Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ յուսախաբ է իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինէն, թէեւ անոր հետ ունէր բացառիկ յարաբերութիւն: «Հազարաւոր մարդիկ կը մահանան անիմաստ պատերազմի պատճառով», ըսաւ Թրամփ՝ խօսելով Ուքրանիոյ մասին, ապա խոստացաւ քայլերու ձեռնարկել՝ օգնելու համար ուքրանացի քաղաքացիներուն: Ան Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահները ամբաստանեց Միացեալ Նահանգներուն դէմ դաւադրելու մէջ: Նշենք, որ Թրամփ կը խօսէր երեք նախագահներուն Չինաստանի մէջ ունեցած հանդիպումին մասին՝ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտի յիշատակին նուիրուած չինական բանակին կազմակերպած հսկայական շքերթին առթիւ: Նախագահ Շի Ճինկփինկ իր ուղերձին մէջ շեշտեց, թէ աշխարհը պատերազմի ու խաղաղութեան երկընտրանքին առջեւ է, միաժամանակ խոստանալով արագացնել արդիական բանակի կառուցումը՝ պաշտպանելու համար Չինաստանի գերիշխանութիւնը: «Հաւաքուած ենք այսօր ամրապնդելու խաղաղութիւնը եւ կառուցելու աւելի լաւ ապագայ մը, մինչ մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ պատերազմի եւ խաղաղութեան երկընտրանքը», ըսաւ Չինաստանի նախագահը:
Ուքրանիոյ թղթածրարին անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց տեսակցելու իր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքիին հետ, սակայն շեշտեց, թէ Քիեւ պէտք է կազմակերպէ ընտրութիւններ եւ հանրաքուէ՝ տարածաշրջանային թղթածրարին մասին: «Եթէ Ուքրանիոյ հարցի խաղաղ միջոցներով լուծումը անկարելի ըլլայ, պիտի ստիպուինք մեր նպատակներուն հասնիլ ռազմական միջոցներով», սպառնաց Փութին:

