Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՍԱՄԻՐ ԺԱԱԺԱՅԻՆ

April 10, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՍԱՄԻՐ ԺԱԱԺԱՅԻՆ

 

 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, այցելեց Մաարապ, ուր տեսակցեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժայի հետ: Ժողովականները քննարկեցին Լիբանանին ու տարածաշրջանին վերաբերող նիւթերը՝ ներառեալ քաղաքական ու ապահովական զարգացումները: Յատուկ անդրադարձ եղաւ նաեւ Մայիսին կայանալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն:

Տեսակցութեան աւարտին, ընկ. Տագէսեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ Ժաաժայի հետ խորհրդակցութեամբ վերահաստատած են Հնչակեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ մանաւանդ Լիբանանի վերիվայրումներով լեցուն այս օրերուն: «Արծարծեցինք Լիբանանի քաղաքական վիճակը, ընդգծելով գերիշխան եւ ուժեղ պետութիւն ունենալու կարեւորութիւնը: Կը հաւատանք, որ գերիշխանութեան ձգտող քաղաքական ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը միակ միջոցն է վերականգնելու լիբանանցիներուն յոյսը եւ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները», ըսաւ ընկ. Վանիկ Տագէսեան: Զրուցակիցները որոշեցին յառաջիկային շարունակել երկկողմանի հանդիպումները:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԸ ԱՊԱՀՈՎ Է

Next Post

ՉԻՆ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՃՈՂ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՉԻՆ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՃՈՂ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

ՉԻՆ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՃՈՂ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.