Ընդառաջելով իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին հրաւէրին, Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Փարիզ, ուր Էլիզէի պալատին մէջ տեսակցեցաւ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Վերջինս Փարիզի աջակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ վերակառուցումին, կոչ ուղղելով պահպանելու երկրին անկախութիւնն ու կայունութիւնը, յարգելով գերիշխանութիւնն ու հողային ամբոջականութիւնը: Իսկ արտաքին գործերու նախարար Ժան-Նուէլ Պարօ յստակացուց, որ իրենք պիտի հետեւին Սուրիոյ իշխանութիւններու վարուելակերպին եւ ըստ այնմ վճռեն յաջորդ քայլերը: «Մեր որոշումներուն համար նկատի պիտի առնենք Դամասկոսի իշխանութիւններուն գործերը, ոչ թէ յայտարարութիւնները», ըսաւ նախարարը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւնները գաղտնի բանակցութիւններ կը վարեն Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ: Իր տեղեկութիւնները վերագրելով լաւատեղեակ աղբիւրներու, «Ռոյթըրզ» նշեց, որ հաղորդակցութիւնները սկած են Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաայի Ապու Տապի կատարած այցելութենէն եւ էմիրաթցի պատասխանատուներու հետ ունեցած տեսակցութիւններէն ետք: Սուրիական ապահովական աղբիւր մը, սակայն, «Ռոյթըրզ»ին յայտնեց, թէ հաղորդակցութիւնները կը կեդրոնանան բացառաբար ապահովական թղթածրարներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ: