Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը խաղաղութեան գործընթացի փուլերէն մէկը պիտի ըլլայ:
Խորհրդարանական ճեպազրոյցինամանակ այս մասին ընդգծեց իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեան:
«Խաղաղութեան համաձայնագիրը խաղաղութեան գործընթացի մասերից մէկն է, առաջնային, անհրաժեշտ մասերից մէկն է: Արդէն փաստ է, որ խաղաղութեան համաձայնագրի բնագիրը համաձայնեցուած է, երկու կողմերն էլ ընդունում են: Եւ միայն այս փաստն արդէն իսկ մեզ համար դիւանագիտական ձեռքբերում է:
«Ատրպէյճանի մօտեցումները, ի հարկէ, կառուցողական չեն այս փուլում: Բայց դրանք չեն նսեմացնում մեր ջանքերը, մեր ձեռքբերումները խաղաղութեան համաձայնագրի բանակցութիւններում»,- ըսաւ ան:
Պատգամաւորը ընդգծեց, որ համաձայնագրի բնագիրը համաձայնեցնելը հեշտ չէ եղած: Բանակցութիւնները տեւած են 3 տարի:
«Այդ բնագրում ամէն ստորակէտի շուրջ շատ տեւական քննարկումներ են եղել Հայաստանի համապատասխան մարմիններում: Եւ բոլոր հնարաւոր կողմերից մենք բոլոր տողերը եւ բառերը վերլուծել ենք՝ համեմատելով նաեւ աշխարհաքաղաքական զարգացումների հետ: Եւ այսօր հասել ենք այդ արդիւնքին: Մնացածը դուք տեսնում են, տեսնում էք, թէ Ատրպէյճանն ինչպէս է արձագանգում: Բայց դուք նաեւ պէտք է նկատէք, թէ միւսներն ինչպէս են արձագանգում Ատրպէյճանի արձագանգին: Սա եւս կարեւոր է»,- ըսաւ ան:
Եղոյեան յաւելեց՝ նորութիւն չէ, որ Ատրպէյճանը կարող է ապակառուցողական արձագանգել, բայց թէ ինչպէս աշխարհը այդ պիտի ընկալէ, ինչպէս միջազգային դերակատարները պիտի վերաբերին այս բանակցութիւններուն, ինչպէս պիտի դիրքաւորուին, անկէ նաեւ կախուած է՝ բանակցութիւնները, խաղաղութեան գործընթացը կը յաջողի՞ն, թէ՞ չեն յաջողիր: «Եթէ այդ դիտանկիւնից նայենք, այս պահին մենք ճիշդ ճանապարհի վրայ ենք»,- ըսաւ պատգամաւորը՝ կրկնելով, որ փաստաթուղթը ստորագրելը խաղաղութեան գործընթացի փուլերէն մէկն է: