Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտնեց, որ բոլոր վտանգները տակաւին առկայ են, նկատի առնելով որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուած չէ: «Մեր ինքնիշխանութեան եւ կարմիր գիծերու ծիրին մէջ ամէն ջանք կը թափենք, որպէսզի կնքենք խաղաղութեան պայմանագիր մը, որպէսզի նոր մագլցում, նոր պատերազմ չըլլայ, նոր զոհեր չտանք», ըսաւ Պապոյեան:
Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան յստակացուց, որ Հայաստանի տարածքին «Արեւմտեան Ատրպէյճան» գոյութիւն չունի: Արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ վերստին հնչած «Ատեւմտեան Ատրպէյճան» խօսոյթին, Պատալեան յստակացուց, որ արեւմտեան Ատրպէյճանը պարզապէս Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններն են: Նշենք, որ հայկական կողմը յաճախ ահազանցած է, որ Արեւմտեան Ատրպէյճանի խորագրին տակ Պաքուի նկրտումները տարածքային պահանջ են Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: