Բարձր նախագահութեամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, կազմակերպութեամբ «Աւետիք-ի, Մասիս-ի եւ Հ.Կ.Մ.-ի Մշակութասէր Բարեկամներ»-ուն, Շաբաթ, 12 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Զմմառու մայրավանքի մատենադարանին «Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Ճուրեան» հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ գերապայծառ, գերյարգելի, գերապատիւ վարդապետներու եւ արժանապատիւ քահանաներու, Գրիգոր ու Մարի Ճապուրեանի եւ մշակութասէր ընտրանիի մը, տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ տուտուկահար եւ քլարինէթահար Համբարձում Ճապուրեանի (1951-2022) յիշատակի ձեռնարկն ու անոր նուիրուած «Մեր ժամանակին մեծ երաժիշտն ու նուիրեալ ազգասէրը՝ Համբարձում Ք. Ճապուրեան» նորատիպին շնորհահանդէսը:
Նախքան ակադեմական ձեռնարկին մեկնարկը տեղի ունեցաւ «Վերափոխումն Տիրամօր» Հայավանքին մատենադարանի մուտքին զետեղուելիք նորաքանդակ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» յուշարձանին օրհնութիւնը Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ:
Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Հաղորդակցութեան եւ լրատուութեան գրասենեակ»-ին աշխատակից Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հանգուցեալ արուեստագէտին արժանիքներուն եւ ազգասէրին բերած մեծ նպաստին հայ երաժշտութեան մարզին մէջ:
Բացման խօսքէն ետք, ողջոյնի իր խօսքն ուղղեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերին Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդն ու Զմմառու Վանքին նորընտիր Մեծաւորը՝ Գերպծ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան, որ իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ վանապատկան մատենադարանին մէջ՝ միջքրիստոնէական եկեղեցիներու համագործակցութեան ջատագով եւ Հայ Եկեղեցիին բարեկարգիչ Ս. Ներսէս Շնորհալիին կենսագրականին ու ներկայացուցած պատմական արժէքին, որուն ի յիշատակ տեղի ունեցաւ անկրկնելի Հայրապետին կիսանդրիին քօղազերծումին եւ օրհնութեան արարողութիւնը՝ անոր վախճանումին 850-ամեայ յոբելեանին ծիրէն ներս:
Մեծապէս գնահատելով շնորհազարդ gաթողիկոսին գործունէութիւնը՝ գերապայծառը կոչ ուղղեց «վերաիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու յատկապէս Սուրբին քաղաքական եւ հասարակական գործունէութիւնը, որ ունեցած է շրջադարձային նշանակութիւն՝ ազգային կարեւոր նպատակներու եւ արժէքներու հաստատումին ու արմատաւորումին գործընթացին, դարձած՝ ուղենիշ ազգային համախմբուածութեան: Ուստի, Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին թողած հարուստ եւ բազմաբովանդակ ժառանգութիւնը խթան թող հանդիսանայ մեզի անոր ուղիով ընթանալու եւ կերտելու մեր ազգին ապագան, միշտ մեր հայեացքը ուղղելով մեր Տիրոջ եւ հայցելով՝ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր եւ նահատակ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը»:
