Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

TIKTOK-ԷՆ ՏԱՃԱՐ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է

 ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

June 19, 2025
in Յօդուածներ
0
TIKTOK-ԷՆ ՏԱՃԱՐ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է

Այս արագափոխոխ եւ աղմկալից ժամանակներուն, երբ մարդը կը խեղդուի իմաստի բացակայութեան մէջ, կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, իսկ հոգին կը մնայ կարօտ մխիթարութեան, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ սկսած է նկատուիլ անակնկալ երեւոյթ մը։ Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, նոր սերունդ մը՝ ժամանակակից աշխարհի դատարկութենէն յոգնած, սկսած է դառնալ դէպի այն, ինչ մոռցուած կը համարուէր՝ աւանդական եկեղեցին։ Աւանդութեան մէջ անոնք կը վերագտնեն կորուսեալ խաղաղութիւն մը եւ նորոգեալ մօտեցում կը ցուցաբերեն Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդին, հոգեւոր ներհայեցող եւ ինքնամփոփ կարգապահութեան ու սրբութեան։

 

Catholic Herald-ի մէջ հրապարակուած յօդուած մը կը նշէ. «Ոչ միայն գոթական տաճարներու կամ լատին պատարագի փակ շրջանակներու մէջ, այլեւ երիտասարդ ամերիկացիներու սրտերուն մէջ, որոնք, մշակութային բոլոր հոսանքներուն հակառակ, հոսանքն ի վեր կը թիավարեն դէպի Կաթողիկէութիւն։ Այս երեւոյթը տարակուսանքի կը մատնէ թէ՛ աշխարհիկ վերնախաւերը, եւ թէ՛ ազատամիտ բողոքականները։ Ինչպէ՞ս կարելի է, քայքայումի եւ թուային ոչնչապաշտութեան (nihilism) այս դարաշրջանին, կարգ ու կանոնի, ծէսի եւ խոստովանութեան Եկեղեցին ընկալել՝ իբրեւ «գրաւիչ» (cool)»։

Այս սերունդը, որ ժառանգած է ոչ թէ իմաստ, այլ ալկորիթմեր՝ նախատեսուած գուշակելու նոր սերունդին քայլերը` առանց ըմբռնելու անոր հոգիին խորութիւնը, այսօր կ’ապրի հոգեւոր սովի մէջ։ Ազնուութեան, աղօթքի եւ խորհրդաւոր լռութեան փոխարէն, անոնց տրուած է անզգայացնող «TikTok-բուժում» մը՝ աւելի բթացնող քան մխիթարող։ Եւ երբ հոգածութեան անունով կը վաճառուին «ինքնասիրութեան» մեթոտներ՝ փափուկ բառերով եւ մշուշոտ խոստումներով, շատերու մէջ ծնունդ կ’առնէ խոր եւ անբացատրելի պակաս մը, ներքին բաւարարութեան մը փնտռտուքը, որ ո՛չ մէկ պայծառ էքրան կրնայ լեցնել։

 

Թուային աշխարհը այսօր վերածուած է միջոցի մը, որ անցած է մարդկային բարոյականութեան սահմանները, ուր ատելութիւն, բամբասանք, հայհոյանք, մակերեսայնութիւն եւ կեղծիք ոչ միայն նսեմացուցած են մարդուն բարոյական գիտակցութիւնը, այլ նաեւ աղաւաղած մարդկային էութիւնը: Այս աշխարհին շլացուցիչ գրաւչութիւնը մեզ սորվեցուցած է բաւարարուիլ մակերեսային գեղեցկութեամբ, արուեստական բաւարարուածութեամբ եւ անցողիկ զգացումներով, որոնք կու գան ու կ՚անհետանան կայծակնային արագութեամբ։ Բայց այս փայլքը ժամանակաւոր կրկներեւոյթ (mirage) մըն է։ Այսօրուայ մարդը՝ մանաւանդ երիտասարդը, զգայուն է այս դատարկութեան ճշմարտութեան նկատմամբ։ Ան կը զգայ, որ հոգին սոված է, արմատները՝ կտրուած։ Ու այսպէս, ի վերջոյ, ինչ որ կը փնտռէ՝ զուարճանք կամ վայրկենական հաճոյք չէ, այլ իմաստ մը, որ չի խամրիր։

 

Եւ ահա հոս կը սկսի բացուիլ ուղի մը՝ ոչ դէպի նորութիւն, այլ դէպի մոռցուած արմատները. դէպի աւանդութիւն, դէպի հաւատք, դէպի այն հոգեւոր ժառանգութիւնը, որ տարիներ շարունակ լոյսը պահած էր լռութեան մէջ։ Թուային աշխարհը, որ ժամանակ մը հաւատքը փոխարինելու մեծխօսիկ յաւակնութիւնը ունէր, այսօր ինք կը բացայայտէ իր ամլութիւնը՝ փայլուն կեղեւ մը առանց հոգիի։ Թուային աշխարհը չի ճանչնար լռութեան խորութիւնը, եւ չի կրնար տալ այն մխիթարութիւնը, որ միայն հաւատքին խորքէն կը բխի։

 

Ժամանակն է, որ Եկեղեցին վերադառնայ իր իսկական կոչումին, ոչ որպէս կառոյց, այլ որպէս բաբախող սիրտ։

 

Ինչպէս Եղիշէ արք. Դուրեան, պատրիարք Կոստանդնուպոլսոյ (1909-1911) եւ ապա Երուսաղէմի (1921-1930), ըսած է՝ «[Եկեղեցին] զոր ո՛չ փայտակերտ աղօթարանի եւ ո՛չ քարաշէն տաճարի նիւթական նշանակութեամբ կ’իմանանք, այլ կ’ըմբռնենք մա՛նաւանդ այն եկեղեցին՝ որ ‹սեպհական ժողովուրդ› կը թարգմանուի:»

 

Մարդը որքա՜ն կարիքը ունի հոգեղէն մաքրումի, յոյսի եւ լոյսի՝ բաներ, որոնք այսօրուան քաղաքական ժխորին մէջ, աշխարհը չի կրնար տալ այլեւս։ Այս օրերուն, երբ կարծէք մեզի հասած աշխարհը կը կքի իր իսկ ստեղծած հիմքերուն տակ, Եկեղեցին կոչուած է վերազարթնելու՝ ոչ որպէս անցեալի շքեղ յուշարձան, այլ որպէս ներկայի կենդանի աղբիւր։ Աղբիւր մը, որուն ջուրերէն կը հոսին սէր եւ ճշմարտութիւն։ Աղբիւր, ուր Աստուած կը սպասէ հայրական հոգատարութեամբ։ Եւ երբ երիտասարդը կը տեսնէ, թէ այս լոյսը դեռ չէ մարած, չի մօտենար որպէս ճամբորդ ու զբօսաշրջիկ, այլ որպէս զաւակ, որ երկար թափառումէ ետք իր տունը կը վերադառնայ։

 

«Տարբերակ 21»

 

Share63Tweet39
Previous Post

«ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ ՀՆՉՈՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ ԵՆ ՄԵՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ»

Next Post

ՓԱՓԿԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ԵՐԵՔ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ

Next Post
ՓԱՓԿԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ԵՐԵՔ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ

ՓԱՓԿԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ԵՐԵՔ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.