Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր շեշտեց Լիբանանի սեփական ոլորտին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս Լիբանանի բարգաւաճումի միջոց: Ան քննադատեց սեփական ոլորտին մէջ ապօրինի հաստատութիւններուն գործունէութիւնը եւ շեշտեց այդ խնդիրը լուծելու կարեւորութիւնը: Ժապէր դիտել տուաւ, թէ արաբական եւ միջազգային շարք մը հաստատութիւններ պատրաստակամութիւն յայտնած են ֆինանսաւորելու Լիբանանի սեփական ոլորտը եւ ներդրումներ կատարելու անոր մէջ: