Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ զանազան շրջաններու մէջ կատարուած ապահովական գործողութիւններուն ընթացքին հետախուզական ծառայութիւնները ձերբակալած են 11 կասկածելիներ, որոնք հիւսիսային գաւառներուն մէջ կազմակերպուած ընտրութիւններէն ետք կատարած էին հրաձգութիւն՝ վտանգելով քաղաքացիներուն ապահովութիւնը: Ձերբակալուած անձերու բնակարաններուն խուզարկումին ընթացքին յայտնաբերուած է մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք: