NASA կը պատրաստուի վերստին աստղանաւորդներ ուղարկելու Լուսինին ուղղութեամբ: Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ «Արտեմիս-2» անջրպետանաւը 2026-ին պիտի արձակուի Լուսինին ուղղութեամբ, անցնելով անկէ նոյնիսկ 9260 քիլոմեթր անդին, ապա Երկիր մոլորակ վերադառնայ առանց վայրէջք կատարելու Լուսինին վրայ: Ամերիկացի աստղանաւորդ Ռիտ Ուազմէնի գլխաւորած անձնակազմին մաս պիտի կազմեն ամերիկացիներ Վիքթոր Կլովըրը եւ Քրիսթինա Քոխը, ինչպէս նաեւ գանատացի Ճերըմի Հենսընը: 5 Փետրուարէն սկսեալ, գիշերային արձակումի հաւանական թուականներ ճշդուած են Փետրուարին, Մարտին եւ Ապրիլին, եղանակային բարենպաստ պայմաններու առկայութեան պարագային: «Արտեմիս-2» առաքելութեան ղեկավար Ճէֆ Ռէտիկըն յայտնեց, որ անջրպետանաւը այս անգամ պիտի հասնի շատ աւելի հեռու եւ այս պիտի ըլլայ նախապատրաստութիւն՝ հետագային աստղանաւորդներով դարձեալ վայրէջք կատարելու Լուսին: Յիշեցնենք, որ աստղանաւորդներ Լուսին հասած են միայն վեց անգամ՝ առաջինը 1969-ի 20 Յուլիսին եւ վերջինը՝ 1972-ի 21 Ապրիլին:

