Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ՈՃԻՐՆԵՐ ԳՈՐԾՈՂՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

July 24, 2025
in Միջազգային
0
ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ՈՃԻՐՆԵՐ ԳՈՐԾՈՂՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Անցնող երկու շաբաթներուն Սուրիոյ հարաւային Սուէյտա քաղաքին եւ մերձակայ գիւղական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած ապահովական միջադէպերէն ետք, այս շաբաթ այնտեղ կը տիրէ զգուշաւոր հանդարտութիւն: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ հանրակառքերը մուտք գործած են Սուէյտա, քաղաքէն դուրս բերելու համար բախումի օրերուն այնտեղ արգելափակուած ընտանիքները: Ներքին գործերու նախարարութիւնը յանձնառութիւն յայտնեց Սուէյտայի մէջ յայտարարուած զինադադարի համաձայնութեան, հակառակ որոշակի խախտումներուն: Նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հանդարտութիւնը վերահաստատուած է, սակայն պետական հաստատութիւնները որոշ ժամանակի կարիք ունին, որպէսզի Սուէյտայի մէջ աշխատանքները վերսկսին:  Նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Սուէյտայի մէջ մարդոց գնդակահարումը եւ այդ մասին վկայող տեսագրութիւններու հրապարակումը համացանցին վրայ, տեղի ունեցածը համարելով վտանգաւոր ոճիրներ, որոնց պատասխանատուները պէտք է անյապաղ պատժուին: Ըստ նախարարութեան, պատկան մարմինները հետաքննութիւն բացած են՝ գտնելու համար  ոճրագործները եւ դատելու զանոնք, որովհետեւ ոեւէ անձ օրէնքէն բարձր չէ: Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ յայտարարեց, թէ նախարարը մօրէն կը հետեւի այն զեկոյցներուն, որոնք կ’ընդգծեն, թէ Սուէյտայի մէջ գործուած ոճիրներուն պատասխանատուները հագած էին զինուորական համազգեստ, թէեւ անդամ չեն պաշտպանութեան նախարարութեան ուժերուն:

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք իր կարգին հաւաստիացուց, որ սուրիական ուժերը մուտք չէին գործած Սուէյտա, ուստի այնտեղ կատարուած ոճրագործութիւններուն պատասխանատուն կառավարական ուժերը չեն, այլ՝ անծանօթ զինեալներ: «Կան ուժեր, որոնք կը փորձեն տապալել կառավարութիւնը, սակայն ինչո՞ւ», ըսաւ Պարրաք, Իսրայէլին կոչ ուղղելով երկխօսութեան խողովակներ բանալու սուրիացիներուն հետ, օգտուելով ամերիկեան միջնորդութենէն: Պատուիրակը վերստին շեշտեց Սուրիոյ կայունութիւնը, ապահովութիւնը, ամբողջականութիւնն ու արդարութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՆՍՏԱՑՈՅՑ ՅԱՆՈՒՆ ԿԱԶԱՅԻ

Next Post

ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԵԶԵՐՔԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Next Post

ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԵԶԵՐՔԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.