Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր սուրիացի պաշտօնակից Ահմատ Շարաայի հետ եւ ցաւակցեցաւ անոր՝ Դամասկոսի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումին զոհերուն համար, ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն: Սուրիոյ Ներքին գործերու նախարարութեան բանբերը յայտնեց, թէ ապահովական խուզարկումներու ընթացքին Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած են եկեղեցւոյ դէմ գործուած արիւնալի յարձակումին պատասխանատուները, որոնք անդամներ են ՏԱՀԷՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ պայթումը կատարած են որպէս Սուրիոյ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ցնցելու միջոց: