Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան X հարթակով անդրադարձած է Ճափոնիի մէջ ընթացող «Expo 2025» համաշխարհային ցուցահանդէսին։
«Expo 2025-ին Հայաստանի տաղաւար արդէն այցելած է աւելի քան մէկ միլիոն մարդ։ Պատմութիւնը, մշակոյթը, նորարարութիւնը, արհեստագիտութիւնները եւ ընդհանուր բարգաւաճումը ոչ միայն Հայաստանի զարգացման տեսլականն են, այլեւ այն հիմնական գաղափարները, որոնք ընկած են Ճափոնի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու մեր ձգտման հիմքում։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցը Ճափոն նշանաւորեց մեր երկկողմ յարաբերութիւններու բացառիկ պահը եւ նոր հիմքեր դրաւ ապագայ գործընկերութեան համար»,- գրած է Միրզոյեան։
«Expo 2025» ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ հայկական տաղաւարը պիտի գործէ մինչեւ 13 Հոկտեմբեր:

