Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

July 26, 2025
in Հայաստան
0

 

* Հայաստանը համաշխարհային տաքացումէն ամենաշատ տուժածներէն մէկն է, չնայած երկրին ածխաթթու կազի արտանետումները համաշխարհային մասշտաբով չափազանց աննշան են. Ալթայի մէջ Բնութեան եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համաժողովին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Անոր խօսքով՝ երաշտները, հեղեղումները եւ վարարումները աւելի յաճախակի կը դառնան, իսկ լեռնային բնապահպանական համակարգերը չափազանց խոցելի են կլիմայի փոփոխութեան նկատմամբ։

Յիշեցնելով, որ Կենսաբանական բազմազանութեան մասին պայմանագրի կողմերուն համաժողովի 17-րդ հանդիպումը՝ COP17-ը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ 2026-ին, Փաշինեան վստահեցուցած է, որ Երեւանը պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը, որպէսզի ապահովէ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն, մերձեցնէ կողմերուն դիրքորոշումները:

Ան ԵԱՏՄ երկիրներու ներկայացուցիչները հրաւիրած է մասնակցելու COP17-ին։

 

* Ատրպէյճանէն Նախիջեւան ճանապարհի կամ ճանապարհները ապաշրջափակելու վերաբերեալ ի՞նչ կ’առաջարկէ ամերիկեան կողմը, ի՞նչն է քննարկման ենթակայ, եւ ի՞նչը՝ մերժելի, այդ ճանապարհը 100 տարիով վարձակալելու ամերիկեան առաջարկը ընդունելի՞ է, թէ՞ ոչ. վարչապետ Փաշինեան իր վերջին՝ հինգ ժամնոց ասուլիսի ընթացքին հաստատած էր ամերիկեան առաջարկին մասին, որ կը քննարկեն, ու համաձայնութիւն չկայ: Բայց թէ ինչո՞ւ չկայ, կամ ի՞նչն է խնդիրը, յստակ բան չէր ըսած:

Այդ ասուլիսէն ինը օր անց Նիկոլ Փաշինեանի խմբակիցը՝ պատգամաւոր Արման Եղոյեան փակագիծեր բացած է, թէ վարձակալութեան գաղափարը հայկական կողմին համար ընդունելի չէ եղած, ինքնիշխանութիւնը զիջելու վտանգ տեսած են:

«Մենք խօսում ենք ինքնիշխանութիւնի՞ց, արտապատուիրակումի՞ց, թէ՞ մենք խօսում ենք ո՞ւմ եւ ի՞նչ արտապատուիրակելուց»,- ըսած է ան:

Հարցումին, թէ վարձակալութեան առաջարկ կա՞յ, ՔՊ-ական պատգամաւորը պատասխանած է. «Նման գաղափար ամերիկացիներն ունէին, բայց դա մեզ համար ընդունելի չի եղել… որովհետեւ այդտեղ մենք նկատել ենք ինքնիշխանութեան զիջման վտանգ»: Ըստ Եղոյեանի՝ այս հարցը քննարկման սեղանին չէ:

 

Share67Tweet42
Previous Post

ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Next Post

ԱՂԲԱՊԱՏՈՒՄՆ

Next Post

ԱՂԲԱՊԱՏՈՒՄՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.