Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՉԻՆ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՃՈՂ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

April 10, 2025
in Միջազգային
0
ՉԻՆ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՃՈՂ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

 

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփի ձեռնարկած ու գործադրած մաքսավճարներու յաւելումի քաղաքականութիւնը սկսած է սրել Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները շարք մը պետութիւններու դէմ՝ ներառեալ Չինաստանը: Ամերիկեան իշխանութիւններուն սահմանած մաքսավճարը 10 Ապրիլէն սկսեալ բարձրացած է 104 առ հարիւրի:

Չինաստանի ելեւմուտքի նախարարը իր կարգին յայտնեց, թէ 84 առ հարիւրի մաքսավճար պիտի սահմանուի ամերիկեան արտադրութիւններուն նկատմամբ, առ ի հակադարձութիւն չինական արտադրանքին նկատմամբ Ուաշինկթընի սահմանած մաքսավճարներուն: Ըստ Փեքինի կառավարութեան, մաքսավճարները 20 Ապրիլէն սկսեալ պիտի ըլլան 84 առ հարիւրի՝ նախապէս գործող 34-ին փոխարէն: Ամերիկեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն պատերազմ չ’ուզեր, սակայն պիտի շարժի՝ կանխելու չինական վտանգը, իսկ Չինաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան համաձայն, Փեքին մինչեւ վերջ պիտի պայքարի, եթէ ամերիկացիները որոշեն առեւտրական պատերազմ շղթայազերծել Չինաստանի դէմ: Իսկ Չինաստանի Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը քաղաքացիներէն պահանջեց վտանգներու լոյսին տակ զերծ մնալ Միացեալ Նահանգներ այցելութենէն: Գանատայի ելեւմուտքի նախարարը իր կարգին յայտնեց, թէ 25 առ հարիւրի մաքսատուրք սահմանած են ամերիկեան որոշ ինքնաշարժներու նկատմամբ՝ առ ի հակադարձութիւն Օթաուայի նմանօրինակ քայլին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իր երկիրը այժմ պիտի սաւառնի աւելի բարձր, քան երբեք, շնորհիւ իր որդեգրած ելեւմտական ու առեւտրական նոր քայլերուն: Իր խօսքը ուղղելով արտերկրի մէջ գործող մեծ ընկերութիւններու սեփականատէրերուն, Թրամփ առաջարկեց աշխատանքները փոխադրել Միացեալ Նահանգներ՝ ձերբազատուելու համար մաքսավճարներէն եւ տուրքերէն:

60 երկրի նկատմամբ ամերիկեան մաքսային ու ելեւմտական վերջին որոշումներուն լոյսին տակ, Փարիզի սակարանը երէկ բացում կատարեց 2,78 առ հարիւրի նահանջով, Ֆրանքֆուրթի մէջ եւս գրանցուեցաւ նահանջ՝ 2,2 առ հարիւրի չափով, իսկ Լոնտոնի մէջ՝ 2,47 առ հարիւրի:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՍԱՄԻՐ ԺԱԱԺԱՅԻՆ

Next Post

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Next Post
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.