Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր ցաւակցութիւնը ու զօրակցութիւնը յայտնեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ա. Եուհաննա Ժ. Եազիճի պատրիարքին, Դամասկոսի Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան ցաւալի ու տխուր առիթով:
Իր ցաւակցական-զօրակցական նամակին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր խոր ցաւն ու ընդվզումը յայտնեց այլատեացութենէ ու կրօնամոլութենէ բխած ահաբեկչութեան երեւոյթին դէմ, միաժամանակ խստօրէն դատապարտելով զայն։ Նամակի աւարտին Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի զոհերու հոգիները լուսաւորէ, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ մխիթարութիւն՝ բոլորի ընտանիքներուն ու հարազատներուն։