Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՇԱՀՆՈՒՐԵԱՆ ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ  (Նիկոսիա)

August 2, 2025
in Յօդուածներ
0
ՇԱՀՆՈՒՐԵԱՆ ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ 

 

Օգոստոս 3-ը կը յուշէ, որ Շահնուր Քերեսթեճեանի (Շահան Շահնուր) ծննդեան տարեդարձն է (1903 թ.): Պոլիս ծնած եւ կեանքին մեծ մասը Ֆրանսա ապրած գրողը սփիւռքահայ գրականութեան ռահվիրաներէն եղաւ իր վերիվայրումներով լի կենսագրութեամբ: Իր առողջական երերուն վիճակը, կեանքի դառնութիւնները եւ ազգային ցաւերով գալարող սրտին բաբախումները ընդգծուած յոռետեսութեան առաջնորդեցին զինք: Խռովեալ ու վրդովեալ անոր հոգին քիչեր հասկցան: Այլամերժութիւնը զինք ուղղեց հայամերժութեան եւ ան սկսաւ գրել ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններ՝ կարծէք վրէժ լուծելու իր դէմ շղթայազերծուած եւ յաճախ ալ ծայրայեղութեան հասած քննադատութիւններուն ու խծբծանքներուն:

Շ. Շահնուր անունը ինքնըստինքեան մեզի կը յիշեցնէ թեւաւոր արտայայտութիւն մը, որ ի վերջոյ կլանեց ազգին բոլոր շերտերը: «Նահանջը առանց երգի»: Ահա այն վէպին անունը, որ լոյս տեսաւ 1929-ին: Երիտասարդ գրիչէ բղխած մարգարէական նախադասութիւն մը, որ այդ օրերուն անմարսելի էր եւ զայրացուցած բոլորը, որովհետեւ նոր տարագրուած հայութիւնը մեծ յոյսեր ունէր վերադառնալ հայրենի բնօրրաններ, կազմակերպուիլ եւ վերատիրանալ բռնախլեալ հայրենիքին, շուտով կազդուրուիլ եւ սլանալ Արեւմտեան Հայաստան թէ Կիլիկիա: Ահա այդ յուսավառութեան եւ վճռակամութեան օրերուն, այս իրապաշտ վէպը փոխանակ ահազանգ ըլլալու՝ տեսնելու համար իրականութիւնը, ինչպէս որ կայ, դարձաւ նշաւակ՝ որպէս պարտուողականութեան եւ ազգաձուլման խորհրդանիշ: Տասնեակ տարիներ պիտի անցնէին, որ մարդիկ աստիճանաբար անդրադառնային, որ Շահնուր տեսած էր այն՝ ինչ որ կ’անգիտանային շատերը՝ կամայ թէ ակամայ:

 

Ո՞ՒՐ ԵՆ ԼՕԽՈՒՄՆԵՐԸ

Վէպին մէջ կայ կերպար մը՝ Լօխումը, որ ֆրանսական ուծացող պայմաններէն ընդվզած, կը մտմտար Հայաստան երթալ եւ ջրանցքներ բանալ, հերկել հողը եւ կառուցել հայրենիքը: Մեծ Եղեռնէն ետք, ամէն հայ քիչ մը Լօխում եղած է, որ փափաքած է Հայաստան հաստատուիլ, սակայն մեծ մասը Հայաստանի փոխարէն անցած է հեռաւոր ամերիկաներ թէ աշխարհի տարբեր անկիւններ: Լօխումները աւելի խօսեցան, ամպագոռգոռ ճառեցին, յախուռն ելոյթներով մեծ-մեծ ջարդեցին, բայց քիչեր իսկապէս ուղղուեցան հայրենիք: Խօսքով Լօխում դառնալը չէ կարեւոր, այլ՝ գործով: Շահնուր կռահած էր, որ հայ կեանքին մէջ այնքա՜ն Լօխումներ պիտի վխտան, սերունդէ-սերունդ պիտի երազեն, առանց քայլ մ’իսկ առնելու:

Բարեբախտաբար, թէպէտ քիչ, բայց եղան Լօխումներ:

Երբ կը խօսինք Հայաստանի հզօրացման մասին, հարցը պէտք չէ՞ դնենք ուղղակիօրէն, ըսելով՝ առանց Լօխումներու հայրենիքը չի զօրանար: Շահնուր գնաց այս աշխարհէն 20 Օգոստոս 1974-ին, բայց Լօխումները մնացին հոն՝ ուր որ էին: Ո՞ւր են հայրենադարձ Լօխումները շահնուրեան:

 

ՊԵՏՐՈՍԸ ԴԱՐՁԱՒ ՓԻԷՌ

Վէպին հերոսն է Պետրոսը, որ օտար միջավայրի մէջ բնականաբար դարձաւ Փիէռ: Գայթակղեցաւ օտարուհի Նէնէթի հրապոյրէն եւ կեանքի յորձանուտին մէջ կամաց-կամաց հեռացաւ ազգէն ու ազգայինէն եւ օր մըն ալ կմկմալով չկրցաւ հայերէն աղօթել, որովհետեւ մոռցած էր «Հայր Մեր»ն անգամ: Ուրեմն, պարզ է, օտարի հողին վրայ լպրծուն է մեր կոխած վայրը, աւազի վրայ շինուած է ամէն ազգային կառոյց, ժամանակը պիտի մաշեցնէ ամենապինդ հայերն անգամ եւ երկու-երեք սերունդ ետք պիտի տեսնենք թէ գահավիժած է փառքն ու երազը հայկեան: Սա էր Շահնուրի ահազանգը, մնացեալը պատրանք է, ինքնախաբէութիւն մը վաղանցուկ: Եւ հոգեկան պրկումը հանրայայտ՝ «Մեղա՜յ, մեղա՜յ, Արարատին»:

Վերջերս հայու մը կը հարցնէի իր հայ դրացիին մասին եւ անոր չորս զաւակներուն կարգավիճակին շուրջ.- երկու դուստրերը ամուսնացած յոյներու հետ, տղան առանձնացած իր յոյն ընկերուհիին հետ, երրորդ դուստրը՝ գերմանացիի հետ, իսկ խօսակիցիս որդին ամուսնացած արաբ պաղեստինցիի հետ… մերօրեայ փիէռներ:

Վերջերս Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրութեան բաժնի անուանի դասախօսներէն, հմուտ գրականագէտ, բազում գիրքերու հեղինակ, գրականագէտ սերունդներ կերտած Սամուէլ Մուրատեան հրաւիրուած էր ԱՄՆ՝ իր թոռան մօտ: Ան բախտը ունեցած է լուսանկարուելու իր ծոռան հետ՝ սեւուլիկ խուճուճիկ աղջնակ մը արդարեւ:

ԱՄՆ-էն եկող ամէն ընտանեկան լուսանկար կը մատնէ ամէն ինչ՝ շլաչեայ, թխամորթ, դեղնամորթ, կարմրաթուշ նոր տեսակի կէս-հայերու ժպտուն դէմքերով:

Բանիմաց մէկը պիտի հարցնէր.- դուք դեռ Սեւրի դաշնագիրով Հայաստան կ’երազէ՞ք: Շահնուր պիտի գրէր՝ «Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»:

 

«ՄԱՀԱԶԴ»

Շ. Շահնուր կարճ գրութիւն մը ունի «Մահազդ» խորագիրով: Երկու հարազատ քոյրեր են եւ կեանքի ինչ-ինչ բերումով մին կը հաստատուի Ֆրանսա եւ միւսը՝ Գերմանիա: Տարիներ ետք, Ֆրանսայի մէջ, քոյրերը իրարու կը հանդիպին արդէն քիչ մը մեծցած իրենց դուստրերով: Քոյրերը կը խօսին հայերէն, մէկզմէկու կարօտը կ’առնեն հին-հին յիշատակներով, քաղցր յուշերով: Զարմուհիները չեն կրնար յարաբերիլ պատշաճ կերպով, լեզուական տարբերութեան պատճառով: Հարազատի զգացումներ դեռ չունին, բնականաբար: Եւ խաղալիքի համար կը վիճին: Ֆրանսաբնակը իր զարմուհիին՝ «ետ երկիրդ գնա՛, գերմանացի»…: Ի հարկէ, տարբեր երկիրներ ուռճացած հարազատներ պիտի օտարանան եւ կրեն իրենց երկրին դրոշմը, պիտի պաշտպանեն իրենց ապրած պետութեան շահերը, որմէ ետք արիւնակցական կապը պիտի մղուի երկրորդ տեղը, իսկ ազգութիւնը՝ երրորդ տեղը: Մէկ երկու սերունդ ետք, պիտի չխորթանա՞նք իրարմէ: Ահա վտանգ մը սպառնալից՝ շահնուրեան «մահազդ»ով:

 

ՄԵՐ ԹԱՂԸ ԵՒ ՇԱՀՆՈՒՐԸ

Անուններու հանդէպ ուշադիր եղած եմ միշտ: Ճանչցած եմ մէկ Շահնուր միայն: Մեր շէնքի առաջին յարկի դրացին: Չորս տղաք էին՝ Նուպար, Շահնուր, Ասպետ, Անդրանիկ Քեշիշեաններ: Մեր շէնքը՝ բոլորը հայեր: Փողոցին 80 առ հարիւրը՝ հայեր: Թաղը՝ 70 առ հարիւր հայաբնակ:

1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք, տարուէ-տարի նօսրացաւ հայութիւնը: Շահնուրենք առաջիններէն էին որ գացին՝ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը: Իմ ծանօթ Շահնուրը հասաւ Շահան Շահնուրի մօտ: Միւս ընտանիքները՝ ԱՄՆ, Աւստրալիա, Գանատա եւ այլն: Այսօր, սրտի կծկումով կը յիշեմ բոլորը, քանզի հայահոծ թաղէն հայերը դարձան հազիւ 5 տոկոսը միայն: Ցրուեցանք աջ ու ահեակ: Քանինե՞ր կը յիշեն այբուբենը, կ’աղօթեն հայերէն, կը կարդան Շահան Շահնուր…: Նահանջեցինք բանիւ ու գործով: «Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»:

 

ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ ԵՒ ԾԵԾԸ

Ինչպէս ըսինք, առողջական պայմաններու բերումով, Շահնուր եղած է խնդրայարոյց գրող մը, ըմբոստ եւ դասական կաղապարները շատ յաճախ մերժող: Ահա օր մը գրիչով կը վիճարկէ նահատակ գրող Ռուբէն Զարդարեանի նշանաւոր «Գամփռը» գրութիւնը: Պատասխանը չ’ուշանար: Գրողին որդիները, նոյնպէս գրողներ, Հրաչ եւ Ռաֆայէլ Զարդարեաններ, Փարիզի «Ֆլորա» ճաշարանին մէջ թիկունքէն կը յարձակին Շահնուրի վրայ՝ ճաշած պահուն: Լաւ ծեծ մը, մտաւորականներու վայել…: Արդէն հիւանդ Շահնուրի վրայ ծանր կ’ազդէ սոյն պատահարը: Եթէ մտաւորականներ այսքան անհանդուրժող են եւ ոխակալ, ի՞նչ սպասել այն միւսներէն, որոնք անգրագէտ են ու մոլեռանդ: Ապրի՛ն բռնցքամարտիկ Զարդարեանները…:

 

ՆԱՄԱԿԱԳԻՐ ՇԱՀՆՈՒՐ

Շ. Շահնուրի գրական ժառանգութեան մաս կը կազմէ անոր նամակագրութեան հսկայ արխիւը: Իր օրին ունեցած է աշխոյժ նամակագրական կապ անուանի դէմքերու եւ հեղինակներու հետ: Անոր նամակներէն կարեւոր մաս մըն ալ հրատարակուած է բարեբախտաբար: Այս առումով, պէտք է երախտագիտութեամբ յիշենք Գրիգոր Քէօսէեանի անունը, որ լոյսին բերաւ կարեւոր քանակ մը Շահնուրի նամակներէն:

Երկու հատուած անոր նամակներէն՝ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանին ուղղուած.

