Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հ.Մ.Մ. ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԸ

April 26, 2025
in Գաղութային, Լիբանանեան
0
Հ.Մ.Մ. ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԸ

 

Ընկալեալ աւանդութեան համաձայն, Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտական խորհուրդին առաջնորդութեամբ, 24 Ապրիլի առաւօտեան, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական կազմը քայլերթով բարձրացաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան: Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին եւ սկաուտական վաշտին հետ սոյն երթին մասնակցեցան նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Վարիչ մարմինի անդամներ, Հ.Մ.Մ.-ի ատենապետն ու վարչական անդամներ եւ համակիրներ: Մասնակիցները նախ ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին առջեւ, որմէ ետք արենուշ Արազ Գոճաօղլանեանը ելոյթ ունեցաւ, ուր նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի ընտանիքին կողմէ ցաւակցութիւններ փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին վախճանման տխուր առիթով: Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ գերյարգելի Հայր Նարեկ ծ. վրդ. Մննոյեանը:

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս, յաջորդաբար, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական կազմը խորհրդանշական երթ մը կազմակերպեց Միութեան ակումբէն մինչեւ Անթիլիասի Մայրավանքը: Արդարեւ, Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ քայլարշաւին մասնակցեցան Ս.Դ.Հ.Կ. «Կուժունի» մասնաճիւղի վարչականները, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսաք Նաճարեանն ու շրջանի Հ.Մ.Մ.-ականները:

Թէեւ երկրին մէջ սովորական աշխատանքային օրուայ մթնոլորտը տիրական էր, սակայն Անթիլիասի շրջանով մէկ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին համազարկերուն թնդիւնը պահ մը կ’ազդարարէր հայերու եւ այլ բախտակից ժողովուրդներու հանդէպ անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնները դրժող սուգի եւ յարգանքի պարտադրանքը:

Հ.Մ.Մ.-ական սկաուտ-արենուշներով ամբողջացած քայլարշաւին երկար գօտին Անթիլիասի մայրավանք մուտք գործելէ ետք, մասնակցեցաւ «Ապրիլ 24»-ի նուիրուած եկեղեցական միացեալ արարողութիւններուն:

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ. «ԺԻՐԱՅՐ ՄՈՒՐԱՏ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԽՕՍՔ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Next Post

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԽՕՍՔ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.