Օգոստոս ամսուայ մէջ նշանակալի իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ Լա Փլատա գետի երկու ափերուն մէջ: Թուրք գրող եւ գործիչ Քատիր Աքին առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Արժանթին եւ Ուրուկուէյ ներկայ գտնուելու համար իր ստեղծած փաստավաւերագրական ֆիլմին՝ Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ:
Առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ-ի դահլիճին մէջ: Ներկայ էին համայնքի ղեկավար անդամներ, Հայ եկեղեցւոյ նախկին առաջնորդ Տ. Գիսակ արք. Մուրատեան, մտաւորականներ եւ լրագրողներ:

Բացման խոսքով հանդէս եկաւ Շարժում մշակութային միութեան ատենապետ ընկ. Սերխիօ Չապրազեան, ապա Քատիր Աքին անդրադարձաւ ֆիլմի շառժառիթներուն եւ արձագանգներուն եւ ֆիլմը ներկայացուեցաւ սպաներէն ենթագրերով:
Իսկ Մոնթեվիտէոյի մէջ տեղի ունեցան երկու ներկայացումներ՝ 30 եւ 31 Օգոստոսին, CINEMATECA-ի շքեղ դահլիճէն ներս: Ներկայ եղան խորհրդարանի անդամ Անա Օլիվերա, ՀՀ հիւպատոս Գոհար Մինասեան, Պետական համալսարանի նախկին նախագահ Ռոպերթօ Մարգարեան եւ հոծ բազմութիւն մը, որ լեցուց սրահը երկու օրերուն: Աւարտին Քատիր Աքին պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:

