Վերապրած շունչ մը զերթ՝ զգայազուրկ
եղեռնի Բեկոր…
որ ճաքճաքած կարկառեցաւ
արիւնլուայ խաչբակէն…
յարալէզները հին մեռեր էին
շունչ չտուին Խաչերու խուրձին,
որ շնչատ մխաց ու դեռ կ’առկայծի լոյսին Կապոյտով…։
Կեանքին որոնման յոյսերով յեղց
թափառեցաւ ան՝ աշխարհի թափուր դամբարաններուն մէջ…
տեղ չգտաւ եղեռնախոյս թանգարաններու
դարաններուն մէջ…։
Անյայտ Աստուծոյ ստուերներուն հետ միախառնուած
Անյայտութեան մէջ…։
Կսկիծը արեան մնձուրի նման
այրեց աւազին հետքերը քալող,
որոնք ցիրուցան մնացեր էին Քարի պռունկին
ու ընդհատ-ընդհատ դեռ կ’երազէին
Քարին համբարձման Եղելութիւնը…։
Եղանակները տարամերժ էին
Անյայտը փնտռող խաչերուն համար,
որոնք երկինքէն կախուած Կանթեղին
լուսաձիր ակով
հեռուի աստղերու առկայծ մոմերը կը հրահրէին…։
Երկինքը չունէր ոչ մէկ դամբարան
Եղեռնի անթաղ Խաչքարին համար…
վերապրող լոյսին շունչով համակուած
կը շրջէր անմեռ երկիրէ երկիր
աշխարհացունց ցաւ մը ճչալու…
Վէրքեր փորփրելու
Քարեր շրջելու
ու մեռելներու
անշիրիմ երգը
եղերերգելու…։
Արիւն կար վրան
մերժեցին բոլոր արնածարաւները
երկնքի-երկրի աղօթք կար վրան
մերժեցին բոլոր խաչակիրները
հալածանքի խոց, մրմունջ կար վրան
մերժեցին բոլոր անաստուածները
հողի երազանք ու տառապանքներ կային դեռ վրան
մերժեցին բոլոր ցնցոտիները
Պայքարի հոտ կար
վրան Խաչքարի
մերժեցին բոլոր արդարութենէ խուսափողները…։
Խաչքարն եղեռնի
հեռու աշխարհի մխկիչ մեղքերէն
վերապրած շունչով
կը հանգչի, կ’ապրի երկարաշունչ սուրբ կեանքի տրոփով
ամէն հայու ու հայորդիներու
հոգիին Տան մէջ՝ Հնոց տենչերու…։
ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ 13 Դեկտեմբեր 2000