Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԾԱՐԺԷՔ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ, ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

April 8, 2025
in Գաղութային
0
ՄԵԾԱՐԺԷՔ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ, ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

 

Լիբանանի Թէքէեան մշակութային միութեան Տեղական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 4 Ապրիլի երեկոյան, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ հաճոյքը ունեցանք վայելելու բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի մահուան 80-ամեակին նուիրուած երեկոն: Անմիջապէս յայտնենք, որ ձեռնարկը իր կազմակերպչական, գեղարուեստական եւ նամանաւանդ բանախօսական մակարդակներով ներկաներուն փոխանցեց բարձրորակ գրական մշակութային բերկրանքի յոյզեր:

Ողջոյնի խօսքը կատարեց օրդ. Քարեն Բարսեղեանը: Խոստումնալից օրդ. Վարդի Սալխանեան ասմունքեց բանաստեղծին քերթուածներէն։ Տիար Աւետիս Տիպան կարդաց Թէքէեանի խմբագրած յօդուածներէն: Ապա, ան հրաւիրեց օրուան բանախօս՝ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր, բանաստեղծ, արձակագիր եւ հրապարակագիր տիար Համբիկ Մարտիրոսեանը: Յարգելի բանախօսը հանգամանօրէն դասախօսեց մեծանուն Վահան Թէքէեանի կեանքին ու գրական գործունէութեան մասին, շուրջ կէս ժամ դէպի ամբիոնը կեդրոնացած պահելով ունկընդիրը: Պարոն Մարտիրոսեանը Վահան Թէքէեան բանաստեղծը հմտօրէն ներկայացնելէ աւելին կատարեց՝ ներկաներուն հրամցնելով գիտական աշխատասիրութիւն մը՝ զայն գեղեցկաբար մերթ ընդ մերթ Թէքէեանի քերթուածներէն մասունքներով համեմելով, իսկ «Մէկ Հատիկս» գոհարը յուզախառն վարպետութեամբ՝ եզրափակիչ խօսքի որպէս ամփոփում:

Աւարտին, տիկ. Միրէյ Քիւթիւկճեան քնքշօրէն մեներգեց «Եկեղեցին Հայկական»ը, երգեհոնահար տիկ. Մարալ Թալաթինեանի ընկերակցութեամբ: Երաժշտական ձայնաւորման ինչպէս նաեւ յայտագրի գործադրութեան ղեկավարն էր վաստակաշատ երաժիշտ, սաքսոֆոնահար տիար Վիգէն Չալեանը։

Վահան Թէքէեանի մահուան 80-ամեակին նուիրուած սոյն գնահատելի ձեռնարկով թէքէեանցիները անգամ մը եւս պատուեցին մեծարժէք բանաստեղծը, անոր յիշատակին շնորհելով համապատասխան արժեւորում:

Share64Tweet40
Previous Post

  ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ՎԻՃԱԿԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Next Post

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՃԱՄԲՈՎ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԼՈՅՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ (ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ)

Next Post
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՃԱՄԲՈՎ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԼՈՅՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ (ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ)

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՃԱՄԲՈՎ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԼՈՅՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ (ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.