Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎8  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

April 26, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0

 

   

    «ԱՐԱՐԱՏ», 6-11 Ապրիլ 1970

Այս շաբթուան թիւերուն մէջ տիրապետող եւ ուշագրաւ են երկու նիւթեր.

ա) Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ սարքելի «Թրքական շաբաթ»-ին դէմ հայ ուսանողութեան բողոքի ցոյցը ու ատոր իբրեւ հետեւանք՝ թրքական ձեռնարկներուն ջնջումը։

Ծանօթ է, որ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը, 1965-ին, ցուցական ու պահանջատիրական ձեռնարկներու տեսակէտով անկիւնադարձ մը պիտի ըլլար Հայաստանի թէ Սփիւռքի մեր երկու թեւերուն համար։ Երեւանի պողոտաներուն վրայ,– սովետ խստադէմ ոստիկաններու վախազդու հայեացքին տակ,–հայ զանգուածները պիտի չվարանէին «Մեր հողե՜րը, մեր հողե՜րը» բացականչելու, մինչ սփիւռքեան բազմաթիւ ոստաններու մէջ՝ Փարիզ, Լոնտոն, Աթէնք, Թեհրան, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս կամ Պուէնոս Այրէս, ապրիլեան ոգեկոչումները անպայման պիտի դրսեւորուէին դէպի թրքական դեսպանատուներ երթով, քայլարշաւներով…։ Այո՛, Սփիւռքի մեր պատմութեան մէջ անկիւնադարձ մըն էր այս, որ կարճ ժամանակ յետոյ պիտի փոխակերպուէր զինեալ ընդյատակեայ պայքարի…։

Ի՞նչ պատահեցաւ Պէյրութի մէջ 6 Ապրիլ 1970-ին։

Թուրքիոյ դեսպանատունը ծրագրեր էր «Թրքական շաբաթ» մը սարքել Ամերիկեան համալսարանի Ուէսթ Հոլին մէջ՝ ցուցահանդէսով մը, երկու դասախօսութեամբ, դաշնամուրի համերգով ու ազգագրական երեկոյթով մը։ Թուական՝ 6-10 Ապրիլ, այսինքն՝ Ապրիլ 24-եան մեր ոգեկոչումներու անմիջական նախօրէին։

Համալսարանի հայ ուսանողութիւնը (500 հոգի), արթնութեան եւ սթափութեան աննախադէպ շարժումով մը, «Թրքական շաբաթ»-ին բացման օրն իսկ, կը յաջողի խափանել այդ ձեռնարկը։ Հայ ուսանողները, հակաթուրք երկլեզու (արաբերէն-անգլերէն) պաստառներ պարզած, հաւաքաբար կը գրաւեն դէպի ծրագրեալ ցուցահանդէսը առաջնորդող բոլոր դռներն ու աստիճանները եւ կ՛արգիլեն հանրութեան մուտքը հոն…։ Համալսարանի շէնքին առջեւ տեղի կ՛ունենայ կարգապահ ու տպաւորիչ ցոյց մը։ Լիբանանահայ Համալսարանականներու Միացեալ Մարմինի ներկայացուցիչները, այս առթիւ, կ՛ընդունուին համալսարանի նախագահին ու փոխնախագահին կողմէ ու անոնց կը բացատրեն իրենց բողոքին դրդապատճառը։ Համալսարանի վերատեսչութինը արդար ու համոզիչ գտնելով հայ ուսանողութեան բողոքը՝ վերջնականապէս ԿԸ ՋՆՋԷ «Թրքական շաբաթ»-ի նախօրօք ծրագրեալ բոլո՜ր ձեռնարկները…։ «Արարատ» այս լուրը կը հաղորդէր սա՛ խորագրով. «Աննախընթաց խաղաղ ցոյցով մը 500-է աւելի հայ համալսարանականներ ձախողցուցին ՛՛Թրքական շաբաթ՛՛-ը»։ Ցոյցին անդրադարձեր է լիբանանեան մամուլն ալ։

Թերթը առանձին խմբագրականով մըն ալ արժեւորեր է եղելութիւնը («Պատուաբեր սերունդ մը»)։ Յատկապէս գնահատեր ու սրտապնդիչ գտեր է հայ ուսանողութեան ցուցաբերած միասնակամութիւնն ու համագործակցութիւնը։

բ) Այնթապի հերոսամարտին 50-ամեակը։ Այս նիւթին վերաբերեալ թերթը հիւրընկալեր է քանի մը յօդուածներ (մէկը՝ «Էջմիածին» ամսագրէն արտատպուած Արթուն Հատիտեանի գրութիւնն է) ու ծանուցեր է նաեւ այն ձեռնարկները, որոնք պիտի կայանան եղեր այդ առթիւ։

Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը կոնդակով մը ոգեկոչեր է իր նախորդներէն Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսը, անոր ծննդեան 200-ամեակին առթիւ։ Վեհափառը թելադրեր է, որ Սեպտեմբեր ամսուն հանդիսաւոր հոգեհանգիստով եւ կենդանի խօսքով յիշատակուի Աշտարակեցին, որ հիմնադիրն եղեր է ԹիՖլիսի Ներսիսեան նշանաւոր վարժարանին (1816, գոյատեւած է շուրջ մէկ դար), բայց նաեւ, հայ կամաւորական գունդերու գլուխն անցած՝ զէն ի ձեռին մասնակցեր է Երեւանի ու Էջմիածնայ գրաւման հերոսամարտերուն, ռուսական բանակին կողքին, ընդդէմ պարսից (1827)։

Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի), Երեւան տպուած նոր գիրքի մը առիթով, լուսարձակի տակ առեր է դիւանագիտական ասպարէզը։  Այդ գիրքը կը կոչուի «Դիւանագիտութիւն եւ արտաքին յարաբերութիւնների մարմիններ» (հեղ.՝ փրոՖ. Աղասի Եսայեան)։ Ըստ յօդուածագրին, «մեր հասարակական գործիչներուն յաճախ պակսած է դիւանագիտութեան նուրբ արուեստին իմացումը։ Ատկէ շատ տուժած ենք հաւաքաբար»։

Մինաս Գանգրունի այս շաբաթ ալ շարունակեր է իր յօդուածաշարքը «ազգային ու միջազգային երաժշտական գործիքներ»-ու մասին։ Այս անգամ խօսեր է մելոտիոմի (փոքր երգեհոն մը), թորէի (սրինգի տեսակ մը), սազի (եռալար մանտոլին), բորթաթիֆի (երգեհոնիկ մը) եւ շալիշիմի (եռանկիւնաձեւ հարուածային նուագարան մը) մասին։

Յովսէփ Ս. Պ. Ճիռեան (նշուած է՝ «գրականութեան տոքթոր Սորպոնէն») անդրադարձեր է այդ օրերուն ծաւալած ու բաւական աղմուկ բարձրացուցած Շահան Շահնուր-Վահագն Դաւթեան գրավէճին, որ ծայր տուեր էր Շահնուրի հին մէկ գրութեան Ս. Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ արտատպումին հետեւանքով։ Բայց, ինչպէս միշտ, Ճիռեանի լեզուն ու գաղափարները այնքան անմշակ են ու տարտամ՝ որ ո՛չ կարելի է հասկնալ թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ, ո՛չ ալ կարելի է իմանալ, թէ ինք Շահնո՞ւրի կողքին է, թէ՞ Վահագն Դաւթեանի…։

Աշխատակից Ալպեր Մինասեան, ինչպէս ասկէ առաջ, ներկայացուցեր է վերջերս բեմադրուած ոչ-հայկական փիէս մը (արաբերէն), որ կը կոչուի եղեր «Քարթ պլանշ»։ Նի՞ւթը. հանրատունի մէջ «աշխատող» աղջիկներու պատմութիւն մը…։ Ըստ իրեն՝ թատերախաղը «ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս իմբերիալիզմը դեմոկրատական դիմակի ներքեւ կը շահագործէ նոյնիսկ պոռնիկները»…։

Ու դարձեալ… Լենինի ծննդեան 100-ամեակը։ Այս անգամ թերթը հրատարակեր է այդ հարիւրամեակին առթիւ համալիբանանեան «Ազգային յոբելենական յանձնաժողով»-ին մաս կազմող անուններուն լրիւ ցանկը։ Չզարմանաք, եթէ ըսեմ, թէ այդ յանձնաժողովը կը բաղկանայ եղեր… 215 անձնաւորութիւններէ, ընդգրկելով բարձրաստիճան պետական դէմքեր, երեսփոխաններ, սենտիքալիստներ, լրագրողներ, իրաւաբաններ եւ այլն։ Ցանկին մէջ համրեցի 8 հայու անուն. Յարութիւն Ճէրէճեան (Կուժունի), Աւետիս Տէմիրճեան, Ժիրայր Նայիրի, Տիգրան Թոսպաթ, Սօսի Մատէեան, Պարոյր Երէցեան, Յարութիւն Մատէեան, բժ. Յարութիւն Լաչինեան։ Առաջին երեք անունները հնչակեաններ են։ Մինչ այդ ծանուցուեր է արդէն, թէ Սինէ Ռիվիերայի մէջ, Ապրիլ 13-ին, «Յարգանքի հանդիսութիւն» մը պիտի կայանայ Լենինի յիշատակին, բանախօսներ ունենալով Աւետիս Տէմիրճեանը, Ժորժ Հաուին եւ Յարութիւն Մատէեանը։

