Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  «ՄԵՐ ԱՉՔԵՐԸ ՄԻՇՏ ԴԷՊԻ ՎԵՐ՝ ԴԷՊԻ ԼՈՅՍԸ ՄԵՐ ՈՒԽՏԻ» ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

April 5, 2025
in Յօդուածներ
0
   «ՄԵՐ ԱՉՔԵՐԸ ՄԻՇՏ ԴԷՊԻ ՎԵՐ՝ ԴԷՊԻ ԼՈՅՍԸ ՄԵՐ ՈՒԽՏԻ»     ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

 

 

Այս օրերուն, համայն հայութիւնը եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակները, հոգեւոր անհուն ցնծութեամբ ու խոր ապրումներով  կը պատրաստուին մեծ շուքով նշելու հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչ՝ Սուրբ Գրիգոր հայրապետի սոսկալի չարչարանքներուն եւ մուտն ի վիրապ տօնը։

 

Արդարեւ, այս տօնը իւրայատուկ տեղ ու նշանակութիւն ունի հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ 16 Մարտ 1931-ին, երանաշնորհ ու երջանկայիշատակ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան վշտակիր կաթողիկոսին հայրապետական սրբատառ Կոնդակով հռչակուած է իբրեւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ուխտի Օր: Ամէն տարի մեր ժողովուրդի զաւակները հոծ բազմութեամբ կը փութան Անթիլիասի Մայրավանք (Կաթողիկոսարան), որպէսզի ստանան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին օրհնութիւնը, վերանորոգեն իրենց ուխտը եւ հաղորդուին օրուան խորհուրդով:

 

Այս օրերուն, երբ ազգովին կ՚ապրինք տագնապալի, ճակատագրական ու մարտահրաւէրներով լեցուն իրադարձութիւններ, կ՚անդրադառնանք, թէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան համար որքա՜ն հրամայական է Ուխտի օրուան նշումը, որքա՜ն անհրաժեշտ է Սուրբ Լուսաւորիչին օրհնութիւնը, որքա՜ն կենսական է անոր բարեխօսութիւնը, որքա՜ն անմիջական է անոր չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մուտքին պատգամը: Երբ կը մտածեմ այս մասին, ականջներուս մէջ ակամայ կը հնչեն ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի Մեր Ուխտը բանաստեղծութեան տողերը, որոնց միջոցաւ բանաստեղծը հայ ազգի զաւակները կը ներկայացնէ իբրեւ ուխտաւորներ, որոնք միշտ Աստուծոյ նայելով՝ կը ճանապարհորդեն դէպի լոյս.-

 

«Մենք ուխտ ունենք՝ միշտ դէպի լոյս,

Ու գընում ենք մեր ճամբով,

Մըրրիկներով պատած անյոյս,

Սեւ խաւարով, մութ ամպով:

Մենք անցել ենք արեան ծովեր,

Սուր ենք տեսել ու կըրակ,

Մեր ճակատը դէմ ենք արելՄըրրիկներին հակառակ:

Ու թէպէտեւ պատառ-պատառ

Մեր դըրօշը սըրբազան,

Ու մենք չունենք տեղ ու դադար՝

Երկրից երկիր ցիրուցան:

Բայց գընում ենք մենք անվեհեր

Զարկերի տակ չար բախտի,

Մեր աչքերը միշտ դէպի վեր՝

Դէպի լոյսը մեր ուխտի»:

 

Այո՛, մենք մեր աչքերը Աստուծոյ սեւեռած «ուխտ ունենք՝ միշտ դէպի լոյս»: Ուխտ ունինք դէպի Անթիլիա՛ս, դէպի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի: Ուխտ ունինք դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կտակը, դէպի քրիստոնէական կրօնը: Ուխտ ունինք դէպի մեր արմատնե՛րը, ակո՛ւնքը, ինքնութի՛ւնը: Ուխտ ունինք դէպի պատմակա՛ն Հայաստան, Արցա՛խ, սրբազա՛ն հայրենիք:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2025 տարին հռչակեց Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի: Որքա՜ն կը պատշաճի այս հռչակումը Անթիլիաի Ուխի Օրուան հետ: Կարծէք հայոց Հայրապետը անոր միջոցաւ մեզ կը հրաւիրէ մեր աւանդութիւնները պահելով ու վերակենսաւորելով՝ անխաբանօրէն ու հաստատ քայելով շարունակել մեր ուխտագնացութիւնը «դէպի աղբիւրը լոյսին»:

 

Հետեւաբար, սիրելի հաւատացեալ-ընթերցող, եկո՛ւր, դուն եւ ես շարունակենք մեր կեանքի ուխտագնացութիւնը եւ մեր սրտի, մտքի ու հոգիի խորերէն դիմենք Լուսաւորիչ հայրապետին՝ աղօթելով.-

«Սուրբ Աջիդ հովանիին տակ օրհնէ՛ մեր ազգը ամբողջ, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի:

Սրբէ՛ մեր մեղքերը։

Մաքրէ՛ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական ախտերը:

Առողջութիւն շնորհէ՛ հիւանդներուն:

Լուսաւորէ՛ մեր կեանքի խաւար ճամբաները:

Օգնակա՛ն եղիր մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Երկնային բարիքներով ծաղկազարդէ՛ մեր ազգին կեանքը:

Պայծառ պահէ՛ հայ եկեղեցին իր Քրիստատուր առաքելութեան մէջ:

Հզօր պահէ՛ Հայաստանը երեւելի ու աներեւոյթ չարերու եւ չարիքներու դիմաց:

Ամէն»

Share62Tweet39
Previous Post

ՀՄՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ԱՉԱԼՐՋՈՒԹԵԱՆ

Next Post

  ԱՒԱՆԴՈՒԱԾ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ   ԱԶԱՏ ԱԲՂ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ

Next Post
   ԱՒԱՆԴՈՒԱԾ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ     ԱԶԱՏ ԱԲՂ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ

  ԱՒԱՆԴՈՒԱԾ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ   ԱԶԱՏ ԱԲՂ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.