Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԴՀԿ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԽԱԼԻԼ ՊԱՏԱՈՒԻԻ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԸ

April 5, 2025
in Այլազան, Գլխաւոր Լուրեր
0

 

 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը խստիւ կը դատապարտէ Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլի գիշերուայ ժամը 10:05-ին Խալիլ Պատաուի թաղամասին մէջ գտնուող ՀՄՄ Պէյրութի ակումբին ուղղութեամբ հրաձգութիւնը, որ կատարեցին մոթորսիքլէթով թաղ մուտք գործած դիմակաւոր երկու անծանօթներ: Յաւելեալ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այն, որ նկատի առնելով այդ պահուն ակումբին խճողուածութիւնը եւ մանաւանդ մուտքի դարպասին մօտ քանի մը պատանիներու ներկայութիւնը, կրակոցը կրնար առաջնորդել աւելի լուրջ, նոյնիսկ անդառնալի հետեւանքներու:

Այսպիսի միջադէպեր մտահոգիչ են ոչ միայն համապատասխան թաղամասի բնակչութեան, այլ բոլոր լիբանանցիներուն, որոնց փափաքն է հնարաւորութիւն ունենալ ապրելու ապահով, խաղաղ եւ բարգաւաճ կեանք մը: Կը գնահատենք ՍԴՀԿ «Աղասի» մասնաճիւղի մեր ընկերներուն եւ ընդհանրապէս թաղեցիներուն պատասխանատու կեցուածքն ու աչալրջութիւնը, նաեւ կ’ողջունենք ապահովական առնչակից մարմիններուն անյապաղ ժամանումն ու կատարած հետաքննութիւնները, մաղթելով որ շուտով կարելի ըլլայ բացայայտել յանցագործներուն ինքնութիւնը եւ զանոնք ենթարկել արժանի պատիժի: Պատրաստակամութիւն կը յայտնենք հնարաւոր բոլոր միջոցներով աջակցելու ապահովական եւ դատական կառոյցներուն՝ կանխելու համար Լիբանանի ամբողջ տարածքին նման միջադէպերու կրկնութիւնը:   Հաւաքական ջանքերով պիտի երաշխաւորուի, որ երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այս թաղամասին եւ ակումբին թիրախաւորումը ըլլայ եզակի պարագայ մը եւ վստահաբար վերջինը: Խալիլ Պատաուին խաղաղ է ու այդպէս պիտի մնայ:

Share65Tweet41
Previous Post

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՑՆՑՈՒՄ ԹՐԱՄՓԻ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԷՆ ԵՏՔ

Next Post

ՀՄՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ԱՉԱԼՐՋՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ՀՄՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ԿՈՉ Կ'ՈՒՂՂԷ ԱՉԱԼՐՋՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.