Հալէպէն յղուած մահագրական մը կ՛անդրադառնայ ընկ. Երուանդ Իգնատոսեանի բարեմասնութիւններուն։ Յօդուածագիրը՝ Ռ. (հաւանաբար Ռուբէն Տիրարեանն է) կ՛ըսէ թէ ողբացեալը բնիկ այնթապցի էր, ծնած՝ 1903-ին։ Արհեստով եղած է մանածի ներկարար եւ ջուլհակ։ Կանուխէն մաս կազմեր է Հնչակեան կուսակցութեան, մասնակցեր՝ Այնթապի հերոսամարտին։ Շրջան մը ապրեր է Հալէպ, աւելի ուշ՝ Պէյրութ, ուր ալ մահացեր է 17 Փետրուար 1970-ին։

Հրատարակուեր է բաւական ընդարձակ հաղորդագրութիւն մը «Սուրիահայ Յառաջդիմական Ճակատ»-ի Գ. համագումարին կողմէ, որ կայացեր է Դամասկոսի մէջ, 28 Փետրուար-2 Մարտ։ Այս ճակատը, եկեղեցական տագնապի եւ կուսակցական հակամարտութեանց այդ տարիներուն, ի մի կը ժողվէր ոչ-դաշնակցական շրջանակները ու կը ջանար հակազդել իր գաղափարական հակառակորդին՝ Հ.Յ.Դ.-ին (նաեւ Անթիլիասին), այնքան՝ որքան կրնար կամ կը յաջողէր…։ Հաղորդագրութեան լեզուն եւ ոճը կծու է ու բիրտ։ Ան կը դատապարտէ միջինարեւելեան գօտիներէն արտագաղթը քաջալերող ԱՆՉԱ-ն, «ապօրինի» կը նկատէ Բերիոյ Թեմի (Հալէպ) Ազգ. Գաւառական ժողովի ընտրութիւններն ու նոր առաջնորդի (Տաթեւ վրդ.) նշանակումը, միւս կողմէ ալ՝ իր նեցուկն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ Դամասկոսի Ազգ. Իշխանութեան։

Ազգային ի՞նչ ծանուցումներ կան այս շաբաթ։ Տեսնե՛նք։

— Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը (որ, ի դէպ, շա՛տ աշխոյժ ընկերակցութիւն մըն էր այդ տարիներուն եւ կանոնաւոր հետեւողականութեամբ կը հրատարակէր «Բժիշկ» սքանչելի ամսագիրը – Լ.), Քանսէրի Համաշխարհային Օրուան առթիւ, այդ անողոք հիւանդութեան կանխարգիլման ու ախտաճանաչման մասին բազմաձայն զրոյց մը պիտի սարքէ եղեր 10 Ապրիլին, Լիբանանահայ մշակութային միութեան «Կոմիտաս» սրահը (Քանթարի)։ Նիւթին շուրջ պիտի արտայայտուին եղեր բժիշկներ Յ. Եագուպեան, Յ. Գրգեաշարեան, Ա. Գույումճեան, Տ. Միքայէլեան եւ Յ. Մալաքեան։ Համադրողը՝ տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեան։

— Հ.Բ.Ը.Միութեան Պէյրութի մասնաճիւղը 15 Ապրիլին «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ պիտի նշէ եղեր միութեան 64-րդ տարեդարձը՝ գեղարուեստական յայտագրով ու երկու բանախօսութեամբ (Արհ. Մեսրոպ եպս. Թերզեան եւ գրագէտ Վահէ-Վահեան)։

— Համախարբերդցիական միութիւնը իր ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պիտի սարքէ եղեր 18 Ապրիլին, պանդոկ Քարլթոնի մէջ։ Տոմսերուն գինը՝ 15 լ.ո.։

— Էսթրատային երգիչ Թոմ Մելքըն (Յարութիւն Մելքոնեան) հայերէն ու օտար երգերով ելոյթ պիտի ունենայ եղեր Սինէ Ռիվիերայի մէջ, 12 Ապրիլին։

— Լեւոն Գաթրճեան հրապարակ հաներ է նոր ձայնապնակ մը։

— Պսակադրութեան միա՛կ ծանուցում մը կայ։ Սարգիս Սահակեան իր կեանքը կապեր է օրդ. Վիոլէթ Չաղլասեանին (Թրիփոլի)։ Ընկ. Հրանդ Գանգրունին ալ 5 լ. ո. նուիրեր է «Արարատ»-ին՝ փոխան շնորհաւորական հեռագրի…։

 

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

                                                                                                  (Հալէպ)

Share63Tweet39
Previous Post

ԿՐԿՆՈՒՈՂ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՑԱՒԸ

Next Post

ՆԵՏԻՄ ԺԸՄԱՅԷԼ Կ’ԱՅՑԵԼԷ Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԵԴՐՈՆ

Next Post
ՆԵՏԻՄ ԺԸՄԱՅԷԼ Կ’ԱՅՑԵԼԷ Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԵԴՐՈՆ

ՆԵՏԻՄ ԺԸՄԱՅԷԼ Կ'ԱՅՑԵԼԷ Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԵԴՐՈՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.