Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏ

March 31, 2025
in Այլազան, Գաղութային
0
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏ

 

 

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն՝ ՌԱԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 27 Մարտ 2025-ին, ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Նոր Հաճըն։

Oրակարգի առաջին նիւթը կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումի ձեռնարկներուն։ Ժողովը հաստատեց ոգեկոչումի կեդրոնական մարմինին կազմը, որուն զուգահեռ պիտի գործէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումի երիտասարդական մարմին մը։ Թէ՛ կեդրոնական, թէ՛ երիտասարդական մարմինները կը գումարեն ծրագրային ու կազմակերպչական նիստեր, որոնց մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւններով տեղեակ պիտի պահուի լիբանանահայութիւնը։

Խորհրդակցութեան նիւթ էր նաեւ լիբանանեան ընդհանուր վիճակը՝ ներառեալ վերջին իրադարձութիւնները, պետական նշանակումները եւ Մայիսին կայանալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները։

Նիստին աւարտին, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները ողջունեցին Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւը, որ կը դատապարտէ ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները եւ կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել հայ գերիները, ակնկալելով որ այդ բանաձեւը գործնական փուլ մտնէ ու Եւրոպական միութեան երկիրները ճնշում բանեցնեն Պաքուի իշխանութիւններուն վրայ՝ բանաձեւը գործադրել տալու համար։

Share64Tweet40
Previous Post

ՔԱՐԻՄ ՍՈՒԷՅՏ՝ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ

Next Post

STARLINK-Ը ԱՐԴԷՆ ՀԱՍԱՆԵԼԻ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
STARLINK-Ը ԱՐԴԷՆ ՀԱՍԱՆԵԼԻ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

STARLINK-Ը ԱՐԴԷՆ ՀԱՍԱՆԵԼԻ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.