  «Առողջական վիճակս միշտ նոյնն է: Շան պէս կը չարչարուիմ ամէն օր, քարէն աւելի կարծր մահիճի մը վրայ երկարած, իմ կմախքացած մարմինովս: Եթէ կ’ուզես գիտնալ, թէ մարդիկ ինչպէս կ’ապրին դժոխքի կրակներուն մէջ, եռաժանիով տրորուած՝ ինծի հարցուր…»: 

 «Վիճակս կրկին ծանրացաւ: Սրունքս… պէտք պիտի ըլլայ ճեղքել կամ ծակել: Բժշկի դրամ չկայ: Արդէն ոչ մի բանի դրամ չունիմ: Նոյնիսկ դրոշմանիշի դրամ քովիններուս կ’ուզեմ, մեծ ամօթով»:

Շ. Շահնուր ի սկզբանէ եղաւ այլախոհ մտաւորական. մնաց այդպիսին մինչեւ վերջ. իր արտակեդրոնութեամբ դուռ բացաւ վէճերու եւ թեր ու դէմ կարծիքներու: Եւ հո՛ս է Շահնուրին մեծութիւնը՝ ինքնատիպութիւն՝ փշրելով ընդունուած եւ մարսուած թուացող կարծրատիպերը: Գրեթէ ամէն գրող, քննադատ, գրականագէտ, խմբագիր թէ յօդուածագիր անդրադարձած է անոր: Բազմիցս տպագրուած՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Ի հարկէ, առաջին բուռն յարձակումը եկաւ իր համերկրացի եւ սերնդակից Վազգէն Շուշանեանէն, որ իր կարգին ծանր բառապաշարով խարազանեց Շահնուրը: Շահնուրի մասին գրեցին մանաւանդ Գրիգոր Շահինեան, Գրիգոր Քէօսէեան, Արփիկ Միսաքեան, Անդրանիկ Փոլատեան, Թորոս Թորանեան, Պէպօ Սիմոնեան, հայրենի գրականագէտներ՝ Վազգէն Գաբրիէլեան, Արծրուն Աւագեան, Շաւարշ Մուղնեցեան եւ բազում ուրիշներ: Խորհրդային օրերուն իրմէ պատմուածք մըն ալ վերածուեցաւ հեռուստաթատրոնի: Պէյրութի մէջ՝ թատերախաղի: Ֆրանսերէն գործերէն մաս մը թարգմանեց Սարգիս Վահագն:

Արմէն Դարեանի (Ալֆոնս Ադդարեան) կարծիքէն հատուած մը՝ Շահնուրը լաւապէս ներկայացնող.

  «Սանձազերծ իր զայրոյթը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կոչ մը՝ մեր բանականութեան եւ մեր սիրտին՝ արթննալու մեր թմբիրէն, տեսնելու համար այն իրականութիւնը, որուն մատնուած է Սփիւռքը, աւելին՝ տեսնելո՛ւ անդնդախոր այն վիհը, ուր գահավիժած է հայութեան արեւմտեան թեւը, յորմէ հետէ որ ան կորսնցուց հայրենի հող, տուն եւ երդիք: Ճակատագրի մէկ խաղով, թէ արտաշիսեան ինչ որ անէծքով, կորստեան անդունդին մէջ ահա կը տապլտկի արտաւազդեան հայութիւնը, եւ մահի ու կենաց գուպարին մէջ, օրըստօրէ ուժաքամ, արիւնաքա՜մ կ’ըլլայ ան՝ մեր իսկ աչքերուն առջեւ:

  Ժամանա՛կ է, որ տեսնենք ատիկա, անդրադառնա՛նք ատոր: Ժամանա՛կ է, որ Արտաւազդը, որ կայ հայուն հոգիին մէջ, ազատագրուի իր կապանքներէն, իր ծանրածանր շղթաներէն»:

 

 

Share63Tweet40
Previous Post

ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԲԺԻՇԿ, ԳՐՈՂ ՈՒ ԽՄԲԱԳԻՐ ՏՈՔԹ. ԱՐՇԱԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Next Post

ԻՆՉՈ՞Ւ Է ՏԽՈՒՐ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ԻՆՉՈ՞Ւ Է ՏԽՈՒՐ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ

ԻՆՉՈ՞Ւ Է ՏԽՈՒՐ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.