Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կ’ԱՐԾԱՐԾԷ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀԱԺԺԱՐԻ ՀԵՏ

September 4, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կ’ԱՐԾԱՐԾԷ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀԱԺԺԱՐԻ ՀԵՏ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, այցելեց ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժարին, ընկերակցութեամբ նախկին երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեանին: Հնչակեան պատուիրակութիւնը գնահատեց նախարարին աշխուժութիւնը եւ մանաւանդ երկրի դժուար պայմաններուն մէջ քաղաքապետական ընտրութիւնները յաջողցնելու ջանքը: Ժողովականները արծարծեցին լիբանանեան ներքին քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային նորութիւնները, շեշտելով կայունութիւնը պահպանելու եւ լիբանանցիներուն համագոյակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Երկուստեք ընդգծուեցաւ քաղաքացիներուն դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական խնդիրները լուծելու հրամայականն ու պետութիւն-քաղաքական ուժեր համագործակցութիւնը յանուն լիբանանցիներու բարօրութեան: Յաջողութիւն մաղթելով նախարար Հաժժարին, Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու համագործակցութիւնը նշեալ նախարարութեան եւ պետական բոլոր հաստատութիւններուն հետ, կարեւորելով մանաւանդ այս զգայուն փուլին պետութեան դերակատարութեան ամրացումը:

 

Share67Tweet42
Previous Post

ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Next Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔ

Next Post
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.