Հայաստանի փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէին մէջ կատարուած նախաքննութիւնը պարզեց, թէ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, նախկին վարչապետ եւ նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար ՅովիկԱբրահամեան, վարչապետի եւ աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնները ստանձնած ատեն, օգտագործած է իր դիրքը եւ ազդեցութիւնը պետական ու տեղական մարմիններուն վրայ, շուկայէն աժան գինով հողամասեր ձեռք բերելով Դիլիջանի, Մխչեանի եւ Նարեկի մէջ:

