Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՀՈՐԻԶՈՆ ԳՐԱԿԱՆ»-Ի 40-ԱՄԵԱԿԸ

April 17, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0
«ՀՈՐԻԶՈՆ ԳՐԱԿԱՆ»-Ի 40-ԱՄԵԱԿԸ

 

 

Այսօր գնահատանքով եւ ուրախութեամբ կ՛ողջունենք Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի յաւելուածն եղող «Հորիզոն Գրական» ամսաթերթին 40-ամեակը։

Պիտի ուզէինք որ մեր ընթերցողները պահ մը կանգ առնեն սա «40» թուանշանին առջեւ ու խորհրդածեն.

— 40  տարի, առանց կաղացումի, կանգուն պահել զուտ գրական թերթ մը՝ արեւմտեան հեռաւո՜ր հայագաղութի մը մէջ։

— 40  տարի, ամէն ամիս, նամակներով, բանաւոր կամ գրաւոր հրաւէրներով եւ խրախուսիչ հետապնդումներով աշխատակիցներ համախմբել թերթի մը շուրջ ու չթողուլ որ ան ընկրկի։

— 40  տարի այդ թերթին էջերը լեցնել արեւմտահայերէն արձակ ու չափածոյ սիրուն ստեղծագործութիւններով ու ապացուցել, թէ վտանգուած այդ լեզուն դեռ կենդանի է…։

— 40  տարի մնալ լայնկեկ բեմ մը, ուր հայ գրողը կրնայ կանգնիլ հպարտ ու ժամադրուիլ զինք յարգող ու սիրող ընթերցասէր հասարակութեան հետ։

— 40  տարի հաւատա՜լ, թէ սփիւռքահայ գրականութիւնը կրնայ վերապրիլ կամ գոյատեւել, եթէ ատոր աճումին համար նպաստաւոր հող ու թաղար տրամադրուի…։

Ահա՛ «Հորիզոն Գրական»-ի քառասնամեակէն ցոլացող խորհուրդը, անդրադարձը։

Ու մտահան չընել այն իրողութիւնը, որ «Հորիզոն Գրական» բովանդակ սփիւռքի զուտ գրական քանի մը պարբերականներէն մին է այսօր։ Ողբացեալ Ժիրայր Դանիէլեանի «Կամար»–ին շիջումէն ետք հրապարակի վրայ ի՞նչ գրական թերթ մնաց։ Մեր գիտցածներն են «Բագին»–ն ու «Հորիզոն Գրական»-ը։ Երրորդ անուն մը կա՞յ։

Հիմա, թուաբանական փոքր հաշիւ մըն ալ։ 40×12= 480։ Ուրեմն, անցնող սա քառասուն տարիներուն հրատարակուած է 480 թիւ «Հորիզոն Գրական»։ Մեզ երախտապարտ ձգող ծափահարելի նուաճում մըն է այս, մեծղի իրագործում մը, որուն ետին կանգնած է, նախ, թերթին երկարամեայ աւագ խմբագիրը՝ վաստակաւոր գրագէտ Վրէժ–Արմէն (Արթինեան), ապա նաեւ՝ երիտասարդ ու նուիրեալ անդամներէ բաղկացեալ խմբագրակազմը։

 

*

Քիչ մը պատմութիւն։

Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթը լոյս կը տեսնէ 1979-էն իվեր, առ այսօր։ Անիկա մէկն է հետզհետէ ստուարացող այդ հայագաղութին երկու շաբաթաթերթերէն (միւսը՝ «Ապագայ»-ն է, որ կը հրատարակուի 1975-էն իվեր)։

Իր հրատարակութեան առաջին իսկ թիւերէն՝ մենք այս թերթին մէջ նշմարած ենք լեզուական բծախնդրութիւն մը ու գրական տաքուկ շունչ մը։ Անշուշտ որ գրագէտ խմբագրին հայագիտական պաշարին ու անձնական արժանիքներուն ցոլացումն էր ատիկա։

Օ՜, որքան բաղձալի պիտի ըլլար մեր բոլո՛ր թերթերուն գլխուն վերեւ տեսնել գրագէտ-խմբագիրի մը բարերար շուքը…։ Յիշե՛լ. ի՞նչ էր գաղտնիքը Պէյրութի երբեմնի «Նայիրի»-ին ժողովրդականութեան, կամ ինչո՞ւ այնքան կոկիկ ու խնամեալ կը հրատարակուէին նոյն քաղաքի «Սփիւռք» շաբաթաթերթն ու Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։ Պատասխանը յստակ է ու մեկին,– այդ թերթերուն ետին կար Ծառուկեանի մը, գրագէտ Սիմոն Սիմոնեանի մը կամ արձակագիր Ռոպեր Հատտէճեանի մը բարոյական պատկառելի հասակը, խստաբիբ աչքը…։

«Հորիզոն»–ի էջերուն մէջ, 1982 Օգոստոսին, կը հաստատուի «Գրական Հորիզոն» վերնագրով բաժին մը, որ երկու տարի ետք կը վերածուի փոքրաչափ անջատ յաւելուածի մը, որուն Ա. թիւը կը կրէր Դեկտեմբեր 1984 թուականը ու ձօնուած էր Դանիէլ Վարուժանի 100-ամեակին։ Ա՛յս թուականն է ահա, որ կ՛ընդունուի իբրեւ «Հորիզոն Գրական»-ի ծննդոցը եւ որուն վրայէն սահեր անցեր է 40 տարի։

1986-ին անունի մասնակի փոփոխութիւն մը կը կատարուի. թերթը կը սկսի կոչուիլ «Գրական Յաւելուած» ու այդպէս կը շարունակուի մինչեւ 2009-ի վերջը։ Այնուհետեւ, ան կը վերստանայ «Հորիզոն Գրական» անունը, որ կը պահէ առ այսօր։ Ան կը բաղկանայ 16 էջէ։ Աւագ խմբագիրը կը շարունակէ մնալ Վրէժ Արմէն, գործադիր խմբագիրը՝ Վիգէն Աբրահամեան (2010-էն իվեր)։  Կայ օժանդակ խմբագրական կազմ մըն ալ։

*

Թերթին ամենավերջին՝ Մարտ 2025-ի թիւին մէջ գրութիւններ ունին Հրանդ Մարգարեան, բժ. Օհան Թապաքեան, Պետրոս Աբաջեան (Երեւան), Ալիսա Բաղդասարեան (Արցախ), Սեւան Տէյիրմէճեան (Պոլիս-Երուսաղէմ), Նազան Ա., տոքթ. Արմենակ Եղիայեան (Պէյրութ) եւ Վ.-Ա. (խմբագիրը)։

Կ՛ըսուի, թէ «Հորիզոն Գրական»-ը իր կեանքին սա չորս տասնամեակներուն իր էջերուն մէջ հիւրընկալեր է շուրջ 300 անուն յօդուածագիր, մեծամասնութիւնը՝ Սփիւռքէն…։ Մեծ թիւ է այս։ Եւ սակայն կ՛ըսուի միաժամանակ, թէ այդ անուններէն շատ-շատեր չյարատեւեցին, 2-3 անգամ երեւելէ ետք հոն՝ չքացա՜ն հրապարակէն, գրիչը վար դրին…։

Բայց թերթին գործը, առաքելութիւնը կը շարունակուի։ Նոր անուններ կը միանան երամին։ Խմբագիր Վրէժ-Արմէն կը հաւատայ, որ   «գրականութիւնն է, որ լեզուն պիտի պահէ, եւ լեզուն է, որ ազգը պիտի պահէ»։ Միւս խմբագիրին՝ Վիգէն Աբրահամեանին ալ ցաւը այն է, որ արձակագիրներու թիւը քիչ է։ «Արձակ չունինք,— կ՛ըսէ ան։ Արձակի կողմէ շատ տկար ենք։ Հայ արձակը չի յառաջանար, տեղքայլի մէջ է»։ Պատճա՞ռը…։ «Նոր սերունդին բառապաշարը դժբախտաբար շատ խեղճ է»…։

Այս բոլորով հանդերձ՝ խմբագիրները կը հաստատեն, թէ «Հորիզոն Գրական»–ի իւրաքանչիւր թիւին լոյս ընծայումը իրենց համար իսկական տօնախմբութիւն մըն է…։

Բարի՛ երթ՝ դէպի յիսնամեայ յոբելեան։

 

Լ. Շ.

 

Share64Tweet40
Previous Post

Հայ պատմագրութեան/պատմագիտութեան բնագաւառներու, իւրայատկութիւններու, առաքելութեան, յառաջադրանքներու, բացթողումներու, մարտահրաւէրներու, միջազգային պատմագիտութեան քարտէսին վրայ տեղի հարցեր (Գ.)

Next Post

Լիբանանի Պատերազմի 50-ամեակ.    ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ, ՈՐ ԿԵԱՆՔ ՇԻՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Next Post
Լիբանանի Պատերազմի 50-ամեակ.      ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ, ՈՐ ԿԵԱՆՔ ՇԻՆԵՑ        ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Լիբանանի Պատերազմի 50-ամեակ.    ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ, ՈՐ ԿԵԱՆՔ ՇԻՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.