Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)

June 12, 2025
in Յօդուածներ
0

– Աթանեսեան Գարիկ, Գալստեան Միհրան, Յակոբեան Գայիանէ, Անգելուշ Լուսինէ, «Պատերազմ եւ յիշողութիւն. Արցախեան երկրորդ պատերազմի յուշարձանացման հիմնախնդիրը», ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 168 էջ (2021-2023-ին դաշտային աշխատանքներու միջոցով հաւաքուած նիւթերու ներկայացում եւ վերլուծութիւն): Հրատարակուած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի գանձատրումով։

– Ալեքսանեան Նունէ (կազմող, թարգմանիչ եւ հարցավար), «Սերկէյ Փարաճանով. Յաւերժական շարժում», «Վերնատուն» հրատարակչութիւն, Երեւան, Մայիս 2025, 256 էջ (15 x 23 սմ.) (շարժարուեստի ականաւոր բեմադրիչի կեանքին առնչուած տարբեր նիւթերու ժողովածու՝ նամակներ, հարցազրոյցներ, յուշեր, խոհագրութիւններ եւ այլն):

– Էօրտեքեան Յովիկ, «Հ. Բ. Ը. Միութեան հայրենական գործունէութիւնը 1991-2021 տարիներուն (ակնարկ)», հեղինակային հրատարակութիւն, «Զանգակ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2025, 368 էջ (15 x 20,7 սմ.) (Հ.Բ.Ը.Միութեան հայրենական երեսնամեայ գործունէութեան ամբողջական ներկայացումը, անձնանուններու եւ օգտագործուած գրականութեան ցանկեր): Հատորը հրատարակուած է Հ.Բ.Ը.Միութեան «Լեւոն Զ. Սիւրմէլեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ։

 

– Կեցոյեան Գարլոս Ն. (Ketzoian Carlos N.), «Ուրուկուէյ 1965 – Հայոց ցեղասպանութեան առաջին ճանաչումը» (Uruguay 1965 – Primer reconocimiento del genocidio armenio), յառաջաբանը՝ Վանիա Մարգարեանի, «Պերրեթին» հրատարակչութիւն (ediciones del Berretin), Մոնթէվիտէօ, Ապրիլ 2025, 254 էջ (15,5 x 21,7 սմ.) (Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջինը ճանչցած պետութեան՝ Ուրուկուէյի համապատասխան օրէնքի գործընթացի ամբողջական պատմութիւնը, աղիւսակներ, ձեռնարկներու եւ որմազդներու լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու, գրականութեան եւ յապաւումներու ցանկեր) (սպաներէն):

 

– Համբարձումեան Նաիրա, «Էլպիս Կեսարացեան – Էսսէներ, բանաստեղծութիւններ, նամակներ», «19-րդ դարու արեւմտահայ կին հեղինակներ» մատենաշար, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025, 172 էջ (հայերէն կնոջական առաջին պարբերաթերթի՝ «Կիթառ»ի խմբագիր եւ հրատարակիչ, հայկական կնոջական շարժման առաջին դէմքերէն Էլպիս Կեսարացեանի գործունէութիւնը՝ անոր թողօնին ներկայացումով): Լոյս տեսած է «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան» հրատարակչական հիմնադրամի միջոցներով։

 

– Մերրէ Քարին (Merret Carine), «Արեւելքի քրիստոնեաները եւ Ֆրանսան. Փոթորկոտ կիրքի հազար տարի» (Les Chrétiens d’Օrient et la France: Mille ans d’une passion tourmentée), յառաջաբանը՝ Ժան-Ֆրանսուա Գոլոսիմոյի (Jean-François Colosimo), «Պալլան» (Balland) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 23 Յունուար 2025, 458 էջ (15,2 x 23,5 սմ.) (զգալի տեղ յատկացուած է Ֆրանսայի դերին հարիւր տարի առաջ Կիլիկիոյ մէջ եւ վերջին տասնամեակներուն՝ Արցախի հարցին մէջ) (ֆրանսերէն):

 

– Միրաք-Վայսպախ Միւրիէլ (Mirak-Weissbach Muriel), «Գերմանացի զօրավար մը եւ Հայկական ցեղասպանութիւնը – Օթթօ Լիման ֆոն Զանտերսը պատուի եւ պետութեան միջեւ» (A German General and the Armenian Genocide – Otto Liman von Sanders between Honor and State), «Պերկահն» (Bergahn) հրատարակչութիւն, Նիւ Եորք եւ Օքսֆորտ, Յուլիս 2025 (Օսմանեան բանակին մէջ ծառայած գերմանացի զօրավարին առնչութիւնները Մեծ Եղեռնին հետ) (անգլերէն):

 

– «Յովհաննէս Քաջազնունին ճարտարապետ», հրատարակութիւն Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի, Երեւան, 2025 (15 Հոկտեմբեր 2024-ին Երեւանի մէջ կայացած գիտաժողովի զեկուցումները):

 

– «Յուշամատեան Հայ ազգային բուժարանի հարիւրամեակի», խմբագիր՝ Վարուժան Թենպէլեան, հրատարակութիւն Հայ Ազգային բուժարանի խնամակալութեան, Պէյրութ, 2024, 140 էջ (Լիբանանի Հայ Ազգային բուժարանի (1923-1938՝ Մաամըլթէյն, 1938-էն՝ Ազունիէ) համապարփակ պատմութիւնը, լուսանկարներ):

 

– Պենտաուտ Վիթթորիօ Ռոպիաթի (Bendaud Vittorio Robiati), «Անմոռուկ – Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ մոռացութիւնը» (Non ti scordar di me – Storia e oblio del Genocidio Armeno), յառաջաբանը՝ Փաուլօ Միելիի (Paolo Mieli), վերջաբանը՝ Անթոնիա Արսլանի (Antonia Arslan), «Լիպերիլիպրի» (Liberilibri) հրատարակչութիւն, Հռոմ, 9 Ապրիլ 2025, 216 էջ (11,9 x 19,4 սմ.) (իտալերէն):

 

– Սահակեան Լուսինէ, Սարգսեան Անի, Պաղտասարեան Կորիւն եպս. (աշխատասիրողներ), «Հայոց ցեղասպանութեան զոհ կանանց եւ երեխաների փրկութեան գործը «Տեղեկատու դիւան»ի վաւերագրերում + Զաւէն պատրիարքի զեկոյցը Ազգերի լիկային», խմբագիրներ՝ Ռուբէն Մելքոնեան, Վահրամ Պետրոսեան եւ Վաչէ Բրուտեան, ֆրանսերէն վաւերագիրներու թարգմանիչ՝ Ասիա Ղարիպեան, «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025 (1918-էն ետք Զաւէն արք. Տէր Եղիայեան պատրիարքի նախաձեռնութեամբ որբախնամ աշխատանքները): Ժողովածուն լոյս տեսած է համագործակցութեամբ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւնների հիմնարկի։

 

– Սարգսեան Սուրէն, «Հայ ազգային-ազատագրական պայքարի 1885-1908 թթ. փուլը հնչակեան գործիչների գնահատմամբ», խմբագիր՝ Գեղամ Յովհաննիսեան, «Մեսրոպ արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 252, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 191 էջ (15 x 21 սմ.): Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով: Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր Սուրէն եւ Դաւիթ թոռնիկներուն։

 

– Սարգսեան Սուրէն, «Միհրան Տամատեան», խմբագիր՝ Ալպերթ Խառատեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025, 416 էջ: Հրատարակուած է Երեւանի «Գլաձոր» համալսարանի եւ Սեւծովեան-Կասպեան տարածաշրջանի քաղաքական եւ սոցիալական հետազօտութիւնների հիմնարկի գիտական խորհուրդներուն երաշխաւորութեամբ։ Տպագրուած է Թեքէեան մշակութային միութեան Ա.Մ.Ն.ի եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան մեկենասութեամբ։

 

– Քասունի Երուանդ Հ., «Հարիւրամեայ ատենագրութիւնը՝ ուղեցոյց եւ առաջնորդ», հրատարակութեան պատրաստութիւն՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հրատարակչական գրասենեակի, տպարան Design Kesdenian, Պէյրութ, 2024, 168 էջ (17 x 24 սմ.) (Հայ աւետարանական եկեղեցիներու 5-10 Յուլիս 1922-ին Սթամպուլի մէջ կայացած համաժողովին ատենագրութիւնը, անոր բովանդակութեան վերլուծութիւնը, առնչակից 8 յաւելուածներ ու այլ նիւթեր, մեծաքանակ ծանօթագրութիւններ, անգլերէն եւ արաբերէն ամփոփումներ, հեղինակին գիտական կենսագրութիւնը եւ լոյս ընծայած կամ աշխատասիրած հրատարակութեանց ամբողջական ցանկը): Հեղինակը ժողովածուն ձօնած է հայագիտութեան իր մենտորին՝ մեծ հօրը՝ վերապատուելի փրոֆեսոր Եղիա Ս. Քասունիի (1894-1959) վաստակաշատ յիշատակին՝ ծննդեան 150-ամեակին առիթով։ Հրատարակութեան պատրաստութեան եւ տպագրութեան նիւթական պատասխանատուութիւնը սիրայօժար ստանձնած է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը։

 

– Օտեան Երուանդ (Odian Yervant), «Տասներու տարի Պոլսէն դուրս, 1896-1908» (Twelve Years away from Constantinople, 1896-1908), անգլերէնի թարգմանեց Նանոր Գպրանեան, հրատարակիչ՝ «Կոմիտաս» հիմնարկ, Լոնտոն, 2025, xx + 274 էջ (նախաբան, թարգմանիչին կենսագրութիւնը) (անգլերէն):

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԿԱԶԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՊԱՅԹՈՒՄ ԵՒ ԶՈՀԵՐ

Next Post

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ ՍՏԱՑԱՆՔ 

Next Post

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ ՍՏԱՑԱՆՔ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.