Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքտոն շեշտեց տարածաշրջանային կայունութեան կարեւորութիւնը եւ ամրապնդումը: Իր եգիպտացի պաշտօնակից Ապտ էլ Ֆաթթահ Սիսիի հետ տեսակցութենէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Մաքրոն յանձնառութիւն յայտնեց Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան, կոչ ուղղելով յարգելու զինադադարի պայմանաւորուածութիւնը: Խօսելով Կազայի մասին, Ֆրանսայի նախագահը դատապարտեց իսրայէլեան շարունակական յարձակումները եւ մերժեց պաղեստինեան հողերը բռնակցելու իսրայէլեան փորձերը, կոչ ուղղելով յարգելու զինադադարը եւ ազատ արձակելու մնացեալ գերիները: Այն ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ զարգացումներուն, Մաքրոն զօրակցեցաւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցումին, շեշտելով ժողովրդային բոլոր խմբաւորումները երկրի քաղաքական հոլովոյթին մէջ ներառելու անհրաժեշտութիւնը: Սիսի իր կարգին յայտնեց, թէ եգիպտական-ֆրանսական-յորդանանեան եռակողմանի գագաթաժողովը արծարծած է տարածաշրջանի զարգացումները: