Տարուան ամէնէն սպասուած ու հոգեպարար տօնական օրերէն մէկն է Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Ուխտի օրը, որ յիշատակն է Լուսաւորչին մերոյ՝ Սրբոյն Գրիգորի սոսկալի չարչարանքներուն եւ ի վիրապ մուտքին: Պատմութիւնը բոլորիս ծանօթ է, թէ ինչպէս քարտուղարութեան պաշտօնին կոչուած Անակի որդին՝ Գրիգորը, կը դառնայ ամբողջ ազգի մը Լուսաւորիչը: Ան Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչը չէ անշուշտ. պատմութեան համաձայն, Քրիստոսի ժամանակակից՝ Եդեսիոյ Աբգար թագաւորի խնդրանքով, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան աշխարհ առաքելութեան կը հասնին մեր առաջին Լուսաւորիչները՝ Սուրբ Թադէոս եւ ապա Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալները, որոնք Հայաստան աշխարհի առաջին քարոզիչները հանդիսացան: Անոնց քարոզչութեանց շնորհիւ Հայաստանի մէջ կը հաստատուին հայ եկեղեցւոյ առաջին գաղտնի Աթոռները։ Առաքեալներուն Հայաստանի մէջ քարոզչութեանց եւ առաջին երկու Աթոռներուն հաստատման պատճառով՝ մեր եկեղեցին ստացած է Առաքելական կոչումը:
Դժբախտաբար, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի մասունքներուն մասին խօսող մեր պատմութեան էջերը բաւականին ժլատ են. բայցեւայնպէս, մեզի հասած գրաւոր ու բանաւոր աւանդութիւններ չեն պակսիր: Այստեղ կ՚արժէ յիշել, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2025 տարին հռչակած է աւանդութեանց վերակենսաւորման տարի։ Ի՜նչ խորիմաստ հռչակում…։ Մեր անցեալի պատմութեան ու սովորութիւններուն մեծ մասը մեզի հասած են մեր աւանդութեանց շնորհիւ եւ, վստահաբար, այդպէս ալ պիտի շարունակուի: Նոյնպէս Լուսաւորիչ հայրապետին մասունքին պատմութիւնը կը վերաբերի աւանդութեան:
Աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աճիւնները 450 թուականէն առաջ արդէն իսկ դուրս բերուած էին դամբարանէն: Վարդանանց պատմութեան մէջ կը հանդիպինք, թէ երբ կեղծուրաց նախարարները Տիզբոնէն Հայաստան վերադարձան, Ղազար Փարպեցիի համաձայն, դիմաւորուեցան եկեղեցական դասուն կողմէ, որոնք իրենց հետ բերած էին «զնշան կենսատու խաչին եւ զնշխարս սրբոյ առաքելանման նահատակին Գրիգորի» (Ղ. Փրպց. Էջ 55): Ի՜նչ օրհնութիւն, որ Վարդանանց պատերազմէն 1500 տարիներ ետք, հայ եկեղեցին տակաւին կը շարունակէ հանդիսաւորապէս ու բծախնդրօրէն, եկեղեցական դասուն գլխաւորութեամբ, թափօր կազմել ու օրհնել նո՛յն ժողովուրդը՝ կենսատու Սուրբ Խաչին նշանով, սուրբերու մասունքներով եւ Լուսաւորչի Սուրբ Աջով:
Առաքելական հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալներ մեծ ուրախութեամբ կը սպասեն ու մեծ շուքով կը նշեն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին տօնը, որ միաժամանակ Ուխտի օրն է Անթիլիասի: Հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն է ունենալ մեր հաւատքի հօր՝ Սուրբ Լուսաւորիչ հայրապետին Աջը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութեան ու հսկողութեան տակ: Օրհնութիւն է զայն մեր մէջ ապրեցնելը. միեւնոյն ժամանակ Աջը յիշեցում մըն է բոլորիս ուղղուած, անցեալի յիշեցում մը, որ իր հետ կը բերէ հազարաւոր տարիներու օրհնութիւնն ու սրբութիւնը։
Այսօր Լուսաւորչի Աջը հիմնական երկու յիշեցումներ ունի.-
Ա) ամուր պահել եւ կառչած մնալ մեր ինքնութեան՝ հաւատքին ու հայրենիքին: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ չարչարուեցաւ ճշմարիտ հաւատքը պահելու ու տարածելու համար: Անոր դիմադրողականութեան եւ ունեցած մեծ յոյսին շնորհիւ, հայութիւնը առաջին ազգը դարձաւ, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը պետականօրէն: Քրիստոս ըսաւ. «Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք, պիտի կարենաք ըսել այս լերան. «հոսկէ հոն տեղափոխուէ», եւ պիտի տեղափոխուի» (Մտ 17.20): Քրիստոսի խօսքին համաձայն, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր ունեցած հաւատքով յաջողեցաւ «լեռ» մը տեղափոխել, այլ խօսքով՝ ազգ մը հեթանոսութենէ քրիստոնէութեան դարձնել: Մեր ինքնութեան անբաժան մասնիկն է նաեւ մեր հայրենիքը։ Ունեցանք քրիստոնեայ Հայաստան մը, երբ տակաւին մարդկութիւնը կը վարանէր իր քրիստոնէութիւնը յայտարարելու: Հայաստանը դարձաւ աշխարհի վրայ փայլող լոյս մը, որուն խաւարը չկրցաւ հասկնալ (Յհ 1.5): Այս բոլորէն ետք, այսօր մեզմէ կը սպասուի պահել մեր ունեցած հաւատքը եւ աշխատիլ զայն զարգացնելու մեր հոգիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ աշխատիլ Հայաստանը աւելի լուսաւորելու, որովհետեւ կարիքը ունինք նոր լուսաւորիչներու, որոնք պիտի լուսաւորեն հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ապագան:
Բ) Ուխտի օրը մեզի յիշեցում ու մարտահրաւէր մըն է մեր մէջ առողջ պահելու եւ ապրեցնելու մեր ժողովուրդի աւանդութիւններն ու սովորութիւնները: Աւանդութիւնները յառաջ կու գան ժողովուրդի ծոցէն։ Հաւատացած ենք սրբութիւններու ու արժէքներու եւ մեր ազգային ու եկեղեցական արժէքները պատմութեան ամէնէն թշուառ պայմաններուն մէջ փորձած ենք պահել, պահպանել եւ աւանդել նոր սերունդներուն: Ուստի, այսօր մեզմէ կը սպասուի մեր ունեցած սրբութիւնները լաւապէս պահել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:
Ամէն տարի, մեծ պահքի վեցերորդ Կիրակին՝ Գալստեան Կիրակին, յատկացուած է Անթիլիասի Ուխտի օրուան: Ծաղկազարդի ու Աւագ Շաբթուան օրերը կանխող այս տօնը մեծ է իր խորհրուրդով ու իմաստով. իւրայատուկ է իր պատգամով ու արժէքով: Մեզի կը մնայ լաւապէս արժեւորել եւ գիտակցօրէն մօտենալ այդ խորհուրդին, որպէսզի Լուսաւորիչ հայրապետի Սուրբ Աջէն մեր ստացած օրհնութիւնները մեր մէջ դառնան նոր լոյսի ճառագայթներ՝ պատրաստելու համար ապագային գացող նոր սերունդի նոր լուսաւորիչները: