Նոր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ շրջափակը, Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2025֊ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ հայոց միլիոնաւոր նահատակներուն։ Ոգեկոչման ներկայ գտնուեցան ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Ալեք Քէօշկէրեանը, ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետն ու անդամները, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տէր Նարեկ աւ. քհնյ. Հէճինեանը, Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ՝ արժ. Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը, «Ժիրայր Մուրատ» մասնաճիւղի ատենապետն ու վարչական անդամները, Ս.Դ.Հ.Կ.ի Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան վարչութեան ատենապետն ու անդամները, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչները եւ շրջանի հայորդիները։
Ձեռնարկը սկսաւ Տէր Նարեկ քահանային աղօթքով, որմէ ետք ներկաները մոմավառութեամբ ու խոնարհումով յարգեցին յիշատակը 110 տարիներ առաջ նահատակուած հայ ազգի անմեղ զոհերուն՝ հայրենասիրական մեղեդիներու ունկնդրութեան ներքոյ:
Յարգանքի երեկոն վերջ գտաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Ալեք Քէօշկէրեանի հակիրճ սրտի խօսքով: