Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԾՎԱՅԵԼՉՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՆԱԼՈՒ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

   ԳԵՐՊԾ. Հ. ՄԱՇՏՈՑ Թ.Ծ.Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ    Պատրիարքական Փոխանորդ   Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան  եւ Մեծաւոր Զմմառու Վանքին

August 30, 2025
in Յօդուածներ
0
ՄԵԾՎԱՅԵԼՉՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՆԱԼՈՒ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

 

Հայոց ցեղասպանութեան դաժան օրերուն նահատակուած՝ Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը բազմաթիւ հարցադրումներ յարուցեց, թէ ո՞վ է սուրբը, ի՞նչ է սրբութիւնը եւ ինչո՞ւ յատկապէս Մալոյեան սրբութեան արժանացաւ։

Նախ փորձենք սահմանել, թէ ո՞վ է «սուրբ»ը եւ ի՞նչ է «սրբութիւն»ը։

Այս հարցումին պատասխանը տանք դարձեալ հարցադրումներով։

Ո՞վ է մարդը եւ ինչպէ՞ս կրնայ սրբանալ։

Ուսկի՞ց աշխարհ եկած է։

Ինչո՞ւ գոյութիւն ունի։ Ինչո՞ւ կ’ուզենք ճանչնալ եւ հետազօտել զինք։ Ինչպէ՞ս կը ճանչնանք զինք եւ այլն․․․

Այս բոլոր հարցադրումներուն պատասխանը գտնելու համար, նախ պէտք է ճանչնանք զԱստուած, որովհետեւ Ինք կ՛առաջնորդէ մեզ դէպի աւելի բարձր նպատակի, որ ճշմարտութեան հասնիլն է` ամէն բաներու սկիզբի մասին։

Աստուած ճանչնալով կը հասնինք ամէն բանի ծայրագոյն սկիզբին եւ ասոր կը հասնինք կրօնի միջոցաւ, այսինքն ինչպէս մենք կը ճանչնանք աշխարհը եւ թէ որքան մեր ճանաչումը իրականութեան համապատասխան է։

Ուրեմն, նախ կը քննենք մարդը, անոր էութիւնը, տեղը տիեզերքի մէջ։

Ապա կը քննենք անոր բարոյական վարքը եւ կ’ուսումնասիրենք անոր բարոյականութեան աղբիւրները։

Այլ խօսքով` կը քննենք աշխարհն ու մարդը։

Կրօնը կ’ընդգրկէ այս ասպարէզները։

Այսպէս, կրօնի միջոցաւ Աստուած մարդուն կը յայտնէ ճշմարտութիւնը, որ Աստուած աշխարհի սկիզբն է եւ յաւերժական է։

Այսինքն Ինքն է գոյը եւ միակ գոյութեան Արարիչը։

Ի՞նչ են գոյի յատկանիշերը։

Գոյն է յաւիտեան, անփոփոխ, կատարեալ, անշարժ եւ յատուկ։ Նման յատկանիշեր միայն Աստուծոյ յատուկ են։

Գոյն է աշխարհի սկիզբը։

Ամէն ինչ միութիւն է եւ մէկ գոյ է։

Անհրաժեշտ է, որ գոյը ըլլայ առաջին շարժողը, որ նիւթը շարժման մէջ դրաւ։ Այս տեսակէտը դարձաւ Աստուծոյ գոյութեան խելամիտ ապացոյցներու սկիզբը։ Այս դրութիւնը հիմնաւորեց նաեւ Թովմա Աքուինացին իր աստուածաբանական սկզբունքներուն մէջ, որ տիրապետեց արեւմտեան քրիստոնէութեան մէջ։

Իսկ եթէ Գոյն է աշխարհի սկիզբը եւ Ինքն է այսքան անթերիօրէն տիեզերքը տնօրինողը, ապա Իր երկրպագուները եւ Իրեն համար իրենց կեանքը զոհաբերող գերբնական առաքինութիւններով օժտուած անձինք, որոնք ձգտած են Գոյին կամքը կատարելով Սրբութեան հասնիլ եւ իրենք եւս, իրենց հերթին Միակ Գոյին, միակ Սուրբին կողքին յայտնուելով, միջնորդեն մարդուն` Սրբութեան հասնելու եւ փառաւորուելու Աստուծոյ Աջ կողմը, որովհետեւ Ինքն է առաջին Սուրբը` «Եւ փոփոխակի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէի “Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ է զօրքերու Տէրը. Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է”» (Եսայի 6։3)։

Ուստի բոլորս կանչուած ենք սրբանալու, քանզի այս է մեր Տիրոջ պատուիրանը, որ կ’ըսէ «Դուք Սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Տէր Աստուածը, Սուրբ Եմ» (Ղեւ 19, 2)։

Ահա թէ ո՞վ է Սուրբը` «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ, Տէր Աստուած Ամենակալ, որ Էր եւ Է եւ պիտի գայ» (Յայտ 4, 8)։

Արդ, մարդու կամեցողութենէն կախեալ է սրբութեամբ ընթանալը եւ մարմնացնել այս խօսքերն ու գործերը` ինչպէս իր վարքովն ու նահատակութեամբ մարմնացուց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան։

Ահա թէ ինչու Միաբանութեանս համար մեծվայելչութիւն է Սուրբ Աթոռի կողմէ խոստացուած` աստուածային շնորհներով օժտուած միաբանակից արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման հրամանագիրը։

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան եկաւ համալրելու համաքրիստոնէական սուրբերու օրհնեալ փաղանգը, որ հայոց պատմութեան մէջ եզակի եւ աննախադէպ երեւոյթ է։

                                                    

Share64Tweet40
Previous Post

ԱԼԻԵՒ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՊԱՀՈՒԸՏԻԼ ԹՐԱՄՓԻ ԵՏԻՆ

Next Post

ԶԷՆՔԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐԷՆ

Next Post
ԶԷՆՔԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐԷՆ

ԶԷՆՔԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.