Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՇՈՒՏՈՎ՝ «3+3 »ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ԺՈՂՈՎ

September 9, 2025
in Հայաստան
0

 

Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց հիւրընկալելու տարածաշրջանային հարցերու կարգաւորումին ուղղութեամբ աշխատող «3+3» ձեւաչափով նախարարական հերթական ժողովը: Նախապէս, Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ այս ձեւաչափով յաջորդ ժողովը կը պատրաստուի եւ գուցէ կայանայ Երեւանի ու Պաքուի մէջ:

Այս ձեւաչափով ընթացող ժողովները կը ներառեն Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Վրաստանը եւ Ռուսիան, Թուրքիան, Իրանը, թէեւ Թիֆլիս միշտ մերժած է մասնակցիլ ժողովներուն:

Ղազախստանի նախագահը իր կարգին յայտնեց, թէ կը պատրաստուի հիւրընկալելու Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը՝ շարունակելու համար խորհրդակցութիւնները:

Այսուհանդերձ, ատրպէյճանական լարուածութիւն հրահրող յայտարարութիւնները կը շարունակուին: Պաքու երէկ յայտարարեց, որ «Երեւան պէտք է ջանք թափէ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութիւնը յաջողցնելու համար»: Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչ դեսպան Էլչին Ամիրբեկով նշած է, որ այս փուլին խօսքը միայն նախաստորագրման մասին է, բայց ոչ՝ վերջնական ստորագրման․ «Խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման եւ իրականացման համար հայկական կողմը պէտք է յստակ քայլեր ձեռնարկէ։ Մասնաւորապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան  Սահմանադրութիւնը տակաւին կը պարունակէ դրոյթներ, որոնք կը հակասեն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, արտայայտելով անընդունելի տարածքային պահանջներ։ Ուստի, տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար ՀՀ հիմնական օրէնքը պէտք է համապատասխանեցուի երկու երկիրներուն կողմէ արդէն նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրին եւ ոգիին»,- ըսած է Ամիրբեկով։

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԸՐՄԷԼԻ ՄԷՋ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Next Post

ՍՊԱՆԻՈՅ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄ

Next Post

ՍՊԱՆԻՈՅ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.