Տուտուկի վրայ Սէրլի Նեմշեհիրեանի ելոյթէն ետք, իր վկայութիւնը փոխանցեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին տնօրէնը՝ Կրեկուար Գալուստ, որ փափաք յայտնեց իր վկայութիւնը նախ կեդրոնացնել Համբարձում Ճապուրեանի մեսրոպեանական ինքնութեան շուրջ։ Պրն. Գալուստ յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ նաեւ Հ. Ճապուրեանի հետ 27 Մայիս 2013-ին Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցած այն հանդիպումին, որ վերածուած էր երաժշտութեան ու ազգային հպարտութեան հրավառ առիթի մը։ «Նախկին մեսրոպեանականը վերադարձած էր մեր քով՝ ոչ որպէս հիւր, այլ՝ որպէս ընտանիքի անդամ մը, որպէս տուն դարձած զաւակ մը։ Իր դասախօսութեամբ ու նուագով ան ոչ միայն ուսուցանեց, այլ նաեւ ներշնչեց աշակերտներն ու ուսուցիչները։ Տուտուկի նուագով ներկայացուց մեր մշակոյթին համն ու հոտը՝ այնպիսի ջերմութեամբ, որ անմիջապէս վարակեց մանուկներն ու երիտասարդները իրենց արմատներու հպարտութեամբ։ Այդ օրը, ներկաները պահ մը մոռցան իրենց առօրեան ու վերապրեցան Հայաստանը՝ երաժշտութեամբ վերագտնուած»։
Անթոնի Օպէյտի կողմէ շարականի մը երգեցողութենէն ետք, նորատիպը ներկայացուց Գերյ. Դոկտ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեան, որ իր ելոյթն եզրափակեց այս հաւաստիացումով. «Գիտաշխատողը կը յանգի այս առարկայական եզրակացութեան: Այո՛, 28 կտորները կը խօսին Համբարձում Ք. Ճապուրեանի կեանքին, գործին, վաստակին, արժանիքին ու արժէքին մասին: Առաւել, սակայն, մէկ հատորին մէջ անոնց մէկտեղումը կը դարձնէ այս յուշամատեանը վաւերագրակա՛ն, անփոխարինելի՛ եւ դիւրամատչելի՛ աղբիւր մը առաջին հերթին՝ Գանատայի, երկրորդ հերթին՝ գանատահայ գաղութին, եւ, երրորդ հերթին՝ Մոնթրէալ ու Թօրօնթօ քաղաքներուն մշակութային ձեռնարկներուն, տոհմային տօներուն, երաժշտական երեկոյթներուն եւ եկեղեցական–ազգային ոգեկոչումներուն մասին գրուելիք պատմութեան համար»:
Գերյարգելիին մատենախօսական ներկայացումէն ետք, Անթոնի Օպէյտ դարձեալ մեկնաբանեց շարականային տաղ մը, որուն յաջորդեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» յուշակոթողին պատուիրատուն եւ նորատիպին մեկենասը՝ Մագ. Գրիգոր Ք. Ճապուրեանի շնորհակալական խօսքը: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իրենց շնորհեց Համբարձում Ք. Ճապուրեանը՝ իր լուսահոգի եղբայրը, հարազատն ու բարեկամը, տաղանդաւոր տուտուկահար-նրբասրնգահարն ու հայրենապաշտ ազգասէրը:
Բարերարին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ յայտագրին յատկանշական բաժինը՝ նորատիպին գինեձօնային կնունքը: Նշենք, որ աշխարհահռչակ տուտուկահար եւ քլարինէթահար Հ. Ճապուրեանի յիշատակին եւ անոր վաստակին նուիրուած յուշամատեանին հրատարակութիւնը ստանձնած էր արուեստագէտին եղբայրը՝ Գրիգոր Ճապուրեան: Արդ, Ամենպտ. Հոգեւոր Տիրոջ, գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանի, cերյ. Դոկտ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեանի, Գրիգոր եւ Մարի Ճապուրեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած նորատիպին գինօծումէն ետք, հանդիսաւոր ձեռնարկին փակումը գատարուեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեան գիրին ընթերցումով, ապա ներկաներ ուղղուեցան եկեղեցին՝ մասնակցելու համար հոգեպարար երեկոյեան ժամերգութեան, որուն յաջորդեց ջերմիկ եւ հարազատ ագապը Հայավանքին սեղանատան մէջ։
Ելքին՝ իւրաքանչիւր ամոլին կամ անձին բաժնուեցան նկարազարդ ու գունաւոր նորատիպէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Ճապուրեանի մեկենասութեամբ՝ Մ. Հայունիին ամիսներ առաջ լոյսընծայած «Ս. Ներսէս Շնորհալի (1102-1173)» հատորը: