կþունենան ամիսը երկու անգամ (իւրաքանչիւրը՝ 2 ժամ տեւողութեամբ), երկարելով Սեպտեմբեր 2025-էն մինչեւ Մայիս 2026։ Ըստ կազմակերպիչներուն, այս ծրագիրը կը միտի «ժամանակակից մօտեցումներով մանկավարժներու աշխատանքը դարձնելու աւելի արդիւնաւէտ, եւ ներկայացուած նիւթերը՝ աւելի իմաստալից ու մանուկին հաճելի»։

